Ուաշինկթըն Կը Քննադատէ Պաքուն

ադրբեջանՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը անսովոր խստութեամբ քննադատած է ամերիկեան դիտորդական առաքելութեան մը Ատրպէյճան մուտքը արգիլելու շուրջ Պաքուի իշխանութեանց անակնկալ որոշումը:

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռը կը տեղեկացնէ, թէ ամերիկեան առաքելութեան անդամները կը փափաքէին Ատրպէյճան մուտք գործել՝ հետեւելու համար Հոկտեմբեր 9ին կայանալիք նախագահական ընտրութեանց նախապատրաստական աշխատանքներուն, սակայն Ատրպէյճանի իշխանութիւնները արգիլած են Ատրպէյճան անոնց մուտքը:

Այս մասին Հայաստանի «Հ1» կայանի լրագրող Հայկարամ Նահապետեանի մէկ հարցումին պատասխանելով՝ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը ցաւ յայտնած է Պաքուի նշեալ որոշումին համար եւ նշած, թէ այս քայլը հարցականներ կը ստեղծէ Ատրպէյճանի մէջ ընտրութեանց սեմին գոյութիւն ունեցող իրավիճակին շուրջ:

«Կոչ կ՛ընենք Ատրպէյճանի իշխանութեանց, որ երաշխաւորեն ազատ եւ արդար ընտրութեանց կայացումը, որպէսզի ժողովուրդը կարելիութիւնն ունենայ իր կամքը ազատօրէն արտայայտելու: Կոչ կ՛ընենք Ատրպէյճանի իշխանութեանց, որ յարգեն հաւաքուելու, հաղորդակցելու եւ արտայայտուելու տարրական ազատութիւնները, ինչպէս նաեւ օրէնքները՝ ընտրութիւններուն ընթացքին, անոնցմէ առաջ եւ ետք: Վերջապէս, կոչ կ՛ընենք, որ իշխանութիւնները դիւրացնեն տեղական եւ միջազգային դէտերուն կարեւոր աշխատանքը», նշուած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան պատասխանին մէջ:

asbarez.com

11/09/2013

Տպել Տպել