Ակնարկ. Զարգանալ (Չ)Զիջելով

maqsՄաքսային միութեան Հայաստանի անդամակցութիւնը, կը թուի, թէ պիտի շարունակէ խլել քաղաքական, հասարակական եւ լրագրողական շրջանակներու լուսարձակները։ Աւելի ծանր կը կշռեն, գէթ քանակի առումով, քննադատական մօտեցումները, որոնք կը կեդրոնանան որոշումի պարտադիր բնոյթին, մեր երկրի կախեալութեան, Եւրոմիութեան կողմէ Հայաստանի առջեւ դռներ փակելու, եւ երկիրը դէպի անորոշ հեռանկար առաջնորդուած ըլլալու տեսակէտներուն վրայ։ Քննադատութիւնները անշուշտ ունին իրենց տրամաբանութիւնն ու նկատառելի հիմնաւորումները։ Անոնք երբեմն չափազանցուած, երբեմն համեմատաբար զուսպ ու առարկայական, անպայման հաշուի պէտք է առնուին եւ մտածել տան առնուած քայլին հակառակ ուղղութեամբ որոշ հակակշիռ միջոցառումներ որդեգրելու հնարաւորութիւններուն մասին։

Մաքսային միութեան անդամակցութեան որոշումը, իր հերթին, ունի իր արդարացուած հիմնաւորումը։ Ի վերջոյ միակողմանի, դէպի Եւրոմիութիւն սրընթաց ընթանալու փաստը կրնար րիսքային հիմնական բաժին պարփակած ըլլալ։ Իսկ փոխլրացումը կ՛ենթադրէ ինչպէս ռուսական, այնպէս նաեւ եւորպական, կամ ընդհանրապէս արեւմտեան ուղղութիւններու վրայ շարունակել համագործակցութեան ձեւաչափերու ապահովման եւ գործնականացման քաղաքականութեան կիրարկումը։ Խնդիրը այս հանգրուանին պէտք է դիտարկել ոչ աղէտալի ոչ ալ բացարձակապէս դրականի սեւ-սպիտակի բանավիճային մօտեցումով։ Դէպի մաքսային միութիւն առնուած քայլը, գուցէ անխուսափելի, այսուհանդերձ լուրջ իրավիճակ ստեղծած է դէպի Եւրոմիութեան ընկերակցութիւն նախաստորագրութեան համար մի քանի տարի բանակցութիւն տարած պաշտօնական Երեւանին համար։

Տարատեսակ եւ տարաբնոյթ այս մօտեցումներուն եւ տեսակէտներուն հետեւելու ընթացքին մի քանի անգամ ուշագրաւօրէն նկատուեցաւ հարեւան Վրաստանէն օրինակ վերցնելու գաղափարը։ Հետեւեալն է քննադատկան մօտեցումին միտք բանին։ Վրաստանը անտեսելով ռուսական գործոնը, թափ տուած է իր համարկման քաղաքականութեան դէպի Եւրոպա, ԱՄՆ, ՆԱԹՕ, որուն արդիւնքը եղած է միանշանակ դէպի Եուրոմիութեան ընկերակցութիւն նախաստորագրութիւն, առանց որեւէ պարտադրանքի տեղի տալու, առանց Մոսկուայէն կախեալ կարգավիճակի մէջ յայտնուելու։ Այս ուղղութիւնը Վրաստանին ապահոված է հակակոռուպցիոն պայքարի մէջ թռիչքային առաւելներ ձեռք ձգելու, տնտեսական բարգաւաճում արձանագրելու, ընտրակարգը բարելաւելու եւ ժողովրդավարութիւնը ամրակայելու առիթներ։ Մէկ խօսքով, ռուսական գործոնի շրջանցումով երկրին զարգացումը ապահովելու։

Ներվրացական տարակարծութիւններ կան այս ուղղութեան շուրջ անշուշտ. Վարչապետ Իվանիշվիլին կրնայ չբաժնել իր նախագահին կիրարկած արտաքին քաղաքականութեան գերակայ ուղղութիւնները եւ փորձ կը կատարէ որոշակի հաւասարակշռութիւններ ապահովելու այդ ոլորտին մէջ։ Բայց այդ չէ խնդիրը այժմ. Վրաստանէն, այս պարագային անոր որդեգրած արտաքին քաղաքական ուղեգիծէն դաս առնելու կոչն է, որ հայկական շրջանակներէ կը հնչէ։

Վրացական զարգացման այս ուղղուածութիւնը իրականութեան համապատասխանող երեւոյթ է։ Գինը սուղ է սակայն.ռուսական գործոնի շրջանցումին հետ կապուած գին է այդ մէկը։ Այսօր վրացական դիտակէտէ մեր հարեւանը կորսնցուցած է իր տարածքային ամբողջականութիւնը։ Իրողապէս Աբխազիան եւ հարաւային Օսեդիան այլեւս մաս չեն կազմեր Վրաստանի միջազգային մակարդակով ընդունուած սահմաններուն։ Իրողական այս անկախութիւնը նուիրականացաւ, երբ Սահակշվիլին որոշեց զարգանալ զիջելով կարգախօսը վերածել արտաքին քաղաքականութեան հիմնական ուղղութեան։ Ռուս-վրացական կարճատեւ պատերազմը եւ շրջաններու կորուստը դէպի Արեւմուտք կտրուկ շրջադարձի գինն էին, որ վճարեց Սահակշվիլիի Վրաստանը։ Ի գին հողային տարածքներու կորուստին (միշտ մնալով վրացական դիտակէտի մօտեցումներու սահմաններուն մէջ) Թիֆլիսը զարգացաւ։Կը թուի, որ անջատուած եւ անկախացած տարածքներու վերադարձի պահանջը առաջնային կարգով մաս չի կազմեր արդէն պաշտօնական Թիֆլիսի արտաքին քաղաքականութեան։

«Զարգանալ զիջելով» կամ «առանց զիջելու» քաղաքական երկուութիւնը (տիլեման) անիրատեսական չէ, որ հնչէ նաեւ Հայաստանի հանրապետութեան համար։ Այս պատճառով ալ առ նուազն պէտք չէ աճապարել վրացական օրինակէն դասեր քաղելու եւ ըստ այնմ արտաքին քաղաքականութեան գերակայ ուղղութիւնները ճշդելու համար։

«Ա.»

aztagdaily.com

Տպել Տպել