Մարիօ Նալպանտեան Դասախօսեց Ուրուկուէյի ԼԻՊԷՐ ՍԵՐԵՆԻ-ի Անուան Հիմնադրամի Կեդրոնէն Ներս

MarioՈւրուկուէյի հանրայայտ քաղաքական գործիչ ԼԻՊԷՐ ՍԵՐԵՆԻ-ի անուան Հիմնադրամի կեդրոնը, Սեպտեմբեր 12-ին հրաուիրած էր ՀՅԴ Բիւոյի անդամ և ՄիջԸնկերվարականի փոխ նախագահ ընկ. Մարիօ Նալպանտեանը, դասախօսութիւն մը տալու “Հարաւային Կովկասի ներկայ իրավիճակը և ապագայի մարտահրաուերներ” նիւթով։

Դասախօսութեան ներկայ էին, հիմնարկութեան տնօրէն Ակուստին Գանսանի, իշխող Լայն Ճակատ Կուսակցութեան նախագահ Տիկ. Մոնիգա Սավիէր, նո յն կուսակցութեան ծերակոյտի անդամներէն եւ խորհրդարանի Միջազգային Յարաբերութեանց Յանձնախումբի անդամ Փրոֆ. Էնրիքէ Ռուպիօ, որոնք մաս կը կազմէին կլոր սեղանին, ուր դասախօսութենէ ետք տուին իրենց մեկնաբանութիւնները։

Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Զբօսաշրջութեան նախարար Տիկ. Լիլիան Քէշիշեան, պատգամաւորներ, զանազան Հասարակական Կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ գաղութիս անդամներ։

Մ. Նալպանտեան իր դասախօսութեամբ ընդհանուր պատկեր մը տուաւ Հարաւային Կովկասի ներկայ իրավիճակի մասին՝ զայն բաժնելով (Ա) Հեռանկարներ և մարտահրաուերներ Հարաւային Կովկասի մէջ, (Բ) Ապահովութիւն եւ կայունութիւն արդար խաղաղութեան մը համար, խորագրերու։

Գրեթէ մէկ ժամ տեւած իր դասախօսութեան ընթացքին, Մ. Նալպատեան նախ վերլուծական ակնարկով ընդհանուր պատկերով մը ներկայացուց Կովկասի տարածաշրջանի ռազմական նշանակութեան կարեւորութիւնը, ընդհանրապէս ուժանիւթի պաշարները եւ յատկապէս հզօր պետութիւններու շահաքրքրուածութիւնը, Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք, անոնց որդեգրած շրջանի քաղաքականութիւնը, կեդրոնացաւ Հարաւային Կովկասը կազմող Հանրապետութիւններու Վրաստանի, Ազրպէճանի և Հայաստանի վրայ, լուսաբանելով իւրաքանչիւր երկրի թէ քաղաքական թէ աշխարհագրական և թէ ժողովրդագրական կացութիւնը, այդ շատ զգայուն շրջանին մէջ։

Մարտահրաուէրներու հարցով, Նալպանտեան անդրադառձաւ մօտ ապագային սպասուող ազդեցութիւններուն եւ անոնցմէ բխող իրավիճակներուն, ուր քսան եւ աւելի տարիներու ժամանակահատուածի մը մէջ, ան վերածուած է Արևելքի և Արևմուտքի շահերու բախման կիզակէտը։

Ապահովական գետնի վրայ Մարիօ Նալպանտեան կարեւորեց Արցախի հիմնահարցը, մանրամասնութիւններ փոխանցելով ներկայ գործընթացներուն, շեշտը դնելով անոր արդար եւ քաղաքական լուծում մը գտնելու մէջ, որպէսզի կարելի ըլլայ տևական խաղաղութիւն ձեռք բերել, քանի որ ըստ անոր, եթէ Արցախի հիմնախնդիրը արդար լուծումի մը չհանգի, կրնայ ոչ միայն Հարաւային Կովկասի, այլեւ աւելի լայն առումով, Միջին Արեւելքի ապակայունութեան պատճառ դառնալ, չնայած արդէն այդ շրջանը երկար տարիներէ ի վեր պայթունակ իրավիճակ մը կը ներկայացնէ, ի մասնաւորի Սիւրիական տագնապը և այլ չլուծուած հարցեր նկատի ունենալով։

Շատ մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեց ընկ. Մ. Նալպանտեանի մանրակրկիտ վերլուծականներով լեցուն դասախօսութիւնը։ Շահեկան էր այն իմաստով որ նիւթին այնքան խորութեամբ չտիրապետող, ներկայ պետական անձաւորութիւնները, գոհունակութեամբ շնորհաւորեցին դասախօս ընկերոչ, նման խորիմաստ մօտեցումներուն համար, շրջանի մը մասին, որուն այնքան ծանօթութիւններ և փաստացի տուեալներ կը պակսէին իրենց։

Տպել Տպել