ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Ընդունեց Ազատագրում Եւ Բարգաւաճում Երեսփոխանական Պլոքի Պատուիրակութիւնը

IMG_9372-300x219ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն երէկ «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեց Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին երեսփոխաններ Ալի Պեզզի, Միշել Մուսա եւ Եասին Ժապեր: Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքի պատուիրակութիւնը ընդունեցին ընկեր Յակոբ Խաչերեան եւ երեսփոխաններ Յակոբ Բագրատունի եւ Արթուր Նազարեան:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի առաջադրած նախաձեռնութիւնը:
Հանդիպումէն ետք երեսփոխան Բագրատունի ողջունեց Պըրրիի նախաձեռնութիւնը` զայն նկատելով դրական նախաձեռնութիւն մը, ինչպէս են խորհրդարանի նախագահին առաջադրած բոլոր նախաձեռնութիւնները:
Յ. Բագրատունի ընդգծեց Ազգային երկխօսութեան նիստի կայացման անհրաժեշտութիւնը` ամբողջացնելու համար նաեւ այդ երկխօսութիւնը հովանաւորող հանրապետութեան նախագահին ջանքերը:

Անդրադառնալով նախաձեռնութեան բովանդակած կէտերուն` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ իւրաքանչիւր կէտ, որ կը վերաբերի երկրին քաղաքական, ապահովական եւ տնտեսական կայունութեան եւ կը լուծէ լիբանանեան ներքին բեմը յուզող հարցերը` անհրաժեշտ է:

«Չէզոք կեցուածքէն սկսեալ հասնելով մինչեւ ապահովական կայունութեան եւ ահաբեկչութեան հարուածներէն հեռու մնալու քայլերը, քննարկուելիք կարեւոր խնդիրներ են», ըսաւ Յ. Բագրատունի:
Ան հաստատեց, որ ՀՅԴ-ն առանց նախապայմանի իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ որեւէ երկխօսութեան նախաձեռնութեան:

Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ ով որ երկխօսութեան կ՛ուղղուի, յստակ միտքեր եւ դրական տրամադրութիւն կ՛ունենայ եւ ոչ թէ կանխատրամադրուածութիւն: «Ան նաեւ տեղեակ կ՛ըլլայ նախկին տագնապներէն եւ փորձառութենէն, որուն շրջագիծին մէջ լիբանանցին 1975-էն ի վեր մինչեւ օրս ամէն տեսակի պատերազմները փորձած է եւ հասած այն եզրակացութեան, որ բոլոր հարցերուն եւ տագնապներուն լուծում ապահովելու միակ միջոցը երկխօսութիւնն է», հաստատեց ան:

Յ. Բագրատունի եզրափակեց ըսելով, որ ՀՅԴ-ն եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքը այս նախաձեռնութիւնը կը նկատեն կարեւոր, կ՛ընդգծեն անոր անհրաժեշտութիւնը եւ կը մաղթեն, որ Ազգային երկխօսութեան նիստը ամէնէն արագ միջոցին տեղի ունենայ:

Տպել Տպել