ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Ներկայացնող Պատուիրակութիւնը Այցելեց Միշել Մըրի

Murr-Tashnak-3Երկրի զանազան կողմերու պատասխանատուներուն հետ հանդիպումներու ծիրին մէջ, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւնը, բաղկացած` ընկերներ Յակոբ Խաչերեանէ, Աւետիս Կիտանեանէ, Րաֆֆի Աշքարեանէ եւ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիէ, երէկ այցելեց նախկին նախարար Միշել Մըրի:

Քննարկուեցան լիբանանեան ներքին քաղաքական վերջին իրադարձութիւնները եւ շրջանային զարգացումները:

Ազգային Ազատականներու Կուսակցութեան Պատուիրակութիւնը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Ազգային Ազատականներու կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Տորի Շամունի, երէկ այցելեց «Շաղզոյեան» կեդրոն: Յանուն ՀՅԴ Լիբանանի կեդրոնական կոմիտէին պատուիրակութիւնը ընդունեցին ընկեր Յակոբ Խաչերեան եւ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի:
Խորհրդակցութեանց առանցքը կազմեցին շրջանի եւ Լիբանանի վերջին իրադարձութիւնները:

aztagdaily.com

Տպել Տպել