Ակնարկ. Արեւմտաեւրոպայի Ճամբուն Ընտրանքը

FlagsՔաղաքական այն տեսաբանութիւնը, որ Հայաստանի եւրոպական համարկման ճանապարհը կ՛ուզէ բացառապէս տեսնել ուղղակի արեւմտաեւրոպական քաղաքներ տանող, կը թուի, որ գործնականութեան բաղադրիչներ կը պարունակէ:

Այս տեսութիւնը կը հիմնաւորուի, երբ նկատի ունենանք Հայաստանի եւ ֆրանսայի հանրապետութիւններու միջնախագահական հանդիպումին վերաբերող լրատուութիւններու յատկապէս Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան յատկացուած բաժինը:

«Զրուցակիցները մանրամասնօրէն քննարկել են նաեւ Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն փոխգործակցութեան հեռանկարները: Նրանք համակարծիք են եղել այն հարցում, որ պէտք է առաւելագոյն ջանքեր գործադրել պահպանելու համագործակցութեան թափը եւ որակը, շարունակելու Հայաստանում բարեփոխումների գործընթացը, ինչի վերաբերեալ նախագահ Սերժ Սարգսեանը վերահաստատել է Հայաստանի յանձնառութիւնը: Նախագահ Հոլլանտը վստահեցրել է, որ Ֆրանսան` որպէս Հայաստանի բարեկամ եւ Եւրոպական Միութեան առաջատար պետութիւններից մէկը, որպէս միջազգային խոշոր դերակատար, կը շարունակի այսուհետ եւս աջակցել Հայաստանի եւրոպական օրակարգի առաջմղմանը»:

Փորձենք մանրադիտակի տակ առնել այս բաժինը: Նախ անշուշտ Հայաստան – Ֆրանսա յարաբերութիւններուն պիտի վերաբերէր երկու նախագահներուն խորհրդակցութեան առաջին բաժինը: Կարգն ալ այդպէս կը պահանջէր, որովհետեւ Փարիզ կատարած աշխատանքային այցին ներառուած այս հանդիպումին առաջադրուած միջպետական յարաբերութիւններու սերտացումը ի վերջոյ երկու երկիրներու նախագահներուն հանդիպման առանցքային բաժինը պիտի ըլլար: Բայց նոյնքան ակնկալելի էր, որ քննարկումը կեդրոնանար հրատապ խնդրին` Հայաստանի եւրոպական համարկման այսօրուան իրավիճակին: Այստեղ պաշտօնական լրահոսը ուղղակի չ՛անդրադառնար Հայաստանի Մաքսային միութեան մաս կազմելու որոշման իբրեւ հետեւանք ստեղծուած կացութեան: Հասկնալի է, որ այդ մասին նշում չկայ: Բայց այս բաժնին ներկայացման համար օգտագործուած պաշարը կ՛ընդգծէ ստեղծուած կացութեան լռելեայնութիւնը:

Պէտք է առաւելագոյն ջանքեր գործադրել պահպանելու համար համագործակցութեան թափն ու որակը: Պահպանելը այստեղ ինքնին կը յուշէ, որ վտանգի մը դիմաց կայացած թափն ու որակը պահպանելու խնդիր ունին կողմերը: Կողմերը` որովհետեւ կը խօսուի համագործակցութեան մասին եւ այդ համագործակցութեան թափն ու որակը պահպանելու խնդիր կայ այսօր երկկողմանիօրէն:
Շարունակել Հայաստանի բարեփոխումներու գործընթացը: Այս հաստատումը ինքնին կը նշանակէ, որ եւրոպական համարկման իր ուղղուածութեան մէջ Հայաստան պիտի շարունակէ այն բարեփոխումներու քաղաքականութիւնը, որ որդեգրած էր եւրոպական չափանիշերուն ընդառաջ: Որուն համար ալ Հայաստանի նախագահը վերահաստատած է Երեւանի ստանձնած յանձնառութիւնը:

Իսկ հիմա այս բաժնին եզրակացութիւնը, որ նախագահ Հոլլանտին յանձնառութեան մասին է: «Նախագահ Հոլլանտը վստահեցրել է, որ Ֆրանսան` որպէս Հայաստանի բարեկամ եւ Եւրոպական Միութեան առաջատար պետութիւններից մէկը, որպէս միջազգային խոշոր դերակատար, կը շարունակի այսուհետ եւս աջակցել Հայաստանի եւրոպական օրակարգի առաջմղմանը»: Ասիկա շատ ընդհանուր կարգախօս է: Այստեղ այսուհետ բառը պահպանելու նման կը մատնէ խնդիրի մը գոյութիւնը: Այսուհետը կը նշանակէ, թէ մինչ այդ հարց գոյութիւն ունեցած է. պարզ է, որ ակնարկութիւնը Հայաստանի որոշումն է միանալու Մաքսային միութեան:

Այս հանդիպման ընթացքին գուցէ Մաքսային միութեան անդամակցութեան եւ Եւրոպական Միութեան ընկերակցութեան (ան)համատեղելիութեան հարցը առանցքային օրակարգ եղած է: Այսուհանդերձ քաղաքական երկու եզրերն ալ չեն յիշատակուիր պաշտօնական լրահոսին մէջ:

Ֆրանսան Արեւմտաեւրոպայի յառաջատար երկիրներէն է: Կը զգացուի հնչերանգի եւ շեշտադրումներու տարբերութիւնը Արեւմտաեւրոպայի յառաջատարին եւ արեւելեան գործընկերութեան ծրագիրներու պաշտօնատարներուն միջեւ: Մասնակիօրէն այս հարցին մէջ:
«Ա.»

Տպել Տպել