Ազերիական նկրտումները կը շարունակուին ֆրանսահայութեան նկատմամբ

Հրաչ Վարժ26 Փետրուարին, Սումկայիթեան սպանդի յիշատակին Ֆրանսայի Ազգային Ժողովին մէջ Հայ Դատի Գրասենեակի կազմակերպած քաղաքական ձեռնարկին աւարտին պատահած միջադէպին իրաւական հոլովոյթը կը շարունակուի:

Ծանօթ է, որ օրին Փարիզի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատան կողմէ կազմակերպուած դաւադիր գրգռութիւնը, որ կը միտէր խանգարել բարձրորակ քաղաքական ձեռնարկը, որուն ներկայ էին մեծաթիւ ֆրանսացի քաղաքական անձնաւորութիւններ, յանգած էր դատական գործընթացի: Ազերիական կողմը փորձելով իբրեւ զոհ ներկայանալ, դատ յարուցած էր Հ.Յ.Դ. Ֆրանսայի Հայ Դատի Գրասենեակին դէմ` ֆիզիքական եւ բանաւոր բռնութեան ենթարկուած ըլլալու ամբաստանութեամբ: Երեք ամիս տեւած դատական այս ընթացքը Մայիսին ՙոչ ոքի՚ վճիռով փակուած էր դատախազին, ապա ընդհանուր դատախազին կողմէ:

Այժմ, ազերիական կողմը դիմած է վերադատ ատեան, հարցին վերանայման պահանջով:

Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Հրաչ Վարժապետեանի հաստատումով, ազերիական կողմը կը շարունակէ հարցը հետապնդել զուտ քարոզչական ու քաղաքական նկատառումներով, որուն թիրախը է ու կը մնայ ֆրանսահայ համայնքը, որուն դէմ աւելի քան հնգամեակէ մը ի վեր արշաւի նախաձեռնած են թրքական եւ ազերիական պաշտօնական շրջանակները` յետ հայոց ցեղասպանութեան ուրացման օրէնքի հետապնդման:

Ըստ Վարժապետեանի, այս արշաւը, հակահայ այս ծրագրուած ուղեգիծը, որ կազմակերպուած է ուղղակի Անգարայէն եւ Պաքուէն, հետզհետէ պիտի սաստկանայ եւ ոչ` հակառակը: ՙԻսկ մենք` ֆրանսահայ բոլո°ր հոսանքները անխտիր, միաւորուա°ծ, պիտի շարունակենք Հայ Դատի պայքարի մեր երթը, համոզուած ու առանց ընկրկումի: Ինչ կը վերաբերի յատկապէս դատական ա°յս թղթածրարին, մենք թէ° իրաւական, թէ° քաղաքական առումով պատրաստ ենք դիմագրաւելու զայն եւ վստահ ենք, որ ազերիական այս ու նմանօրինակ փորձերը պիտի ձախողին, նոյնիսկ եթէ սկսած են հետզհետէ աւելի լուրջ դառնալ՚, կ’եզրակացնէ Վարժապետեան:

Տպել Տպել