Թօթափենք Կեղծիքը

Apo-PhotօՇինծու արդարացումնե՞ր, թէ անյաղթահարելի, առարկայական հզօր գործօններու դիմաց ամբողջական ուժով պայքարէն խուսափելու մարտավարութիւն: Երկու պարագային ալ արդիւնքը նոյնն է. հայապահպանման ճակատի վրայ պատերազմի դուրս կու գանք՝ արդէն իսկ պարտուածի հոգեբանութեամբ, եւ փոքրիկ յաղթանականերու փառաբանումով ահաւոր կուրուստներու ողբասացութիւնները կը խլացնենք:

Իսկապէս այսօր ի՞նչ կ՛ընենք հաւաքականօրէն այս ափերուն վրայ հայկական մեր ինքնութիւնը պահպանելու համար (այս պահպանել բառին հանդէպ ատելավառ զգացում ունեցողներու շարքին կրնանք միանալ):

Հայ մշակոյթը (այսօր Թարգմանչաց տօն է) մեր առօրեային հետ ինչպէ՞ս կը համաձուլենք, ինչպէ՞ս հարազատ եւ բնական կը դարձնենք այն ամբողջը կամ ամբողջէն նոյնիսկ մէկ մասը՝ հայկականին կամ հայկականութեան:

Հայկական ամէնօրեայ դպրոցներու թիւը կ՛աւելցնե՞նք: Ո՛չ: Եղածները լաւ պահելու, անոնց ջամբած ազգային դաստիարակութեան եւ կրթական փայլուն յաջողութիւններուն համար լաւագոյն պայմաններ կը ստեղե՞նք: Ո՛չ: Անոնց պատասխանատուները առօրեայ հոգերու տակ թաղուած վիճակէն դուրս բերելու համար ի՞նչ կ՛ընենք: Շա՛տ քիչ:

Նոր սերունդը, մեր զաւակները, մեր ազգային արժէքներով, մեր պատմութեամբ, մեր ներկայով, մեր հայրենիքով հպարտանալու, ոգեւորուելու եւ ապրելու համար բաւարար ներշնչում ու գիտելիք կը ստանա՞ն մեզմէ, մեր հաւաքականութենէն: Ո՛չ:

Այս «ոչ»երն ու «քիչ»երը պէ՞տք է յուսահատութեան մղեն մեզ: Ո՛չ: Մենք՝ «Ասպարէզ»ով, մեր ընթերցողներով, մեր բարեկամներով՝ միացած ազգային միւս բոլոր կառոյցներուն մէջ աշխատող ու պայքարող մարտիկներուն, կը մերժենք յուսահատութիւնը ու ամէն ճիգ պիտի թափենք նախ մեր վրայէն թօթափելու շինծու արդարացումներու կեղծիքը, ապա՝ թեւ ու թիկունք դառնալու ժամանակի ոգիով ստեղծագործ լուծումներ փնտռողներու խումբին:

105 տարի այդ ոգիով ապրած է «Ասպարէզ»ը, այդ ոգիո՛վ ալ պիտի շարունակէ իր աշխատանքը:


Աբօ Պողիկեան

asbarez.com

11/10/2013

Տպել Տպել