Պրիւքսելի մէջ Եւրոպահայութեան հաւաքը՝ Հայաստանի եւ Հայ Դատի աշխատանքներու զօրացման մեկնակէտ

brussels-hay-doun 2_15-10-13Հայաստանի եւ Արցախի պետական ու սփիւռքի հոգեւոր եւ ազգային կեանքի ներկայացուցիչներու եւ աւելի քան հարիւր եօթանասուն հոգիի մասնակցութեամբ, Երկուշաբթի 14 Հոկտեմբերի առաւօտեան, Պրիւքսելի Հայ Տան մէջ բացումը կատարուեցաւ Եւրոպահայութեան Գ. խորհրդաժողովին, Պրիւքսելի մէջ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի կազմակերպութեամբ։

Ներկայ եղան Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառը, ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան, Ֆրանսայի հայոց առաջնորդ Նորվան Արք. Զաքարեան որպէս ներկայացուցիչ ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեան։ ԼՂՀ պատուիրակութեան մաս կը կազմէին արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեանը, փոխ վարչապետ Արթուր Աղաբէկեանը, ԼՂՀ նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Դաւիթ Բաբայեանը։ Ներկայ էին նաեւ ԵԱՀԿի մօտ Վիեննայի մէջ ՀՀ ներկայացուցիչ Արման Կիրակոսեանը, Պելճիքայի մէջ ԼՂՀ մշտական ներկայացուցիչ Վարդան Բարսեղեանը, Ֆրանսայի մէջ ԼՂՀ մշտական ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեանը, ՆԱԹՕի մօտ ՀՀ դեսպանի ներկայացուցիչ Վարազդատ Պահլավունի։ Ներկայ էր նաեւ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան Եւրոպայի բաժնի պետ Հրաչեայ Ասլանեանը։

Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան բացման խօսքը կատարեց ու շեշտեց եւրոպահայ ազգային ներուժի կազմակերպման եւ արդիւնաբեր աշխատանքի անհրաժեշտութիւնը՝ Հայաստանի, Արցախի եւ հայութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներու դիմագրաւման մէջ։ Ան շեշտեց, թէ երկու օրուան ընթացքին կը քննարկուին հայութիւնը յուզող հարցերը, Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին ընդառաջ։ Օրակարգերուն աւելցուած են Ջաւախքի հայութեան եւ Սուրիահայութեան հրատապ խնդիրներու նուիրուած զեկուցումներ։

ՈՂՋՈՅՆԻ ԽՕՍՔԵՐ

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ Հայ Դատի Յանձնախումբերու համակարգող Յակոբ Տէր-Խաչատուրեան բարի գալուստ մաղթեց բոլորին՝ Եւրոպահայութեան Գ. խորհրդաժողովին։ Ան անդրադարձաւ մեր ազգային հարցերը համակարգելու անհրաժեշտութեան՝ նշելով, թէ նման հաւաքներ կը հանդիսանան կազմակերպուելու եւ հարցերու խորաթափանց քննարկման առիթներ։

Ֆրանսայի առաջնորդ Նորվան Արք. Զաքարեան իր ողջոյնի խօսքին մէջ նշեց, թէ մեր ժողովուրդը անցած տարիներու ընթացքին ապացուցանած է, որ չի պարտուիր, որքան ալ դժուարին կացութիւններու մատնուած ըլլայ։ Այս կը նշանակէ թէ ճշմարտութիւնն ու արդարութիւնն են, որ չեն պարտուիր։ Ան աւելցուց, թէ մեր եկեղեցին մարդկային բարձր արժէքներով կը դաստիարակէ իր զաւակները, որպէսզի անոնք երբեք չընկրկին դժուարութիւններուն առջեւ։

Հայաստանի Ազգային Ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան, իր ողջոյնի խօսքին մէջ, առաջնահերթ նկատեց ազգային անվտանգութեան խնդիրները։ Ան նշեց թէ այսօր կը դիմագրաւենք շրջափակում եւ յարձակողապաշտութիւն, ներքին խնդիրներ, Մերձաւոր Արեւելքի մէջ իրավիճակի բերումով բարդացած կացութիւններ եւ բազմապիսի մարտահրաւէրներ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ։brussels_hovik aprahamian_15-10-13

Ան աւելցուց, թէ մեր հիմնական գրաւականը կը հանդիսանայ Եւրոպական Միութեան հետ Հայաստանի մերձեցման հարցը։ «Բայց ոչինչ ամբողջական կը լինի առանց համայն հայութեան ուժին։ Օգտագործենք մեր ներուժը։ Մենք հպարտ ենք, որ այսօր գոյութիւն ունին տարածաշրջանի մէջ երկու հայկական պետութիւններ։ Այսօր աշխարհի տարբեր խորհրդարաններու ներկայացուցիչներ կþայցելեն Արցախ, ճանչնալով որ Արցախի ժողովուրդը ազատ ապրելու իրաւունք ունի եւ բոլորի ճանաչման արժանի է»,- ըսաւ ՀՀ ԱԺ նախագահը՝ եզրափակելով, թէ Լեռնային Ղարաբաղի անվտանգութենէն կախուած են Հայաստանի անվտանգութիւնն ու ապահովութիւնը։

ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան իր խօսքին մէջ նշեց, թէ Արցախի պետութիւնը առանձնակի կարեւորութեամբ կը դիտէ Եւրոպայի հայութեան հետ շփումի հարցը ու անոր աշխուժ մասնակցութիւնը Արցախի զարգացման գործին։ Ան անհրաժեշտ նկատեց պահպանել եւ զարգացնել համագործակցութիւնը՝ գիտակցելով, թէ ամբողջ հայութեան համար Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչումը ունի մեծ նշանակութիւն։ Ան անդրադարձաւ ԱՄՆ չորս նահանգներու եւ Աւստրալիոյ Նոր Ուելս նահանգի կողմէ Արցախի ճանաչման փաստի մեծ յաջողութեան՝ նշելով, թէ նոյն քաղաքական մակարդակը պէտք է պահպանուի Եւրոպայի երկիրներու հետ եւս։brussels_pako-sahakian_15-10-13

Նախագահ Սահակեան ընդգծեց, որ անընդհատ զարգացող եւ փոփոխուող աշխարհը կը թելադրէ համապատասխան շտկումներ մտցնել նաեւ Սփիւռք-Արցախ համագործակցութեան մէջ‘ պահպանելով եւ աւելի խորացնելով ձեւաւորուած աւանդական փոխգործակցութեան տարրերը, միեւնոյն ժամանակ յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով նոր ուղղութիւններուն եւ գաղափարներուն վրայ:

Այս պարունակին մէջ Բակօ Սահակեան առանձնացուց Սփիւռքի տարբեր կազմակերպութիւններու եւ Արցախի ու Հայաստանի շահագրգիռ կառոյցներու միջեւ համակարգուած աշխատանքին կարեւորութիւնը ԼՂՀ միջազգային ճանաչման, երկկողմ յարաբերութիւններու հաստատման, Արցախը աւելի ճանաչելի դարձնելու, մեր երկիրը իբրեւ անվտանգ եւ կայուն զարգացող պետութիւն ներկայացնելու, ներդրումներու համար ամենագրաւիչ ոլորտներն ու ծրագիրները պատշաճ կերպով մատուցելու եւ կեղծիքի ու սուտի վրայ հիմնուած հակառակորդին կողմէ տարուող սադրիչ քաղաքականութեան արձագանգելու ուղղութիւնները:

Արամ Վեհափառ իր խօսքին մէջ ըսաւ, թէ Եւրոպան կարեւոր տարածաշրջան մըն է մեզի համար։ «Հաւաքական արժէքներ, հաւաքական շահեր, հին դարերէն սկսեալ մեզի կապած են Եւրոպայի։ Հետեւաբար նման հաւաքներ Եւրոպայի մէջ ես կը նկատեմ թէ Հայաստանի, թէ՛ Հայ Դատի զօրացման նախապայմաններ»։brussels_aram-vehapar_15-10-13

Ան երեք կէտերու մէջ ամփոփեց իր խորհրդածութիւնները.-

«Ա.- Յիսնամեակէն յետոյ Հայոց Ցեղասպանութեան, Հայ Դատի աշխատանքները երեք ուղղութիւն ստացան։ Հայ Դատի այժմէականացում, քաղաքականացում եւ միջազգայնացում։ Այս երեք բառերը սոսկ լոզունգներ չեղան։ Անցնող տասնամեակներու ընթացքին մեր կուսակցութիւնները, մեր Հայ Դատի մարմինները սքանչելի գործ կատարեցին այդ ուղղութեամբ եւ այսօր կարեւոր իրագործութիւններ կատարուած են։ Այսօր Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը միջազգային օրակարգի հարց կը կազմէ, քաղաքական ծիրէն ներս մուտք գործած է, փաստօրէն դարձած է այժմէական քաղաքական եւ միջազգային հարց։ Ես կը խորիմ, որ ժամանակն է, որպէսզի մենք իբրեւ ազգ, պետութիւն, Հայ Դատի մարմիններ, առանց անտեսելու ճանաչման հարցը, յատուկ շեշտ դնենք հատուցման վրայ։ Հատուցում եւ Ճանաչում զիրար կþամբողջացնեն։

«Բ.- Մենք որպէս ազգ պիտի գիտնանք՝ ե՛րբ միաձայն պիտի խօսինք եւ ե՛րբ բազմաձայն։ Մէկը միւսը չի հակասեր, մէկը միւսը կþամբողջացնէ, ներդաշնակութիւն կþուզենք ստեղծել մեր կեցուածքին մէջ։ Իւրաքանչիւրը կրնայ իր շեշտը ունենալ, բայց մենք միաձայն պէտք է ըլլանք։

«Գ.- Մենք կը գտնուինք հարիւրամեակի սեմին։ Հարիւրամեակը միայն ձեռնարկներու ամբողջութիւն մը պէտք չէ ըլլայ։ Մենք հարիւր տարի մոմ վառեցինք, հարիւր տարի հոգեհանգիստ ըրինք։ Բնականաբար պիտի շարունակենք։ Սակայն վա՜յ մեզի, երբ հարիւր տարիներ յետոյ նոյն ընթացքը շարունակենք։ Տարբեր մօտեցում, տարբեր ոճ, տարբեր ռազմավարութիւն, տարբեր մարտավարութիւն պէտք է որդեգրենք։

Ա՛յս է մարտահրաւէրը հարիւրամեակին։ Յուսախաբ չդարձնենք մեր նոր սերունդը, այլ նոր ոճ տանք մեր պահանջատիրութեան»,- ըսաւ վեհափառը՝ եզրակացնելով, թէ մեր դատը պէտք է ներկայացուի երեք հիմնական շրջագծերու մէջ՝ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան, Միջազգային Դատական Ատեանին եւ Եւրոպայի Մարդկային Իրաւանց Ատեանին մօտ։

Ողջոյնի խօսքերէն ետք տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու յանձնում Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի նուիրատուներուն եւ բարեկամներուն։brussels-hay-doun_15-10-13

Գասպար Կարապետեանը շնորհակալութեան եւ գնահատանքի խօսք ուղղեց բարերարներուն՝ նշելով, թէ առանց իրենց օժանդակութեան անկարելի պիտի ըլլար աշխատանքները լիովին կատարել։

Յուշանուէրներ ստացան Ռաֆֆի Ասլանեան, Գաբրիէլ Չեմպերճի, Ներսէս Օհանեան, Սուրէն Օհանեան, Պրայան Ֆերա, Անտրէ Կիւմիւրճեան եւ Ալեքօ Պեզիկեան։

Խորհրդաժողովը շարունակուեցաւ յատուկ նիւթերու շուրջ զեկուցումներով եւ զրոյցներով։ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի կողմէ զեկուցաբերներու ներկայացումը կատարեց Պետօ Տեմիրճեանը, առաջին հերթին հրաւիրելով Եւրոպայի Հայերու միութեան Ֆորումի նախագահ Աշոտ Գրիգորեանը, որ ներկայացուց ՄԱԿի մէջ հայկական յուշակոթողներու մասին տարուած աշխատանքը, ապա Գագիկ Մելիքեանը խօսեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան վկայութիւններ պարունակող (Armenian Genocide by Ottoman Turkey, 1915, Testimony of survivors, collection of Documents) անգլերէն իր հրատարակութեան մասին։

Յաջորդաբար կլոր սեղանի զրոյց տեղի ունեցաւ Գերմանիոյ Պոխում համալսարանի սփիւռքներու եւ ցեղասպանութեանց ուսմանց հիմնարկի վարիչ Միհրան Տապաղի եւ ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի տնօրէն Կիրօ Մանոյեանի կողմէ, զրուցավարութեամբ Արթօ Դաւիթեանի։

Փրոֆ. Տապաղ խօսեցաւ Ցեղասպանութեանց յիշողութեան քաղաքականութեան մասին։ Ան դիտել տուաւ, թէ պէտք է ստեղծել մեր ուրոյն բառամթերքը եւ ոչ թէ օգտագործել օտարներու պայմաններով ստեղծուած բառերը։ Նշեց, թէ անհրաժեշտ է Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մեր ջանքերը մտաւորականացնել ու ստեղծել մտածողութեան վայրեր, որպէսզի հայ մտաւորականը եւ հայ գիտնականը ունենան իրենց տեղը՝ մտածելու ։ Ան զգուշացուց, թէ հայ մտաւորականը դուրս ձգուած է մեր քաղաքական կեանքէն։ «Հայոց Ցեղասպանութիւնը պատմաբաննեու ճիրաններէն պէտք է ազատենք եւ դարձնենք մտքի առարկայ։ Քաջալերենք հայ գիտնականները, որպէսզի ծանօթանան այդ տիսքուրզին եւ ծառայեն հոն»,- ըսաւ Միհրան Տապաղ։

Փրոֆէսէօրը բացատրեց, թէ կարեւոր է յիշողութեան քաղաքականութիւնը, դիտել տալով թէ Բ. Աշխարմարտէն առաջ բոլոր համաձայնագիրները հիմնուած էին «մոռնալու» վրայ, ուրեմն անհրաժեշտ է գիտակցիլ, որ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը ոչ միայն այդ յիշողութեան վրայ հիմնուեցաւ, այլ պատմութեան եւ մտածողութեան զոհը դարձաւ։ Եւրոպան յիշողութեան քաղաքականութիւն մը ստեղծեց, որու կեդրոնը կը կազմէր Հոլոքոսթը եւ այդ քաղաքականութիւնն է, որ մինչեւ հիմա կը ճշդէ, թէ ի՛նչ է այն, որ կը յիշուի մինչեւ հիմա եւ ի՛նչ ոչ։

Փրոֆէսէօրը ըսաւ, թէ Ցեղասպանութիւնը յատուկ օրինակ մըն է, ազգային պետութեան մը կայացման գործին մէջ։ Ան զգուշացուց, թէ հարիւրամեակի առիթով «մենք փառահեղ թաղում չպատրաստենք», այլ արարողական ձեռնարկներէն անդին անցնինք եւ իրապէս քաղաքական նոր հարթակի վրայ զետեղենք հարցը։

Քննարկման բերուեցաւ նաեւ Պրիւքսելի մէջ Եւրոպայի պատմութեան թանգարանի ստեղծման հարցը, որ 1917 թուականէն պիտի սկսի

Կիրօ Մանոյեան իր զեկոյցին մէջ անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի պետական յանձնաժողովին կողմէ կազմուած ծրագրին, որ կը ներառնէ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրի ընդլայնում, որուն բացումը նախատեսուած է 2015 Ապրիլ 24ին։ Այս տարուան Դեկտեմբերի մէկէն պիտի սկսի գործել Հարիւրամեակի նուիրուած կայքէջ եւ այլ ծրագիրներ։։brussels_giro manoyian_15-10-13

Ընդհանուր գաղափարն է համակարգուած ու կեդրոնական աշխատանք տանիլ հարիւրամեակի իմաստով, ինչպէս եւ հիմնական միտքը տարածել՝ թէ հարիւրամեակը վերջ մը չէ, այլ նոր սկիզբ՝ յաջորդող տարիներուն համար։

Ան նշեց, թէ հատուցման երեք շրջանակ կայ։ Մէկը տարածքային¬հողային պահանջն է, որուն իրաւատէրը անառարկելիօրէն Հայաստանի Հանրապետութիւնն է։ Կիրօ Մանոյեան զգուշացուց, թէ այս հարցի խոչընդոտ կը հանդիսանան Հայաստան-Թուրքիա փրոթոքոլները, որքան որ անոնք ջնջուած չեն։

Երկրորդ հարցը եկեղեցապատկան եւ ազգապատկան կալուածներուն կը վերաբերի։ Այդ իրաւունքները հետապնդելու հարց կայ Թուրքիոյ մէջ։ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ նուիրապետական չորս աթոռներն ալ կալուածներու իրաւունքներ ունին Թուրքիոյ մէջ։

Երրորդը կը վերաբերի անհատական իրաւունքներու հետապնդման հարցին։ Այս երեք կէտերը նոյնչափ կարեւոր են, որպէսզի բոլորը հասկնան, թէ Ցեղասպանութեան ճանաչումով ոչինչ կը վերջանայ, այլ իրաւական հատուցման հարցը պէտք է բարձրացնել։

Ժողովը մէկ ժամուան դադար առաւ կէսօրին, ապա շարունակեց իր աշխատանքները նախատեսուած օրակարգերով, ուր Սփիւռքի հայկական գաղութներու նուիրուած բաժնին մէջ զեկոյցով հանդէս եկաւ Յունահայոց Ազգային Վարչութեան ատենապետ Արա Մանկոյեանը։

Թղթակցութիւնը կը շարունակենք մեր վաղուան թիւով։

azator.gr

14.10.2013

Տպել Տպել