Յովսէփ Արղութեան (Իշխան, 1863-1925). Հայ յեղափոխական շարժման ասպետական շունչն ու կամքը մարմնաւորած Խանասորի Իշխանին ծննդեան 150ամեակին առիթով

hovsep-arghoutian-ishkhan_15-10-13Հոկտեմբեր 15ի այս օրը կը լրանայ մահուան 88րդ տարելիցը Հայկական Յեղափոխութեան անմոռանալի դէմքերէն Իշխան Յովսէփ Արղութեանի, որուն ծննդեան 150ամեակն է այս տարի։

Խանասորի Արշաւանքին փոխ-հրամանատար Իշխանն էր ան, որուն արութեան գործը հայ աշուղները անմահացուցին «Աջից՝ Վարդանը, ձախից՝ Իշխանը» երգելով։

Աւետիս Ահարոնեանի վկայութեամբ՝ «հայկական ազատագրական պայքարին անձնուէր ու փառապանծ վեթերան»ն էր ան, որուն կեանքը «այնքան հարուստ եղաւ ու այնքա՜ն բարի»։

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնադիր սերունդին ամէնէն ազնուական մարտիկն էր ան, որուն կեանքը կիսուեցաւ կռուի ու պայքարի դաշտերուն եւ ռուսական ու պարսկական բանտերուն միջեւ։

Հայոց ազգային-ազատագրական շարժման ասպետական շունչն ու անկոտրում կամքն էր ան, որուն հասցէին Կովկասի կառավարչապետը պաշտօնական զգուշացում յղեց ռուսաց ներքին գործոց նախարարին՝ ընդգծելով, որ «Իշխան Արղութեան-Երկայնաբազուկի գործունէութիւնը առանձնապէս վնասակար է հայ ազգաբնակութեան մէջ»։ Հետեւաբար ցանկալի է, որ նրան «բնակութեան վայր յատկացուի Կովկասից հեռու գտնուող նահանգներից մէկը, ուր չկայ հայ բնակչութիւն» (Ս. Վրացեան, «Յուշապատում Հ.Յ.Դաշնակցութեան, 1890-1950, էջ 126-7)։

Դաշնակցութեան աւազանին մէջ Տաչօ ու Երուանդ անուններով մկրտուած եւ իբրեւ Խանասորի Իշխան հռչակուած՝ Յովսէփ Արղութեան վերապրեցաւ կենաց-մահու բոլոր ճակատումներէն եւ տաժանակիր բանտարկութիւններէն ու աքսորներէն։

Հայ Կամաւորական Գունդի հրամանատար եղաւ, նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանի փոխ-նախագահութիւնը ստանձնեց, 1919ին Երեւանի մէջ գումարուած Հ.Յ.Դ. 9րդ Ընդհանուր Ժողովին նախագահեց եւ Պարսկաստանի մօտ Հ.Հ. դեսպանի պատասխանատուութեան կոչուեցաւ՝ իր անձով ու գործով սերունդներուն կտակելու համար, որ սոսկ կարգախօս չէ «Պայքար, պայքար մինչեւ յաղթանակ» ուխտը, այլեւ արեան ու գերագոյն զոհաբերութեան գնով նուաճուած Դաշնակցական Ուղի է ի խնդիր Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի ամբողջական ազատագրութեան։

Յովսէփ Արղութեան լոռեցի էր, Սիմոն Զաւարեանի հայրենակից։ 1863ին ծնած էր Սանահին գիւղը, ուր նախնական իր կրթութիւնը ստանալէ ետք, 1879ին անցած էր Թիֆլիս, «Ներսիսեան» վարժարանի մէջ իր ուսումն ու ազգային¬գաղափարական կազմաւորումը ամբողջացնելու համար։

Բարձրագոյն ուսման չհետեւեցաւ Արղութեան։ 1884ին, աւարտելով «Ներսիսեան»ը, անմիջապէս նետուեցաւ ուսուցչական ասպարէզ՝ հինգ տարի պաշտօնավարելով Թիֆլիսի հայկական ծխական վարժարաններուն մէջ։ Միաժամանակ՝ ան հիմնադիր եւ աշխոյժ մասնակիցը դարձաւ Թիֆլիսի հայ երիտասարդութիւնը վարակած յեղափոխական խմորումներուն։

Այդ շրջանէն իսկ խոր մտերմութիւն մը իրարու մօտեցուց Սիմոն Զաւարեանն ու Յովսէփ Արղութեանը։ Միասին հիմը դրին «Երիտասարդ Հայաստան» խմբակին, որ Արեւմտահայաստանի ազատագրութեան ծրագիրներ կը մշակէր եւ երիտասարդական թէ ուսանողական շրջանակներու մէջ ինքնազարգացման եռուն աշխատանք ծաւալած էր։

1889ի ամրան, երկու ընկերներու հետ, «Երիտասարդ Հայաստան» խմբակին կողմէ Յովսէփ Արղութեան ուղարկուեցաւ Արեւմտեան Հայաստան, մօտէն ուսումնասիրելու համար Երկիրը, հայութեան պարտադրուած կեանքի դաժան պայմանները, ինչպէս նաեւ ազգային-ազատագրական պայքարի շղթայազերծման եւ կազմակերպման հնարաւորութիւնները։ Այդ առաքելութեամբ, իբրեւ ուխտաւոր, հասաւ մինչեւ Մշոյ Սուլթան Սուրբ Կարապետի վանքը եւ, ամբողջ ուղեւորութենէն իր հաւաքած գիտելիքով ու կրած խոր տպաւորութիւններով, տարի մը ետք վերադարձաւ Թիֆլիս, ուր Հայ Յեղափոխականների Դաշնակցութիւնը արդէն հիմնուած էր եւ լծուած եռուն գործունէութեան։ Արղութեան ամբողջապէս փարեցաւ դաշնակցական Գործին։

Նորաստեղծ Դաշնակցութեան «Կեդրոնական Վարչութեան» յանձնարարութեամբ, Յովսէփ Արղութեան կարեւոր դեր կատարեց Կուկունեանի արշաւախումբին մէջ երեւան եկած ներքին տարակարծութիւնները եւ հակադրութիւնները հաշտեցնելու դժուարին գործին մէջ։ Այնուհետեւ, Սիմոն Զաւարեանի հետ, անցան Տրապիզոն՝ պաշտօնապէս իբրեւ ուսուցիչ աշխատելու, բայց խորքին մէջ Դաշնակցութեան Տրապիզոնի Կոմիտէութիւնը կազմակերպելու համար։ Թրքական իշխանութիւնները կարճ ժամանակ ետք անդրադարձան հայ յեղափոխականներու բուն մտադրութեան, ձերբակալեցին երկուքն ալ եւ, իբրեւ ռուսահպատակի, յանձնեցին Տրապիզոնի ռուս հիւպատոսին։ Ռուսական իշխանութիւնները անյապաղ Պեսարաբիոյ Քիշինեւ քաղաքը աքսորեցին Զաւարեանն (մէկ տարիով) ու Արղութեանը (վեց ամիսով)։ Այդ օրերուն Քիշինեւ աքսորուած էր նաեւ Դաշնակցութեան հիմնադիր երրորդութեան երիցագոյն անդամը՝ Քրիստափոր Միքայէլեան։ Աքսորավայրին մէջ միացած՝ անոնք երեքով մշակեցին նորաստեղծ կուսակցութեան գործունէութեան ծրագիրը, որ 1892ին ներկայացուեցաւ Դաշնակցութեան Առաջին Ընդհանուր Ժողովին։

Այնուհետեւ, խումբ մը ընկերներու հետ, որոնց շարքին՝ Հ.Յ.Դ. հիմնադիր սերունդի անդամներ Յոնան Դաւթեան, Նիկոլ Դուման եւ Սաթենիկ Մատինեան (Ծաղիկ, դաշնակցական անունով, որ հետագային կեանքի անբաժան ընկերը պիտի դառնար Իշխանի), Յովսէփ Արղութեան անցաւ Թաւրիզ, Պարսկաստան, դարձեալ պաշտօնապէս իբրեւ ուսուցիչ ծառայելու, բայց ամբողջապէս Դէպի Երկիր զէնքի ու գործիչի անցքը կազմակերպելու առաքելութեամբ։ Մինչեւ 1894ի ամառը Թաւրիզի եւ Սալմաստի մէջ գործելէ ետք, Իշխան անցաւ Վան, Պետոյի մօտ, որպէսզի իր աջակցութիւնը բերէ Վասպուրականի կազմակերպական կառոյցի ընդլայնումին եւ ուժեղացումին։

1895ի գարնան Իշխան վերադարձաւ Թաւրիզ, ուր եւ մնաց մինչեւ 1897ի Խանասորի Արշաւանքը։

Թաւրիզի Հ.Յ.Դ. տեղական կառոյցի կազմակերպական աշխուժացման իր բերած մասնակցութեան կողքին, Իշխան Արղութեան գլխաւոր պատասխանատուներէն մէկը եղաւ դաշնակցական զինատար խումբերու եւ յեղափոխական գործիչներու Երկիր մուտքի կազմակերպումին։ Իսկ երբ 1896ի գարնան տեղի ունեցաւ Վանէն Պարսկաստան անցնող հարիւրաւոր հայ յեղափոխականներու կոտորածը քրտական Մազրիկ ցեղախումբին կողմէ, Նիկոլ Դումանի հետ Իշխան հանդիսացաւ Մազրիկները պատժելու մեծ գործողութեան՝ Խանասորի Արշաւանքին նախաձեռնողներէն եւ ծրագրողներէն մէկը, ապա եւ՝ արշաւախումբին փոխ-հրամանատարը, Վարդանի կողքին։

Արշաւանքի յաջող աւարտէն ետք, թրքական կառավարութեան պահանջով, Իշխան ձերբակալուեցաւ պարսկական իշխանութեանց կողմէ, որոնք երկու ամիս դաժան բանտարկութեան ենթարկելէ ետք հայ հերոսին՝ զայն յանձնեցին ռուս հիւպատոսին։ Ռուսական իշխանութիւնները ուղղակի Մետեխի բանտը նետեցին զինք, իսկ Օգոստոս 1898ին վարչական կարգով աքսորեցին Հաշտարխան, առանց Կովկաս վերադարձի իրաւունքի… Աւելի՛ն. 1898ի Նոյեմբերին, երեք տարուան պայմանաժամով, ցարական իշխանութիւնները աւելի դաժան աքսորի ենթարկեցին Իշխանը՝ հիւսիսային Ռուսաստանի Վոլոգդայի շրջանի սառնամանիքներուն մէջ, ուր առողջական վիճակը ուղղակի քայքայուեցաւ։ 1899ին, Իշխան Արղութեան յաջողեցաւ գաղտնաբար Մոսկուա անցնիլ եւ ամուսնանալ Սաթենիկ Մատինեանի հետ, որուն ընկերակցութեամբ վերադարձաւ աքսորավայր եւ հոն մնաց մինչեւ 1902ի վերջերը։

1903ին, Թիֆլիս վերադառնալով, Իշխան Արղութեան աշխատանք գտաւ «Նադեժդա» ընկերութեան մէջ, կնոջ հետ նոր թափով նետուելով ազգային-հասարակական եւ յեղափոխական գործի ասպարէզ։ Այդ օրերուն տեղի ունեցաւ Կովկասի կառավարչապետ Գոլիցինի ահաբեկումը, որուն իբրեւ կասկածեալ մեղսակից Յ. Արղութեան վերստին վեց ամիսով բանտարկուեցաւ։ Հազիւ անպարտ արձակուած՝ հայ եկեղեցապատկան կալուածներու ցարական բռնագրաւման դէմ համաժողովրդային բողոքի շարժումը սկսաւ եւ Արղութեանները անվարան նետուեցան պայքարի դաշտ։ Վրայ եկան 1905ի հայ-թաթարական կռիւները եւ Իշխան Արղութեան, նախ Թիֆլիսի եւ, ապա, Երեւանի մէջ (ուր փոխադրուած էր ընտանիքով իբրեւ նոյն ընկերութեան երեւանեան ներկայացուցիչը) Արղութեան նշանակուեցաւ հայ-թաթարական հաշտեցման յանձնախումբի մօտ Դաշնակցութեան ներկայացուցիչը։

1909ին, երբ ցարական իշխանութիւնները խիստ հալածանք բացին Դաշնակցութեան դէմ եւ զանգուածային ձերբակալութեան ենթարկեցին դաշնակցական թէ համակիր հարիւրաւոր գործիչներ ու մտաւորականներ, Իշխան Արղութեան դարձեալ առաջին ձերբակալուողներէն եւ բանտարկուողներէն եղաւ։ Նախ Մետեխի, ապա Ռոստովի ու Նովոչերկասկի բանտային դաժան պայմաններուն ենթարկուեցաւ։ Դրամական երաշխաւորութեամբ ազատ արձակուեցաւ Աւետիս Ահարոնեանի, Գ. Խաժակի եւ Աւետիք Իսահակեանի հետ, բայց երբ այս վերջինները արտասահման անցան՝ Իշխան վերստին ձերբակալուեցաւ ու բանտ մնաց մինչեւ 1912ի Դաշնակցութեան Դատին աւարտը, որմէ ետք ազատ ձգուեցաւ։

Այնուհետեւ սկսաւ Իշխան Արղութեանի ազգային-հասարակական եւ քաղաքական-կուսակցական գործունէութեան վերջին փուլը։ Գլխաւոր նախաձեռնողներէն ու պատասխանատուներէն եղաւ Հայ Կամաւորական Շարժման եւ նախ 4րդ ու 5րդ գունդերուն միացեալ, ապա 7րդ գունդին հրամանատարութիւնը ստանձնեց։ Ռեւանտուզի ճակատամարտին, ուր նահատակուեցաւ աննման Քեռին, Իշխան Արղութեան հերոսական սխրանքներ գործեց։

1917ին եւ 1918ին քաղաքական աշխոյժ գործունէութիւն ծաւալեց՝ Արեւելահայոց Ազգային Համագումարին նախագահ ընտրուելով, ապա՝ Հայոց Ազգային Խորհուրդին մաս կազմելով, Մայիսեան հերոսական ճակատամարտներուն մասնակցելով եւ անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանի անդամ ու փոխ-նախագահ ընտրուելով։ Իսկ երբ Դաշնակցութիւնը 1919ին հայրենի հողի վրայ պատմական իր առաջին հաւաքը՝ 9րդ Ընդհանուր Ժողովը գումարեց Երեւանի մէջ, Իշխան Արղութեանի վիճակուեցաւ ժողովին նախագահութիւնը վարելու պատասխանատուութիւնը։

1920ին Իշխան Յովսէփ Արղութեան նշանակուեցաւ Իրանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան։ Ձեռնհասութեամբ վարեց դիւանագիտական այդ պատասխանատուութիւնը եւս, Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի համար ծայր աստիճան զգայուն այդ հանգրուանին։ Բայց առողջական վիճակը գահավէժ անկումի մէջ էր։ 1922ին ընտանեօք փոխադրուեցաւ Փարիզ, ուր տնտեսական ծայր աստիճան անձուկ պայմաններու մէջ եւ քայքայուած առողջութեամբ՝ 15 Հոկտեմբեր 1925ին իր վերջին շունչը փչեց հայ յեղափոխական շարժման ասպետական ոգին ու կամքը խորհրդանշող մեծանուն հայը, դաշնակցական ռահվիրան։

Իշխան Յովսէփ Արղութեանի գաղափարական աւանդը խիտ, այլեւ խօսուն վկայութեամբ մեր սերունդներուն փոխանցած է Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի վաստակաւոր ներկայացուցիչ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան երրորդ վարչապետ Համօ Օհանջանեան, Իշխանի մահուան առիթով, Հ.Յ.Դ. Եգիպտոսի պաշտօնաթերթ «Յուսաբեր»ի 24 Հոկտեմբեր 1925ի համարին մէջ հրատարակուած իր «Մոհեկաններից Վերջինը» խորագրով մահագրութեամբ.

«- Առաջիններից էր նա, այն շքեղ փաղանգից, որ բացաւ հայ յեղափոխութեան փշոտ, բայց փառաւոր ճանապարհը։

«Իր զինակից ընկերներից, որոնց հետ միասին 35-40 տարի առաջ նա սկսեց հայկական յեղափոխական գործը, Իշխանը վերջինն է, որ իջնում է գերեզման՝ Քրիստափորից, Սիմոնից, Ռոստոմից, Նիկոլից, Սերոբից եւ Քեռիից յետոյ։

«Իշխանը հեռանում է այս կեանքից, 40 տարուայ փոթորկալից յեղափոխականին վիճակուած բոլոր փորձանքներով, զրկանքներով եւ նաեւ գաղափարական ոգեւորութեամբ լի գործունէութիւն ունենալուց յետոյ»։

Ն.
azator.gr

Տպել Տպել