Հայ Դատի Եւրոպայի գործիչը ներկայ գտնուեցաւ Քիւրտիստանի խաղաղութեան եւ աջակցութեան նպատակաուղղուած գիտական խորհրդաժողովին

kurdistanՍթոքհոլմի մէջ 11-13 Հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ Քիւրտերու Գիտական Երրորդ Համաշխարհային Խորհրդաժողովը, որու աշխատանքները ուղղուած էին ապագայ Քիւրտիստանի տնտեսական-գիտական-մշակութային եւ առողջապահական ծրագրերու մշակման։

Երկօրեայ խորհրդաժողովը համախմբեց վերոյիշեալ բնագաւառներու հմուտ անձնաւորութիւններու ներկայութիւնը, որոնք գիտահետազօտական իրենց ներկայացումներով եւ զեկուցումներով հիմքերը ճշդորոշեցին տուեալ ծրագիրներուն։

Սթոքհոլմի խորհրդաժողովը հիմնականօրէն նպատակ ունէր ամրապնդելու Քիւրտիստանի գոյութիւնն ու դերակատարութիւնը՝ շարունակաբար զարգացող առաջադէմ ու ժամանակակից համաշխարհային հասարակութեան մէջ, նոյն պահուն խաղաղութիւն եւ բարգաւաճում ապահովելով Միջին Արեւելքի համար։

Ժողովին ներկայ եղան եւ խօսքերով հանդէս եկան Քիւրտիստանի արտաքին յարաբերութիւններու նախարար Ֆալահ Մուստաֆա Պաքիր, Շուէտի խորհրդարանի անդամ Ֆրետերիք Մալմ, Քիւրտիստանի զարգացման միութեան հիմնադիր Ալան Տիլանի եւ յայտնի այլ անձնաւորութիւններ որոնց կարգին նաեւ Գանատայի խորհրդարանի անդամ Ճիմ Քարիեանիս։

Շատ երկիրներու եւ հասարակութիւններու մօտ հասկնալի է, թէ տարածաշրջանէն ներս առաջադէմ հասարակութիւնները պէտք է ժողովրդավար հիմքերու վրայ զարգանան, աւելի ուժեղ եւ կայուն տնտեսական աճ ապահովելու ճանապարհին վրայ՝ ճանչնալով ու յարգելով փոքրա մասնութիւններու իրաւունքները։ Ընդհանուր այս ծիրին մէջ յատուկ դեր վերապահուած է տարածաշրջանի մէջ ապրող քրտական բնակչութեան համար։

Խորհրդաժողովի աշխատանքներուն մասնակցելու համար յատուկ հրաւէր ուղղուած էր Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեանին, որ ներածական խօսքով ելոյթ ունեցաւ, անդրադառնալով հայկական սփիւռքի պատմական դրդապատճառներուն եւ ներկայ ի- րավիճակին։

Ան բացատրեց թէ հայկական սփիւռքը կազմուեցաւ Առաջին Համաշխարհային պատերազմէն ետք, որպէս հետեւանք Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ 1915-1923 թուականներուն ծրագրուած եւ իրագործուած Հայոց Ցեղասպանութեան։ « Այդ ժամանակաշրջանին՝ Օսմանեան Թուրքիոյ պետական կազմակերպութեամբ էր, որ հայութեան ոչնչացումը փորձուեցաւ եւ հայ եւ քիւրտ ժողովուրդներու հասարակաց պատմութեան սեւ էջերը գրի առնուեցան։ Ցեղասպանութեան որպէս հետեւանք՝ հայութեան բեկորները ստիպուած եղան ապրելու աշխարհի տարբեր ցամաքամասերու վրայ, կազմելով հայկական գաղութներ, հեռու՝ հայրենի հողէն։ Այսօր շուրջ 3 միլիոն բնակչութիւն կþապրի Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ եւ շուրջ 7 միլիոն՝ սփիւռքի մէջ»։

Գասպար Կարապետեան անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան տարիներուն, երբ 1918-1920 թուականին նորակազմ հանրապետութեան մէջ ապահովուեցան քիւրտերու քաղաքական իրաւունքները, իրենց ներկայացուցիչը ընտրուեցաւ Հայաստանի խորհրդարանի որպէս անդամ, քիւրտեր պաշտօնավարեցին հայկական բանակէն ներս եւ կամաւորներու խումբեր կազմեցին։

Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի նախագահը իր խօսքին մէջ կարեւորութեամբ նշեց քրտական լեզուի պահպանման ուղղուած հայութեան ջանքերը, ձայնասփիւռի Երեւանեան հաղորդումներուն եւ քրտական առաջին թերթ՝ «Ռիյա Թեզէի» միջոցաւ։ Քրտերէն լեզուն մամուլի միջոցաւ տարածուելու հնարաւորութիւնը առաջին անգամ ըլլալով Հայաստանի մէջ տրուեցաւ քիւրտ ժողովուրդին, մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացնելով գրաւուած պատմական Հայաստանի հողերուն վրայ բնակող քիւրտ ժողովուրդին մօտ։

azator.gr

Տպել Տպել