Հաղորդագրութիւն յունահայոց ազգային վարչութեան

anc-gr-logoՅունահայոց Ազգային Վարչութեան ատենապետ պրն. Արա Մանկոյեան, ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցից պրն. Գէորգ Գոլանեան եւ Հ.Կ.Խ.ի Յունաստանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի տիկին Լուսի Շանկայեան Հինգշաբթի 17 Հոկտեմբեր 2013-ին, յետ ժամադրութեան, յոյժ կարեւոր հանդիպում մը ունեցան կրթական նախարար պրն. Գոնսթանտինոս Արվանիթոփուլոսին հետ, նախարարութեան գրասենեակին մէջ:

Հանդիպման ընթացքին՝ համայնքի կառոյցներու ներկայացուցիչները մանրամասնօրէն պարզեցին մեր վարժարաններու դիմագրաւած սուր դժուարութիւնները: Իբրեւ հիմնական հարց, պրն. նախարարի նկատողութեան յանձնուեցաւ հայ ուսուցիչներու վճարման մասին գոյութիւն ունեցող օրէնքի բարեփոխման անհրաժեշտութիւնը: Պրն. նախարարը տեղւոյն վրայ հանդիպման ներկայ իր խորհրդատուին յանձնարարեց որ համապատասխան օրինագծի մը պատրաստութեան համար հանդիպման մը հրաւիրէ նախարարութեան իրաւական հարցերու խորհրդատուին եւ Յունահայոց Ազգային Վարչութեան իրաւաբանին միջեւ:

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
azator.gr

Տպել Տպել