Երեւանի կեդրոնական պողոտաներուն վրայ արձանագրուած պատկերները հասարակութիւն-իրաւապահ մարմիններ յարաբերութեան ոչ հեռանկարային իրավիճակ կը պարզեն: Այս սիւնակներէն քանի մը անգամ շեշտուեցաւ քաղաքացիական առողջ շարժումներու կայացման անհրաժեշտութիւնը: Մանաւանդ, երբ ընդդիմադիր ուժերու միաւորման չկայացումով ստեղծուած բացը լրացնելու իբրեւ անհրաժեշտութիւն կը դիտարկուէին քաղաքացիական շարժումի այդ դրսեւորումները: Այդ շարժման որոշ գործողութիւններ յանգեցան դրական արդիւնքի, երբ պետական այս կամ այն հաստատութիւնը պարտաւորուեցաւ առկախել իր որոշումը, երբեմն նոյնիսկ բեկանել զայն եւ հաշուի նստիլ ցուցարարներու պահանջներուն հետ: Քաղաքացիական այդ շարժումները ընդհանրապէս կը վերաբերէին քաղաքի դիմագիծի պահպանման, բնապահպանութեան, հանքերու ապօրինի օգտագործման եւ յուշարձանային կառոյցներու պահպանման առաջադրանքներուն:
Բողոքի այդ գործողութիւնները մինչեւ վերջերս կ՛ընկալուէին օրէնքի սահմաններուն մէջ: Խաղաղ երթեր, բողոքներ, պահանջներ, հաւաքներ, յուշագրեր: Նման պարունակի մէջ պէտք է դիտարկել նաեւ սպայ բժիշկի ծեծի տակ սպանութեան դէմ ծաւալած շարժումն ու ազատամարտիկ գիւղապետի սպանութիւնը բացայայտելու պահանջով կազմակերպուած բողոքի ելոյթներու շարքը: Այս բոլորը, ցուցական իրենց տեսքով, խիստ քննադատական մօտեցումներով եւ պահանջատիրական անտեղիտալի կեցուածքներով ընդդիմադիր մշակոյթի մը ձեւաւորման նախաքայլերը կը համարուէին` միշտ ու միշտ իրաւական սահմանագիծը յարգելու սկզբունքով:
Ի վերջոյ պահանջը օրէնքի գերակայումն է, սահմանադրութեան յարգումը եւ օրէնքի դիմաց համահաւասարութեան սկզբունքի կիրարկումը: Իսկ նման պահանջ ուղղուած է բոլորին: Ճիշդ է, որ օրինախախտումի դէպքերը պէտք է վերահսկուին իրաւապահ մարմիններուն կողմէ եւ արժանանան համապատասխան հակազդեցութեան. ճիշդ է նաեւ, որ օրէնքի նման միեւնոյն զգայնութիւնը պիտի ցուցաբերէ նաեւ քաղաքացին: Երկկողմանի այս զգայնութիւնը չերեւցաւ 5 նոյեմբերին, Երեւանի պողոտաներուն վրայ:
Նախ պէտք է անմիջապէս արձանագրել, որ ըմբոստութեան այս փորձը եւ իրաւապահ մարմիններու դէմ բռնութեան կիրարկումը կապ չունէին վերը նշուած քաղաքացիական առողջ շարժումի դրսեւորումներուն հետ: Այստեղ հրահրումը ակներեւ էր, իբրեւ բողոքի մեթոտ, որ անպայման պիտի յանգէր բախումի: Օգտագործուած միջոցը` «անանուն-դիմակ», «յեղափոխութիւն» յառաջացնելու կոչեր եւ տակաւին գաւազաններով զինուած ներկայանալ կը նախանշէին, որ խաղաղ երթերու եւ օրէնքի սահմաններուն մէջ կազմակերպուած չէր այս վերջին շարժումը:
Կայ անշուշտ հակաառարկութիւնը, որ քաղաքացիական հագուստով բողոքողներուն շարքերուն խառնուած ոստիկաններուն օգտագործած այս մեթոտը եւս հակաօրինական է, ինչ որ երկուստեք օրէնքի խախտումի երեւոյթներ կը պարզէ:
Փաստ է, որ ժողովրդային ընդառաջումի չարժանացաւ ըմբոստութեան այս կոչն ու դրսեւորումը: Հայկական լրատուադաշտը տարաբնոյթ մեկնաբանութիւններով յագեցած է: Մտահոգիչը (եւ ակնկալելին) այն է, որ հակառակորդի լրատուամիջոցը խանդավառութեամբ կը ցուցադրէ ֆիզիքական ընդհարումներու պատկերները: Ինչ որ թեմայի շահարկումի մասին մտածել կու տայ անպայման:
Ձերբակալութիւններ անշուշտ պիտի հետեւէին այս բոլորին: Ճիշդ է միաժամանակ նկատելը, որ նման բախումներու ականատես եղած ենք ժողովրդավարութեան համբաւ շահած երկիրներու մէջ եւս եւ պէտք չէ ողբերգականացնել պատահարները: Անհրաժեշտ է սակայն դէպքերու զարգացման կանխարգիլումը: Չէ բացառուած անշուշտ, որ նոր քաղբանտարկեալներու ազատ արձակումի պահանջներով հանդէս գան ինչպէս հայաստանեան, այնպէս նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններ:
Երկու տարբեր բնոյթի օրինակներ տուած ըլլալու համար, քաղաքացիական շարժումի մեթոտները ազատամարտիկ գիւղապետի սպանութեան բացայայտման կամ Մաշտոցի պուրակի պահպանման կիրարկած օրինաչափութիւններով վերընթանալու անհրաժեշտութեան առջեւ են: Ի վերջոյ իրաւական պետութեան ստեղծման համար օրէնքի գերակայումն ու յարգումը պիտի գան ինչպէս իշխանութիւններէն, այնպէս նաեւ հասարակութենէն:
«Ա.»
aztagdaily.com







