Հաղորդագրություն

syria-shdab-logo (1)Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան եւ Վերականգնումի Մարմնի աշխատանքները Յուլիս 2013ին, մէկ տարուան ժամանակաշրջան բոլորեցին:

Ահազանգող պայմաններու, վտանգաւոր կացութիւններու եւ սարսափազդու սպառնալիքներու մթնոլորտի մէջ, սուրիահայութիւնը ամրապնդեց միասնականութեան սկզբունքով առաջնորդուող իր գոյերթը:

Սուրիահայութիւնը ապրեցաւ դէպքերով, յուզմունքով, տառապանքով սակայն մաքառումով, աշխատանքով ու բարեգործութիւններով լեցուն տարի մը: Սուրիահայ համայնքը ապացուցեց, որ յանուն իր Ֆիզիքական գոյութեան եւ արժանապատուութեան պահպանման, կարողութիւնն ունի անգամ ամենաժանտ պատուհասները յաղթահարելու:

Այսպէս, սննդեղէնի, առողջապահական, բնակարանային, ապահովական եւ կրթական բնագաւառներու մէջ բոլոր ճիգերը ի գործ դրուեցան ժողովուրդին կարիքներուն սատար հանդիսանալու համար:

Շտապ Օգնութեան Գործադիր Մարմինները ընդհանրապէս եւ Հալէպի Գործադիր Մարմինը մասնաւորապէս ծառայութիւններ մատուցեցին վիրաւորին անօթեւանին, գործազուրկին եւ ընդհանրապէս կարիքաւորին:

Այս ընթացքով Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան եւ Վերականգնումի Մարմինն ու Գործադիր Մարմինները ծանր բայց նուիրական աշխատանքով յատկանշուած տարի մը բոլորեցին:

Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան եւ Վերականգնումի Մարմինը, բաղկացած համայնքի ներկայացուցիչներէն, գործելով կատարեալ համերաշխութեան եւ լրջախոհութեան մթնոլորտի մէջ, իր աշխատանքով խտացուց համահայկական կամքի հզօրութիւնը եւ միասնականութեան դրսեւորման լաւագոյն վկան հանդիսացաւ:

Տարուան մը ընթացքին աշխարհասփիւռ մեր հայրենակիցները փորձեցին հոգեպէս թէ նիւթապէս մեզի հետ կիսել մեր ցաւն ու տառապանքը, ոմանք սփոփիչ արտայայտութիւններով, ոմանք քարոզչական գործով, ոմանք նիւթական ներդրումներով:

Աշխարհի տարբեր կողմերուն մէջ կազմուեցան Սուրիահայութեան Օժանդակութեան Մարմիններ, որոնք սուրիահայութեան օգնութեան ձեռք երկարեցին:

Մեր ժողովուրդը տոկաց: Տոկաց ու բարձր պահեց իր արժանապատուութիւնը, իր հոգեկան ու նիւթական արժանիքները:

Այսօր, տակաւին սաստկօրէն շարունակուող դժուար կացութեան, ծանր պայմաններուն եւ ժողովրդային կենսական բազմապատկուող կարիքներուն ու մեր սահմանափակ կարողութիւններու իրավիճակին մէջ, Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան աշխատանքները կը յարատեւեն, կը յարատեւեն նաեւ սուրիահայութեան որպէս համայնք առաջին հերթին մարդկային արժէքի եւ երկրորդ հոգեւոր ու նիւթական արժէքներու տէր կանգնումին եւ պահպանման աշխատանքները:

Մէկ տարուան ընթացքին նուիրապետական երկու Աթոռներու՝ Ամենայն Հայոց եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեանց ճամբով, թեմերէ, զանազան շրջաններէ, մարմիններէ եւ անհատ հայորդիներէ ՍՇՕՎՄս ցայսօր ստացած է մօտաւորապէս 1.700.000 (մէկ միլիոն եօթ հարիւր հազար) Ա.Տ.:

Այսօրուան պայմաններուն մէջ, ապահովական, առողջապահական, սննդեղէնի, բնակարանային նորոգութեան եւ կրթական բնագաւառներուն մէջ, ժողովուրդին ծառայութիւն մատուցելու համար ՍՇՕՎՄս ամսական դրութեամբ կարիքը ունի՝ 150.000 Ա.Տոլարի (հարիւր հազար):

Շնորհակալութիւն անխտիր բոլոր նուիրատու կողմերուն, որոնք օժանդակեցին եւ կը շարունակեն օժանդակել Սուրիոյ հայութեան:

Շնորհակալութիւն մեր ժողովուրդին, իր Աստուածահաճոյ վարմունքին ու համբերատար վերաբերմունքին համար£
Վարձքը կատար Սուրիոյ տարածքին գործող Շտապ Օգնութեան Գործադիր Մարմիններուն:

Կը յուսանք, որ սուրիական հայրենիքի երկինքը կրկին կը խաղաղի, մեր վէրքերը կը սպիանան, վերականգնումի երթը սկիզբ կ‏þառնէ, եւ խինդ ու կորովը կրկին սուրիահայութիւնը յատկանշող գիծեր կը դառնան:

ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ
ՇՏԱՊ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻ ՄԱՐՄԻՆ

Տպել Տպել