«Ազդակ»ի Խմբագրական. «Նիւթեր»ը՝ Պէյրութէն Դէպի Երեւան

YervantPamboukian1-13-300x234ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի քարոզչական մարմինի նախաձեռնութեամբ այսօր տեղի կ՛ունենայ «Նիւթեր ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութեան համար» 9-րդ հատորի ներկայացումը։ Նոյն մարմինին կազմակերպութեամբ կը հետեւին «Համացանցի վրայ հակահայ քարոզչութեան խնդիրներ» եւ «Արցախեան ազատագրական շարժում՝ 1988-1994» նիւթերով դասախօսական երեկոները։

Թեմաները բարացուցական են արդէն եւ կ՛ընդգծեն ինչպէս պատմագիտական, այնպէս նաեւ քաղաքական այժմէական նշանակութիւն ունեցող հարցերու արծարծումը, իրազեկումը, բայց մանաւանդ անոնց առընթեր խորհրդածութիւնը նշանակալի նախաձեռնութիւններու դիմելու։
Այսպէս. Արխիւային, պատմագիտական հսկայական աշխատանք տարուած է եւ կը շարունակուի տարուիլ Դաշնակցութեան ժողովներու ատենագրութիւններուն, գործիչներու միջեւ եղած նամակագրութիւններուն, զեկուցագրերուն, տեղեկագրերուն եւ տարբեր աշխարհագրական միջավայրերու եւ ժամանակներու մէջ կայացած նիստերու արձանագրութիւններու խմբագրման, ծանօթագրման, ձեռագրերու վերծանման եւ տակաւին ծածկանուններու եւ հասկնալի պատճառներով գաղտնագրուած նիւթերու գաղտնազերծման, ինչպէս նաեւ անձնանուններու, տեղանուններու մատենագրումին առումով։

Հայ ժամանակակից պատմութեան ընդհանրապէս եւ հայ ազատագրական շարժման պատմագիտական ներկայացումներուն համար մասնաւորապէս հրամցուող այս նիւթերը հանգրուան առ հանգրուան կը տրամադրուին հայ հասարակութեան։ Պատմական ժամանակահատուածներուն տիրող կացութեան, տուեալ պայմաններուն մէջ իրավիճակ փոխելու վճռակամութեան ձեւաւորման եւ ժողովրդային ինքնապաշտպանողական մարտերու համար նախապատրաստական աշխատանքներու ծաւալման ծալքերը բացող կոթողային հատորներ են «Նիւթեր»-ը, որոնք անշրջանցելի եւ անփոխարինելի աղբիւրագիտական հարստութիւն կը ներկայացնեն այդ ժամանակաշրջանի պատմութիւնը հետազօտողներուն համար։

Մասնակիօրէն վերջին հատորը կը վերաբերի «Պարսկաստանը՝ սահմանադրական շարժման տարիներուն 1909-1912», «Կովկասը եւ ՀՅ Դաշնակցութեան Դատը» եւ «Եւրոպայի հայ ուսանողական միութիւնները» բաժիններուն։

Ներկայացման այս եղանակը իր վրայ կը կեդրոնացնէ կարեւոր մէկ երեւոյթ, որ խորհուրդի կարգով կ՛առնչուի ՀՅ Դաշնակցութեան հիմնադիրներէն Սիմոն Զաւարեանի մահուան առիթով ազգային արխիւի եւ ազգային ակադեմիայի կողմէ առնուած նախաձեռնութիւններուն փոխանցած պատգամին։ Հատորի ներկայացման համար հրաւիրուած են Երեւանի պետական համալսարանի պատմագէտներ, որոնց ներկայութիւնն ու արժեւորումը նման աշխատասիրութիւններու, պարտաւորեցնող հանգամանք ունի։ Ազգային արխիւի, ազգային ակադեմիայի եւ այժմ ալ պետական համալսարանի ներգրաւուածութիւնը նման արժէքներու, իր վրայ կը կեդրոնացնէ մտածելու կարեւոր կէտեր։ Դասական ըմբռնումը անշուշտ հայագիտական նման կեդրոնի ցուցաբերած գնահատականն է Դաշնակցութեան արխիւներուն նկատմամբ՝ իբրեւ նկատառելի սկզբնաղբիւր հայագիտական նոր հետազօտութիւններու համար։ Խնդիրը սակայն, աւելին է։ Երեւանի պետական համալսարանի առնչութեան ապահովումը զուտ միջոցառումային չէ։ Չի սկսիր ու չ՛աւարտիր բնականաբար շնորհահանդէս-ձեռնարկով։

«Նիւթեր»-ու ինը հատորները արդէն իսկ թուայնացուած վիճակի մէջ տեղադրուած են համալսարանի կայքին վրայ, ինչ որ բացառիկ հնարաւորութիւն կը ստեղծէ ոչ միայն Հայաստանի, այլ նաեւ սփիւռքի գիտական շրջանակներուն այս արխիւները օգտագործելու ժամանակակից պատմութեան գիտահետազօտական աշխատանքներուն համար։
Աւելի՛ն. «Նիւթեր»-ու հանրայնացումը այս ձեւով առիթ կը ստեղծէ, որ Երեւանի պետական համալսարանի պատմութեան ամպիոնի դասախօսական կազմն ու հազարաւոր ուսանողութիւնը իրենց առջեւ ունենան ուսումնասիրութեան արխիւային նոր դաշտ մը, որ անպայման նոր լուսարձակներ կը բանայ հայ յեղափոխութեան ծնունդին, ծաւալման ու զարգացման ուղղութիւններուն վրայ։

Խորհրդահայ պատմագրութեան վերախմբագրման աշխատանքները կը շարունակուին. եւ այդ առումով «Նիւթեր»-ը կրնան հիմնովին օգտակարութիւն ունենալ ժամանակակից պատմագրութեան գիտահետազօտութեան։ Այս առումով ալ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի քարոզչական մարմինի կազմակերպած ձեռնարկին նման, «Նիւթեր»-ու Երեւանի մէջ ներկայացումը հայ պատմագիտական մտքին համար անպայման նոր ուղիներ կը նախանշէ։

aztagdaily.com

Տպել Տպել