Ամերիկեան ցամաքամասի եւ Աւստրալիոյ Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի յանձնախումբերու խորհրդաժողովի յայտարարութիւն

hay datՆոյեմբեր 16-17ին Գանատայի Մոնթրէալ քաղաքին մէջ կայացաւ Ամերիկեան ցամաքամասի եւ Աւստրալիոյ Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի յանձնախումբերու խորհրդաժողովը։ Խորհրդաժողովին մասնակցեցան Գանատայի, Արեւմտեան Ամերիկայի, Արեւելեան Ամերիկայի եւ Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբերու ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ Հայ Դատի յանձնախումբի Ուաշինկթընի գրասենեակի պատուիրակութիւնը։ Երկօրեայ խորհրդաժողովի ընթացքին քննարկուեցան համաշխարհային ներկայ քաղաքական իրավիճակը եւ Հայ Դատի ներկայ հանգրուանի մարտահրաւէրները։

Խորհրդաժողովը լսեց ժողովին մասնակից շրջաններու աշխատանքային զեկոյցները եւ քննարկման բովէ անցուց ամերիկեան ցամաքամասի եւ Ովկիանիոյ ցամաքամասի տարածքին Հայ Դատի աշխատանքներու ներկայ աշխատանքային գործընթացն ու մարտահրաւէրները։

Խորհրդաժողովը անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցման խնդիրներուն, Եղեռնի 100-ամեակին, Արցախի անկախութեան ճանաչման եւ Ջաւախքի հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան գծով կատարուելիք աշխատանքներուն։ Յատուկ շեշտադրութեամբ քննարկուեցան նաեւ Միացեալ նահանգներու, Գանատայի եւ Աւստրալիոյ հայահոծ գաղութեներու նորահաս սերունդի յաւելեալ քաղաքականացման հարցը։

Խորհրդաժողովը շեշտեց Ամերիկեան ցամաքամասի եւ Աւստրալիոյ մէջ գործող Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու Սուրիոյ հայութեան աջակցութեան ուղղութեամբ աշխատանքները հետեւողականօրէն շարունակելու անհրաժեշտութիւնը։

Տպել Տպել