Խմբագրական «Հորիզոն»ի. Հայ Դատի պատնէշներու ամրագրման ի խնդիր – (Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախաձեռնած նուիրահաւաքին առիթով)

ANCC1-1Նոյեմբեր 16-ին, Գանատայի մէջ սկիզբ առաւ Հայ Դատի յանձնախումբի նախաձեռնած նուիրահաւաքը, որ ուղղուած է յանձնախումբի բազմաբեւեռ քարոզչական աշխատանքներուն յաւելեալ զարկ տալու նպատակին։ Գանատայի հայ գաղութին համար անծանօթ չեն վերոնշեալ յանձնախումբի կէս դարու ժամանակահատուածի վրայ արձանագրուած իրագործումները։ Յանձնախումբի առաքելութեանց կիզակեդրոնը կը կազմեն Արեւմտահայաստանի տարածքային պահանջատիրական դատը, Արցախի ինքնորոշման հարցը, Ջաւախքի հայութեան խնդիրը, սուրիական ճգնաժամին մէջ յայտնուած հեղձամահ սուրիահայութեան աջակցութեան ջանքերը, ՀՀ արտաքին քաղաքականութեան սատարման գծով դիւանագիտական բազմաբնոյթ աշխատանքները….

Յիշատակման արժանի են նաեւ Գանատայի անմիջական ներքաղաքական բեմին վրայ յանձնախումբի երկարամեայ մաքառումները Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով, որոնց պսակադրումը հանդիսացան գանատական ծերակոյտին եւ խորհրդարանին կողմէ ընդունուած ճանաչման բանաձեւերը։

Նոյեմբեր 16-ին, յանձնախումբի առաքելութեան հետեւորդ զօրակիցներու բանակը եկաւ հաստատելու, որ ազգային մեր իղձերու, քաղաքական նպատակներու ու ծրագիրներու իրագործման համար գանատահայութիւնը պատնէշի վրայ է տակաւին եւ հաւատարիմ կը մնայ Հայ Դատի արդար հանգուցալուծման տեսլականին։ Ի վերջոյ, յանձնախումբը քարոզչական իր ոգորումները կը կատարէ հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներուն վերատիրացման եւ Սփիւռքի ծնունդ իւրաքանչիւր տարագրեալ գանատահայի կորուսեալ ծննդավայրի վերադաձին ի խնդիր։

Բոլոր նախադրեալները կը յուշեն, որ նուիրահաւաքի այս նախաձեռնութեան յառաջիկայ հանգրուանին, գանատահայ գաղութի միւս ոստաններուն մէջ, մեր հայրենակիցները իրենց լիաբուռն մասնակցութիւնը պիտի բերեն այս ծրագրին եւ պիտի անսան Հայ Դատի կոչին։

Եւ այս ամէնը՝ որպէսզի սուրիահայ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն ուղղուող մարդասիրական օգնութեան ճիգերը յաւելեալ թափով շարունակուին, որպէսզի Արցախի ժողովուրդի ազատ ինքնորոշման արդար իրաւունքը ճանաչում գտնէ համաշխարհային քաղաքական բեմին վրայ, որպէսզի անտէր չմնան մեր պատմական բնօրրանի բռնագրաւուած տարածքներուն վրայ դեռեւս գոյատեւող պատմութեան լուռ վկաները հանդիսացող կիսակործան մեր պատմամշակութային կոթողներն ու ժառանգութիւնը, որպէսզի Գանատայի մէջ ի սպառ սանձուի թրքական ուրացման քարոզարշաւն ու ատրպէյճանական կողմի դաւադիր յերիւրանքները, որպէսզի թաւալող ժամանակին հետ, պատմութեան մէջ օր մը, ազգովին առիթը ունենանք ստեղծագործելու, արարելու եւ զարգանալու մէկ ու ամբողջական աշխարհագրական տարածութեամբ հայրենի հողի վրայ, որպէսզի հայ անհատը, լիակատար կարելիութիւնը ունենայ ազատօրէն ապրելու ու շնչելու իր հողին վրայ, իր անկախ ու ինքնիշխան երկրի միաւորուած երկնակամարին ներքոյ։

horizonweekly.ca
20/11/2013

Տպել Տպել