Վերականգնումի Ծրագիր

Apo-PhotՀայաստանի տնտեսութիւնը քանդուա՞ծ է, քայքաուա՞ծ է: Տնտեսագիտական կամ քաղաքական գնահատումներով՝ հաւանաբար նման եզրակացութիւն մը վիճելի կրնայ ըլլալ: Այսուհանդերձ, տնտեսական վերականգնման սեփական ծրագիրի մը անհրաժեշտութեան դէմ կրնա՞յ ոեւէ մէկը հակաճառել:

Հայաստանէն արտագաղթի գլխաւոր պատճառներէն մէկը՝ անարդարութեան, կաշառակերութեան, իշխանութեանց կամայականութեանց ստեղծած հոգեբանական ծանր մթնոլորտին կողքին՝ անգործութեան բարձր ցուցանիշն է: Նաեւ՝ գործ ունեցողներու ցած աշխատավարձը:

Ամէն անգամ, երբ Հայաստանի մէջ ներդրում կատարելու քարոզչութիւն կը կատարուի, նոր աշխատատեղիներու ստեղծման ուղղութեամբ ակնկալուած բարիքներն են, որ կ՛ընդգծուին: Դժբախտաբար, այս ոլորտին մէջ ամէն անգամ, երբ մէկ քայլ առաջ կ՛երթանք, երկու քայլ ետ դառնալու պայմաններ կը յառաջանան: Փաստը այն է, որ հակառակ այսքան տարիներու քարոզչութեան, տակաւին երկիրի տնտեսութեան մէջ բեկում յառաջացնող ներդրումներու մասին չե՛նք լսեր, չե՛նք կարդար:

Բայց եւ մեզ անհրաժեշտը՝ այդ բեկում յառաջացնող ներդրումն է, որ պիտի դառնայ շարժիչ ուժը հզօր թափով ընթացող վերականգնումի գործընթացին, որուն միջոցաւ՝ զարգացման համար անհրաժեշտ ենթակառոյցը պիտի տեղադրուի հաղորդակցութեան, կրթութեան, առողջապահութեան, արդիւնաբերութեան, ճարտարարուեստի եւ այլ ոլորտներու մէջ:

Այդ բեկում յառաջացնող ներդրումը այլ՝ հարուստ երկիրներու պարագային, կրնայ ներքին միջոցներով ստեղծուիլ: Մեր պարագային, այդ ներքին միջոցի մէկ կարեւոր մասը կրնայ գոյանալ Սփիւռքէն, մեզմէ: «Հայաստան» հիմնադրամի տարեկան հանգանակային արշաւները այդ միջոցները հաւաքելու մէկ տարբերակն են, մինչեւ հիմա՝ ամէնէն յաջողած ճանապարհը: Հիմնադրամին առաջադրած ծրագիրները ընդհանրապէս նոյն ենթակառուցային զարգացման նպատակն է, զոր կը հետապնդեն՝ աւելի՛ համեստ չափերով, ամէն տարի մէկ ոլորտ առանձնացնելով: Թերեւս արդէն իսկ ժամանակն է, որ Հիմնադրամի ծրագիրները աւելի ամբողջական դառնան՝ համադրելով իրարու շաղկապուած ոլորտներ, ինչպէս օրինակ՝ ճանապարհաշինութեան կողքին՝ անոր առընթեր նոյն ճանապարհի եզերքին գտնուղ համայնքներու զարգացման եւ նոր համայնքներու ստեղծման պայմաններու ստեղծումով:

Յամենայնդէպս, հիմա, գալ Հինգշաբթի, Հիմնադրամի հանգանակային արշաւն է՝ Արցախի հետ երկրորդ կենսական մայրուղին կառուցելու նպատակով: Այս մէկն ալ իրականացնենք՝ մեր լիաբուռն մասնակցութեամբ, ապա նոր կ՛անցնինք նոր առաջարկներուն եւ գործելաոճի հարցերուն:

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

asbarez.com

22/11/2012

Տպել Տպել