Ռումանիոյ մէջ Հայ Դատի Յանձնախումբի կազմութիւն

unnamedՊրիւքսել, նոյեմբեր 25, 2013.- Նոյեմբեր 23, 2013-ին, Ռումանիոյ Առաջնորդարանի սրահէն ներս, Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Տաթեւ Սրբ. Եպսկ. Յակոբեան-Մուրատեանի պատուոյ նախագահութեամբ եւ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեանի ներկայութեամբ, հիմքը դրուեցաւ եւ կազմուեցաւ Ռումանիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը: Ներկայ էր նաեւ Պելճիքայի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամ՝ Իրինա Մանուկեանը:

Նիստի սկիզբը Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, շեշտեց մեր ազգային հիմնահարցերուն համար պայքարող նուիրեալ անձերու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ Ռումանիոյ մէջ Հայ Դատի յանձնախումբի մը գոյութեան կարեւորութիւնն ու իմաստը։ Ան յայտնեց իր անվերապահ աջակցութիւնն ու յանձնախումբին կողքին ըլլալու իր պատրաստակամութիւնը, երբ որ կարիքն զգացուի:

Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան, իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ այս օրերուն Հայ Դատի յանձնախումբերու ցանցին նոր կարեւոր մասնիկ մը եւս կը միանայ։ Գասպար Կարապետեան հանգամանօրէն ներկայացուց այժմու մեր ազգային հիմնահարցերու էութիւնն ու մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ մեր կողմէ կատարուելիք աշխատանքներուն առաջնահերթութիւններն ու կիրարկուող մարտավարութիւնը: Ան նաեւ անդրադարձաւ Ռումանիոյ ներկայութեան մասին Եւրոպական Խորհրդարանէն եւ այլ համաեւրոպական կազմակերպութիւններէն ներս, տալով որոշ բացատրութիւններ անոնց գործունէութեան եւ դիրքաւորումներուն մասին, մեր հարցերուն հանդէպ:
Ապա, կարծիքներու փոխանակումէ ետք, կատարուեցաւ կարճաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ նախնական ծրագրում մը, որ իր ժամանակին պիտի դառնայ հանրութեան սեփականութիւնը։ռօմ

Ռումանիոյ նորաստեղծ Հայ Դատի յանձնախումբը, իր ծրագրումներով եւ գործունէութեամբ, պիտի ջանայ ա՛լ աւելի հաղորդ դարձնել բարեկամ եւ հիւրընկալ Ռումանիոյ հանրային կարծիքն ու քաղաքական ղեկավարութիւնը, մեր հիմնահարցերուն եւ մեր ժողովուրդի արդար պահանջներուն շուրջ: Յանձնախումբը նաեւ պիտի ջանայ սերտ յարաբերութիւններ հաստատել ՀՀ դեսպանութեան եւ գաղութի գործօններուն հետ, արժանավայել կերպով հետապնդելու մեր հարցերուն հոլովոյթը: Յատուկ ուշադրութեան պարագայ պիտի հանդիսանայ հայ երիտասարդութեան մօտ դաստիարակչական աշխատանքի կիրարկումը, որպէսզի կարելի ըլլայ մեր կողքին ունենալ հայկական հարցերուն տիրապետող պայքարունակ երիտասարդութիւն:

Ռումանիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը կ’ողջունէ բոլոր հայագաղութներուն մէջ գործող յանձնախումբերը, հաւատալով, որ ինք ալ դառնալով այդ ազգանուէր մեծ ցանցին մէկ մասնիկը՝ իր ներդրումը պիտի ունենայ միասնական աշխատանքներուն յաջող իրագործման մէջ։

Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբը իր կարգին պիտի ընձեռէ հնարաւոր բոլոր միջոցներն ու աջակցութիւնը թէ՛ Հայ Դատի յանձնախումբի կայացման եւ հզօրացման աշխատանքներուն, եւ թէ՛ ուր որ անհրաժեշտ է, քաղակաքան իր նախաձեռնութիւններուն:

Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբ,
Ռումանիոյ Հայ Դատի յանձնախումբ

Տպել Տպել