Եգիպտական Մամուլը` Հայոց Ցեղասպանութեան մասին

ANCME-LogoԵգիպտականգրաւոր եւ ելեկտրոնային մամուլը վերջերս դարձեալ անդրադարձած էր Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին եւ լուսարձակի տակ առած էր Եգիպտոսի լրատուական եւ մտաւորական շրջանակներու կողմէ ցեղասպանութիւնը ճանչնալու կոչերը:

1-10 Նոյեմբերին ՙՏիփլոմեթիք Ուէպ՚ կայքը անդրադարձած էր ՙՄասաիյա՚ օրաթերթի եւ ՙՏելիլ՚ քաղաքական ու ռազմավարական ուսումնասիրուիւններու կեդրոնի կազմակերպած կլոր սեղանին, որ նուրիրուած էր Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու հնարաւորութիւններուն: Կլոր սեղանին ընթացքին կատարուած են հետեւեալ ակնարկները.- ՙՊոլիս երբեք չէր ակնկալեր, թէ Հայոց ցեղասպանութեան հարցը կը միջազգայնանայ եւ անիկա պատճառ կը դառնայ, որ իր վրայ միջազգային ճնշումներ բանեցուին: Այս իրականութիւնը Թուրքիան սարսափահար կը դարձնէ՚: Միւս կողմէ, կլոր սեղանը հաստատած է ՙԵգիպտոսի եւ Հայաստանի միջեւ պատմական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ նշուած է, որ Եգիպտոստի հոգեւոր հեղինակութիւն նկատուող Ազհարը ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը: Աւելի°ն. եգիպտական մամուլը օրին առանցքային դերակատարութիւն ունեցած է` Օսմանեան իշխանութիւններուն կողմէ հայոց դէմգործուած ոճիրներն ու սպանդները ներկայացնելու իմաստով, ինչպէս նաեւ հաստատած, թէ Եգիպտոս Թուրքիոյգործած ցեղասպանութենէն ճողոպրած հազարաւոր հայգաղթականներ ընդունած է՚: Կլոր սեղանին ընթացքին անդրադարձ կատարուած է նաեւ եգիպտական-հայկական երկկողմանի պատմական յարաբերութիւններուն, որոնց շրջագիծին մէջ նշուած է, թէ Եգիպտոսի առաջին արտաքինգործոց նախարարը եղած է հայ մը` Պօղոս Նուպար փաշա, իսկ հայ ծաղրանկարիչ Սարուխան իր վաստակը ունեցած է եւ իր արուեստով եգիպտական մամուլին էջը հարստացուցած: Կլոր սեղանին ընթացքին քննարկուած են նաեւ Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնըգործելու դրդապատճառները, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին վերաբերող մանրամասնութիւններ:

2-6 եւ 7 նոյեմբերին Գահիրէի մէջ տեղի ունեցած Արաբ պատմաբաններու համադաշնակցութեան տարեկան խորհրդաժողովը` ՙԱրաբները եւ ուրիշին բացայայտումը՚ խորագիրին տակ,գրականութեան եւ պատմութեան դասախօս տոքթ. Մոհամետ Ռիֆաաթ Իմամ ներկայացուցած է ուսումնասիրութիւն մը, որ կը վերաբերի 1878-1923 ժամանակաշրջանի օսմանցի հայերուն հանդէպ արաբական կեցուածքին: Ուսումնասիրութիւնը ստեղծած է հարցականներ եւ առիթ տուած է շարք մը մեկնաբանութիւններու:

3-Եգիպտական ՙՌայ՚ օրաթերթին համաձայն, 7 Նոյեմբերին, ՙԱխպար Եաում՚ հրատարակչատունը կազմակերպած է ՙԵգիպտոսն ու Հայոց ցեղասպանութիւնը՚ խորագիրը կրող կլոր սեղան մը, որուն ընթացքին պատմութեան դասախօս տոքթ. Մոհամետ Ռիֆաաթ Իմամ ներկայացուցած է եգիպտական տեսակէտները`1878-ի Պերլինի վեհաժողովին ընթացքին Հայոց ցեղասպանութեան միջազգայնականացման: Տոքթ. Իմամ անդրադարձած է ներկայիս Եգիպտոսի կառավարութեան կողմէ 1915-ինգործուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու հեռանկարներուն: Այս ծիրին մէջ, ան ակնարկած է եգիպտացիներուն կողմէ հայգաղթականներու հիւրընկալումին` 1894-1896-ինգործուած համիտեան ջարդերուն եւ 1909-ինգործուած Ատանայի կոտորածին ընթացքին:

4-ՙՎիթօ կէյթ՚ կայքը 7 Հոկտեմբերին տեղադրած էր տարբեր կեցուածքներ, որոնք քաղուած էին Սփիւռքի զանազան շրջաններէն Հայաստան ժամանած եւ Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ Հայաստանի անկախութեան տօնակատարութեան ներկայգտնուած պատասխանատուներու հետ:

ՙՎիթօ կէյթ՚ կատարած էր հետեւեալ մէջբերումները.-

ՙՄիջին Արեւելքի Հայ դատիգրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեան շեշտեց, որ թրքական իշխանութիւնները երբ հայերը բռնագաղթի ենթարկած են եւ զանոնք աքսորած դէպի անապատները, մտածած են, թէ արաբները պիտի մերժեն հայերը հիւրընկալել, որովհետեւ անոնք տարբեր կրօնքի կը պատկանին: Թրքական իշխանութիւնները համոզուած էին, թէ անապատները պիտի ըլլան հայոցգերեզմանները եւ անոնք երբեք յարութիւն պիտի չառնեն…: Արաբական երկիրներուն մէջ ապրող հայկականգաղութները խաղաղ քաղաքացիներ են, որոնք կը յարգեն պետութիւնը եւ կը նպաստեն այդ երկիրներուն բարգաւաճումին:

ՙԵգիպտոսի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Արմէն Մազլումեան նկատել տուաւ, որ Արաբական աշխարհը հայութեան շնորհեց այն ինչ որ արեւմտեան պետութիւնները զլացան շնորհելէ: Հայ ժողովուրդը երբեք պիտի չմոռնայ Հայ Դատին հանդէպ Եգիպտոսի կեցուածքները եւ կը մաղթենք, որ անոնք աւարտին Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումով, յատկապէս նկատի ունենալով, որ Եգիպտոսի շէյխ Ազհարը 1915-ին եղած է առաջին հեղինակութիւնը, որ կրօնական հրամանագիրով մը դատապարտած է հայութեան դէմգործուած սպանդներն ու անիրաւութիւնները:
ՙՔալիֆորնիա Քուրիըր՚ թերթիգլխաւոր խմբագիր Յարութ Սասունեան մաղթած է, որ հայ-թրքական յարաբերութիւններու նոր հանգրուան մը սկսի` Թուրքիոյ կողմէ Հայոց դէմգործադրուած ցեղասպանութեան ճանաչումով եւ Հայաստանի հետ թրքական սահմանի փակման վերացումով: Ան մաղթեց, որ Արաբական աշխարհին համար յստակ դառնայ, թէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը քաղաքական է եւ ոչ կրօնական: Ան աւելցուց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան մէջ կþապրի ժողովուրդ մը, որ ցամաքային եւ օդային շրջափակումի ենթակայ է եւ արտաքին աշխարհին հետ կապուելու անոր միակ անցքը Հայաստանն է, հետեւաբար անոնց իրաւունքն է ունենալ արժանապատիւ կեանք մը եւ մարդկային նուազագոյն իրաւունքներ՚:

5-Եգիպտական ՙՍատա Պալատ՚ կայքը 21 Սեպտեմբերի իր թիւին մէջ անդրադարձած է Հայաստան այցելած եգիպտացի լրագրողներուն պատուիրակութեան մամլոյ ասուլիսին, որ կայացած էր Երեւանի մէջ: Պատուիրակութեան մաս կազմած են ՙՌոզ էլ Եուսեֆ՚ եւ ՙՊատիլ՚ թերթերու, ինչպէս նաեւ ՙՍատա Պալատ՚ կայքի ներկայացուցիչներ:
ՙՌոզ էլ Եուսեֆ՚-ի յօդուածագիր Ալաէտտին Զահեր յայտնեց, որ այս հանգրուանին Հայոց ցեղասպանութեան քննարկումը շատ կարեւոր է Եգիպտոսի եւ Հայաստանի համար, նկատի ունենալով, որ Հայաստան բազմաթիւ երկիրներէ կը պահանջէ ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Զահեր նշեց, որ եգիպտական քաղաքական շարժում մը արդէն իսկ բացած է Հայոց ցեղասպանութեան արխիւները, զանոնք ներկայացնելու համար եգիպտական դատական իշխանութիւններուն, որպէսզի անոնցմէ ստանայ վճիռ մը, որուն համաձայն Եգիպտոսի կառավարութիւնը ստիպուած պիտի ըլլայ ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Իր կարգին, ՙՊատիլ՚ թերթի յօդուածագիր Հազեմ Մալլահ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ակնարկեց հայկական-եգիպտական պատմական յարաբերութիւններուն, աւելցնելով, որ 1991-ին Եգիպտոս եղած է Հայաստանի անկախութիւնը ճանչցող եւ Հայաստանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատող առաջին երկիրներէն մէկը:
Նշենք, որ ՙՍատա Պալատ՚ կայքը 20 Յուլիսի իր թիւին մէջ տեղադրած էր եգիպտացի յօդուածագիր Մոհամետ Մանտուրի մէկ յօդուածը, որ կը վերաբերէր Թուրքիոյ եւ Հայոց ցեղասպանութեան:

Մանտուր իր յօդուածին մէջգրած էր հետեւեալը.

ՙՍուրիոյ, Լիպիոյ եւ վերջապէս Եգիպտոսի մասին վերջերս կատարուած թրքական կեցուածքները, ինչպէս նաեւ անոր մերթ բացայայտ եւ մերթգաղտնի մեղսակցութիւնը` արաբական ցեղային եւ քաղաքացիական արիւնահեղութիւններուն, մեզի կը յիշեցնեն 98 տարի առաջ Թուրքիոյ կողմէգործադրուած Հայոց ցեղասպանութիւնը: 2015-ին կը զուգադիպի Թուրքիոյգործած Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը, եւ հակառակ բոլոր այն փաստերուն, թէ Օսմանեան կայսրութեանգործած այդ ցեղասպանութիւնը կանխամտածուած էր, Թուրքիա կը շարունակէ մերժել Մեծ Եղեռնին իր պատասխանատուութիւնը: 1915-ին, միջազգային ընդհանուր անտեսումի շրջագիծին մէջ, Էրտողանի նախահայրերըգործադրեցին Հայոց ցեղասպանութիւնը, որ մարդկային պատմութեան մէջ մեծագոյն ցեղասպանութիւնն է: Ըստ երեւոյթին, Թուրքիոյ շուրջ օսմանեան նոր կայսրութիւն մը հիմնելու Էրտողանի ձգտումները, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ եւ Եգիպտոսի մէջ միլիսներու զօրակցելու անոր ջանքերը` հորիզոնին վրայ այլ ցեղասպանութիւններու ուրուականը կըգծեն: Այս հանգրուանին Եգիպտոսի եւ Հայաստանի միջեւ Հայոց ցեղասպանութեան մասին քննարկումները շատ կարեւոր են, նկատի ունենալով Եգիպտոսի կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու Հայաստանի պահանջը եւ երկկողմանի պատմական յարաբերութիւնները՚:

6-ՙՊատիլ՚ օրաթերթը 18 Սեպտեմբերի իր թիւով հրապարակեց Հուսամ Ռապիհի ստորագրութիւնը կրող յօդուած մը, որուն համաձայն նշուած էր, թէ հայկական օրաթերթերու համաձայն Եգիպտոս կըգտնուի Թուրքիոյգործած Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու ճամբուն վրայ: Յօդուածագիրը շեշտած էր, որ ըստ այդ օրաթերթերուն Եգիպտոսի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը հզօր թափով առաջ կը տանի Հայ Դատի աշխատանքները:

7-ՙՈւաթան՚ օրաթերթը 4 Սեպտեմբերի իր թիւով հրատարակած է Հազեմ Ուաքիլի յօդուածը, որուն մէջ նշուած է, թէ Եգիպտոսի եղբայրականացման ալիքին դէմ պայքարող ժողովրդային ճակատը բացած է թրքական պետութեան կողմէ հայերը բնաջնջելու թղթածրարը եւ կը պատրաստէ Հայոց ցեղասպանութեան մասին թղթածրար մը:
Ըստ Ուաքիլի այդ թղթածրարը պիտի ներկայացուի եգիպտական դատական իշխանութիւններուն, որպէսզի անոնք արձակեն վճիռ մը, որ Եգիպտոսի կառավարութեան կը պարտադրէ ճանչնալ 1915-ինգործուած Հայոց ցեղասպանութիւնը:

8-ՙՎիթօ կէյթ՚ թերթը 27 Օգոստոսի իր թիւով հրատարակած է թերթի խմբագրապետ Իսամ Քամելի ստորագրութիւնը կրող յօդուած մը, որուն մէջ ան նշած էր, թէ իրեն ուղղուած են բազմաթիւ նամակներ, որուն մէջ փափաքներ եւ առաջարկներ կատարուած են, որպէսզի եգիպտացի ժողովուրդը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ նեցուկ կանգնի հայութեան` Հայ Դատի պաշտպանութեան անոր պայքարին մէջ: ՙԻսկ ես չափազանցած չեմ ըլլար, եթէ պահանջեմ, որ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակը յաւերժացնող յուշարձան մը կանգնեցուի Գահիրէի հրապարակներէն մէկուն վրայ եւ իբրեւգումար` իմ ամսական աշխատավարձերէս մէկը կը տրամադրեմ անմիջապէս սկսելու համար այդ ծրագիրին, որ աւելի ուշ կրնայ ստանձնուիլ մարդկային իրաւունքները պաշտպանող քաղաքացիական ընկերութեան մէկ կազմակերպութեան կողմէ: Եգիպտոսի մէջ հայերը ունին պատուաբեր անցեալ. պատմութիւն մը, որ կը սկսի ճարտարարուեստով,գլխաւորաբար ոսկերչութեամբ, ինչպէս նաեւ շարք մը այլ արհեստներով, որոնք կը հասնին մինչեւ քաղաքական բարձրագոյն պաշտօններուն: Հայերէն շատեր կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած են անկախութեան համար Եգիպտոսի մղած ազգային պայքարներուն մէջ: Հաւանաբար այս առաջարկին եգիպտական զօրակցութիւն ապահովող կարեւորագոյն միտքը պիտի ըլլայ այն, որ Եգիպտոս բոլոր երկիրներէն աւելի նեցուկ կանգնած է հայութեան, երբ անոր դէմ օսմանական վայրագութիւն կըգործուէր: Հազարաւոր հայեր հասած էին Պոր Սայիտ, փախուստ տալով օսմանցի սուլթանին դժոխային արարքներէն, երբ տակաւին ամբողջ աշխարհը եւ մեծ պետութիւնները քար լռութեամբ կը վերաբերէին հայութեան դէմգործուող սանդներուն հանդէպ՚, կըգրէ Իսամ Քամել:

9- ՙԱլեաում Ալսապեհ՚ օրաթերթի 18 Օգոստոսի թիւով յօդուածագիր Հաշեմ Ֆախարանի անդրադարձած է Եւրոպական Միութեան կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան յատուկ յուշարձանի բացման: Իր յօդուածին մէջ Ֆախարանի կþըսէ.
ՙՄինչ Թուրքիա եգիպտական կառավարութեան նկատմամբ ծայրայեղ կեցուածքներ կը ճշդէ եւ միջազգային ջանքեր իգործ կը դնէ Իսլամ եղբայրները պաշտպանելու ի խնդիր, Պելճիքա, ուր կըգտնուի Եւրոպական Միութեան կեդրոնը, համաձայնգտնուած է Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձան մը կանգնեցնելու: Հարկ է նշել, որ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած աւելի քան 135 յուշարձաններ կանգնեցուած են 25 երկիրներու մէջ: Իսկ 1965-ին, Հայոց ցեղասպանութեան յիսնամեակին առիթով Երեւանի մէջ տեղի ունեցած են շուրջօրեայ ցոյցեր, որոնց ընթացքին Սովետական Միութենէն պահանջուած է ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Սովետական Միութիւնը ընդառաջած է ցուցարարներուն պահանջին եւ կարելի եղած է կանգնեցնել Ծիծեռնակաբերդը եւ ապա կառուցել Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած ստորերկրեայ թանգարանը: Յայտնենք, որ Օսմանեան կայսրութիւնը Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին եւ անկէ ետք կանխամտածուած եւ ծրագրուած կերպովգործադրեց Հայոց ցեղասպանութիւնը, բռնագաղթի ենթարկելով ամբողջ ժողովուրդ մը, կոտորելով շուրջ մէկուկէս միլիոն հայեր:

10- ՙՎիթօ կէյթ՚ իր 4 Օգոստոսի թիւին մէջ անդրադարձած է ռամատանեան հաւաքի մը ընթացքին տեղի ունեցած հանդիպումի մը, որուն նախագահած է եգիպտացի հանրածանօթ խմբագիր Իսամ Քամել եւ որուն ներկայ`գտնուած են Գահիրէի մէջ Հայաստանի դեսպան Արմէն Մելքոնեան, Աղեքսանդրիոյ Հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Գրիգոր Օգոստինոս Քուսա եպիսկոպոս եւ պատմութեան դասախօս տոքթ. Մոհամետ Ռիֆաաթ Իմամ: Հանդիպումին ընթացքին տոքթ. Իմամ հաստատած է, թէ հայերը իրենց մշակոյթն ու այբուբենը ունեցած են Դ. դարէն սկսեալ, ինչպէս նաեւ ունեցած են մշակութային ինքնութիւն, ՙիսկ թուրքերը շփոթի մատնուած են իրենց ազգային եւ իսլամական անծանօթ արմատներն ու ինքնութիւնը ճշդելու առումով, ինչպէս նաեւ իբրեւ Արեւմուտքին մաս կազմող ժողովուրդ մը ներկայանալու իրենց մարմաջին պատճառով: Տոքթ. Իմամ նշած է նաեւ, որ Ազհարը 1909-ին հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ ան դատապարտած է Օսմանեան կայսրութեան կողմէ, զուտ քաղաքական պատճառներով` սակայն կրօնքի անունով երեսուն հազար քրիստոնեաներ` մեծ մասամբ հայեր ջարդելու արարքը՚:

Միջին Արեւելքի Հայ Դատի Գրասենեակ
Նոյեմբեր 2013

Տպել Տպել