Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց ՀՅԴ Երիտասարդականի Պատուիրակութիւնը

hydԱնցնող քանի մը օրերուն ընթացքին, Պէյրութի մէջ տեղի ունեցաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Լիբանանի երիտասարդական միութեան համահայկական խորհրդաժողովը: Խորհրդաժողովին մասնակցեցան կուսակցութեան երիտասարդական միաւորներու ներկայացուցիչները` Հայաստանէն, Ղարաբաղէն. Ջաւախքէն եւ սփիւռքի զանազան գաղութներէն:

Խորհրդաժողովը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը երէկ այցելեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին` իր յարգանքը մատուցելու եւ վեհափառ հայրապետին օրհնութիւնը ստանալու: Այս առիթով Վեհափառ հայրապետը անդրադարձաւ երիտասարդութեան դերին մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ:

Ան շեշտեց երիտասարդութեան գործօն մասնակցութիւնը հայ կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ` ըսելով. «Երիտասարդութիւնը դիտողի, լսողի ու հետեւողի կրաւորական վիճակին մէջ պէտէ չէ ըլլայ, այլ` մասնակցողի գործօն դերին մէջ»: Անդրադառնալով համաշխարհայնացումի հետեւանքներուն եւ յատկապէս անոր յառաջացուցած մտահոգութիւններուն ու մարտահրաւէրներուն` վեհափառ հայրապետը այս ծիրին մէջ եւս երիտասարդութեան մօտեցումը նկատեց կենսական, նկատի ունենալով ներկայ կեանքի պայմաններուն երիտասարդութեան անմիջականօրէն հաղորդ ըլլալու իրողութիւնը:

Վեհափառ հայրապետը նաեւ ընդգծեց Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ մեր կեանքին մէջ գործող կառոյցներու վերանորոգման կարիքը` համահունչ ներկայ պայմաններուն:

Վեհափառ հայրապետը ապա պատասխանեց իրեն ուղղուած շարք մը հարցումներուն:

aztagdaily.com

Տպել Տպել