Արցախի Անկախութեան Տօնը Նշուեցաւ Քոնկրեսին Մէջ

1205washingtonՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Քոնկրեսի շէնքին մէջ տեղի ունեցած է Արցախի անկախութեան 22րդ տարեդարձի տօնակատարութիւնը, մասնակցութեամբ Արցախի խորհրդարանի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի եւ խումբ մը քոնկրեսականներու, գլխաւորութեամբ՝ Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեան յանձնախումբի ատենապետ Էտ Ռոյսի:P1040659-300x285

«Քոնկրեսը շատ յարմար վայր մըն էր տօնակատարելու Արցախի ժողովուրդի անկախութեան պայքարին ու ժողովրդավարութիւն հաստատելու ջանքերուն յաջողութիւնները՝ նկատի ունենալով, որ ամերիկեան յեղափոխութեան ժառանգորդներն ենք», յայտնեց Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան:

Տօնակատարութեան հանդիսավարն էր քոնկրեսական Ֆրենք Փալոն, որ ողջունեց նահանգային ու դաշնակցային մակարդակի պաշտօնատարները, դիւանագէտները եւ ամերիկահայ համայնքի, Հայաստանի ու Արցախի կառավարութեան ներկայացուցիչները: Փալոն շեշտեց, թէ Արցախի ժողովուրդի ինքնաճանաչման իրաւունքը ամրագրուած է ՄԱԿի ուխտին մէջ:

Տպաւորիչ խօսքով մը ելոյթ ունեցաւ նաեւ Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեան յանձնախումբի ատենապետ Էտ Ռոյս՝ դատապարտելով Արցախի դէմ Ատրպէյճանի շարունակուող սպառնալիքները եւ ոտնձգութիւնները, ու կոչ ընելով Արցախի տագնապին արդար լուծում մը գտնելու:

Իր կարգին, հայազգի քոնկրեսական Ճեքի Սփիր ցաւ յայտնեց, որ Ատրպէյճանի դեսպանը անգամ մը եւս փորձած է ձախողութեան մատնել Քոնկրեսի շէնքին մէջ տեղի ունեցած

եւԱրցախի անկախութեան տօնակատարութեան նուիրուած այս ձեռնարկը, իսկ Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեան յանձնախումբի անդամ Տէյվիտ Սիսըլին յիշեց Սումգայիթի ու Պաքուի մէջ հայերու դէմ իրագործուած ջարդերը եւ ողջունեց այն իրողութիւնը, որ այս ձեռնարկին ներկայ է նաեւ իր նահանգի՝ Ռոտ Այլընտի, Հայ Դատի յանձնախումբէն ներկայացուցիչ մը՝ Անի Հարոյեանը, որ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած էր նահանգին կողմէ Արցախի ճանաչումը ապահովելու աշխատանքին մէջ:

Ելոյթներ ունեցան նաեւ քոնկրեսական Պրետ Շըրմըն ու Միացեալ Նահանգներու մօտ Հայաստանի ու Արցախի դեսպանն ու ներկայացուցիչը՝ յաջորդաբար Թաթուլ Մարքարեանն ու Ռոպերթ Աւետիսեանը: Այս վերջինը նաեւ ներկայացուց Արցախի խորհրդարանի նախագահ Աշոտ Ղուլեանը, որ խօսեցաւ Արցախի տագնապի մանրամասնութեանց մասին՝ շեշտելով, թէ Արցախի ժողովուրդին ապահովութիւնը կարելի չէ բանակցութեանց նիւթ դարձնել: «Պատրաստ ենք պաշտպանելու մեր ազատութիւնն ու անկախութիւնը, եւ գիտեենք, որ միայն պաշտօնական, ամբողջական ու շինիչ բանակցութիւններով կարելի պիտի ըլլայ տագնապին լուծում մը գտնել», շեշտեց Ղուլեան:

asbarez.com

Տպել Տպել