«Բայց Ե՞րբ Կը Լինի Այդ»… Ե՞րբ Կը Բարեփոխուի Քաղաքական Թրքութիւնը

Նազարէթ Պէրպէրեան

Նազարէթ Պէրպէրեան

Որքան ալ տարաբնոյթ, խճճուած ու ճնշող ըլլան հայ քաղաքական միտքին օրակարգը ծանրաբեռնող եւ անմիջական լուծումներ պահանջող խնդիրները, ուշադրութենէ չի կրնար վրիպիլ, որ այդ բոլորը իրարու կապող կարմիր թելը հայեւթուրք հակադրութեան կնճռոտ հարցին վճռահատումն ու լուծումն է։

Նոյնիսկ եթէ հայ քաղաքական միտքը ի՛նք չուզէ ազգային-պետական մեր հիմնական օրակարգին մնայուն կէտը դարձնել հայեւթուրք կնճիռին արդար լուծումը, որ իրաւամբ անյաղթահարելի դժուարութեանց կը բախի, մեծապետական ուժերը իրե՛նք առիթները կը ստեղծեն, որպէսզի իրենց նախընտրած պահուն եւ իրենց ձեռնտու եղանակով հարցը բաց պահուի Հայաստանի ու հայութեան օրակարգին վրայ։

Միամիտ ու կարճատես պէտք է ըլլալ՝ չանդրադառնալու համար, որ այս իմաստով իրարմէ կախեալ եւ բոլորով հայեւթուրք կնճիռի լուծման կապուած հարցեր են, օրինակի համար՝

– Հայաստանի կառավարման փտած համակարգին ժողովրդավարական վիրահատումը։
– Սուրիական տագնապին ու սուրիահայութեան ճգնաժամին դիմագրաւումը։
– Արցախեան Հարցի բանակցային կարգաւորումն ու Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան իրաւական ճանաչման ապահովումը։
– Հայաստանի տնտեսութեան վատթարացման եւ հասարակական բեւեռացման տուն տուող չարաշահումներու, մենաշնորհներու եւ անարդարութեանց արմատական վիրաբուժութիւնը ու հայրենիքէն արտագաղթի աղէտին յաղթահարումը։

– Եւրասիական Մաքսային միութեան պայմանագիրը ստորագրելու Հայաստանի քայլին անխուսափելի հետեւանքներուն, յատկապէս Եւրոպական Միութեան Հայաստանի անդամակցութեան հեռանկարին վրայ նման քայլի մը ունեցած բացասական անդրադարձներուն հակակշռումը։

Նոյնիսկ ուղղակիօրէն քաղաքական դրսեւորում չունեցող օրակարգերու պարագային, ինչպիսին հայ ազգային արժէքներու համակարգին պահպանման եւ վերանորոգման խնդիրն է հայրենիքի մէջ, կամ՝ հայապահպանման եւ հայկական ներուժի ազգանպաստ արդիւնաւորման ապահովումն է սփիւռքեան տարածքի վրայ, անպատիժ մնացած «Ցեղասպան Թուրք»ին կնճիռը դարձեալ իր գլուխը կը ցցէ.- Նահատակուած ժողովուրդի, ոտնակոխուած իրաւունքի, բռնագրաւեալ հայրենիքի ու կորուսեալ արդարութեան թղթածրարը միշտ բաց կը մնայ ազգային քննարկումներու սեղանին վրայ։

Միաժամանակ կարելի չէ անտեսել, որ թրքական գործօնին հետ տեւաբար հաշուի նստելու այս հրամայականին ընդհանրապէս կ՛անդրադառնան հայ քաղաքական միտքը առաջնորդող բոլոր ուժերը։ Բայց ո՛չ բոլորը ունին միեւնոյն ընկալումը հայեւթուրք կնճիռի օրակարգին ռազմավարական վճռորոշ նշանակութեան։ Ոչ ալ գտնուած է, թրքական գործօնին շարունակուող սպառնալիքը դիմագրաւելու առումով, հայ քաղաքական միտքի տարբեր թեւերը միացնող համազգային ռազմավարութեան ընդհանուր յայտարարը։

Յատկապէս հայ պետական մտա-ծողութեան մակարդակին վրայ, Հայաստանի վերանկախացման սկզբնական փուլէն սկսեալ իսկ, հայ քաղաքական հոսանքներուն միջեւ բաժանման գիծ առաջացաւ հայեւթուրք կնճիռի ռազմավարական նշանակութեան ու Հայ Դատի պահանջատիրութեան օրակարգին շուրջ։

Առաջին դրսեւորումը արձանագրուեցաւ Հայաստանի Անկախութեան Հռչակագրի բանաձեւման ու հաստատման օրերուն, երբ ՀՀՇական մտածողութիւնը կտրականապէս դէմ դիրքորոշուեցաւ Հայ Դատի պահանջատիրութիւնը Հայաստանի պետական առաջնահերթութեանց շարքին ամրագրելու ուղղութեան։ Այդ կէտէն ալ սկսաւ հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի ազգային ու պետական շահերը իրարմէ բաժնելու, որոշ պարագաներու նաեւ իրարու հակադրելու պառակտիչ տրամաբանութիւնը։

Նման տրամաբանութեամբ, խորքին մէջ եւ գործնապէս, սկիզբ առաւ Հայաստանի պետականութիւնն ու քաղաքական հայութիւնը իրարմէ բաժնելու նորօրեայ ուղղութիւնը, որուն անդրանիկ զոհը եղաւ վերանկախացեալ Հայաստանի առաջին արտաքին գործոց նախարարը 1992ին, երբ Պոլսոյ մէջ իր ունեցած ելոյթին, պաշտօնապէս արծարծեց հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութեան փաստը ճանչնալու եւ դատապարտելու հարցը։

Դժուար չէ տեսնել իբր թէ պետական միեւնոյն տրամաբանութեան բարեփոխուած տարբերակը Հայաստանի այսօրուան նախագահին կիրարկած ֆութպոլային դիւանագիտութեան մէջ.- Հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուած ցեղասպանութեան փաստը ճանչնալու եւ դատապարտելու պահանջը ներկայացնելով հանդերձ Թուրքիոյ այսօրուան ղեկավարութեան՝ Հայաստանի նախագահական իշխանութիւնը, պետական շահերու անունով, յետս չի կոչեր հայրենի պետութեան ստորագրութիւնը տխրահռչակ Հայեւթուրք Արձանագրութիւններէն, որոնք ազգային-քաղաքական կարեւոր ու հիմնական զիջումներու շարքին, պատմաբաններու կողմէ քննելի հարց կը նկատեն Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը։

Այդ պատճառով ալ զարմանալի չէ, որ քաղաքական նման տրամաբանութեամբ ղեկավարուող Հայաստանի իշխանութիւնը անմիջապէս կը խանդավառուի եւ կը փորձէ մեր ժողովուրդը եւս վարակել իր խանդավառութեամբ, երբ դէմ յանդիման կու գայ Ատրպէյճանի ռազմապաշտ ելոյթները եւ հակահայ սպառնալիքները դատապարտող թուրք իշխանաւորներու հազուադէպ յայտարարութեանց։

Նորութիւն չէ, անշուշտ, թրքական այսպէս կոչուած «նպաստաւոր» յայտարարութիւններով խանդավառուելու վարքագիծը։ Ոչ ալ միայն Հայաստանի երէկուան թէ այսօրուան պետական իշխանաւորներուն յատուկ է թուրք քաղաքական միտքի դրական դրսեւորումներով խանդավառուելու փութկոտութիւնը։

Ընդհանրապէս հայ քաղաքական միտքը խանդավառութեամբ կը լեցուի, երբ թուրք քաղաքական ուժեր ու գործիչներ, նաեւ՝ մտաւորականներ կը դատապարտեն իրենց պետական իշխանութեանց կիրարկած հակահայ – եւ ոչ միայն հակահայ, այլեւ նոյնինքն թուրք ընդդիմախօսներու դէմ ուղղուած – հալածանքներն ու ջարդերը։

Փաստօրէն, 19րդ դարու կէսերէն սկսեալ, հայ քաղաքական միտքը կը փայփայէ այն յոյսը, որ ոչ միայն քաղաքական հայութիւնը, այլեւ ու մանաւա՛նդ քաղաքական թրքութիւնը ի վերջոյ կը թօթափեն դարաւոր բռնատիրութեան տակ արմատացած իրենց նախապաշարումներն ու կարծրատիպերը։ Իրաւունքի եւ Արդարութեան ի խնդիր մղուող այդ պայքարի ընթացքին է, որ աշխարհի այս գօտիէն ներս միասին ապրելու եւ զարգանալու ճակատագիրով կապուած հայն ու թուրքը կը գտնեն երկխօսութեան եւ գործակցութեան ուղին։

Երիտասարդ Թուրքերու կողմէ կազմակերպուած հայ ժողովուրդի պետական ցեղասպանութեամբ պատմութիւնը արձանագրեց, իսկ հայ ժողովուրդը իր արիւնէն ու հայրենիքէն ահաւոր գին վճարելով դաժանագոյն դասը սորվեցաւ, որ քաղաքական թրքութիւնը շատ դժուար կը բարեփոխուի, եթէ երբեք պիտի փոխուի։

Հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական շարժման ռազմավարական առաջնորդը՝ Քրիստափոր տակաւին 1900ին ահազանգ կը հնչեցնէր, որ յուսալն ու փափաքիլը մէկ բան է, բայց թուրք ընդդիմադիրներուն եւ յեղափոխականներուն մօտ Իրաւունքի ու Արդարութեան միեւնոյն ընկալումը գտնելը լրիւ ուրիշ բան է։

Մեր օրերուն եւս, երբ հայ պետական միտքը կը յուսայ խօսակից գտնել նոյնիսկ թրքական պետութեան ղեկը ստանձնած ուժերուն մօտ, կամ՝ հայ քաղաքական մտքի տարբեր հոսանքներ խանդավառութեամբ կ՛արձագանգեն «Մենք բոլորս Հրանտ Տինք ենք» վանկարկող նորօրեայ թուրքերու ծաւալած բողոքի շարժումին, Քրիստափորի «Բայց ե՞րբ կը լինի այդ» ահազանգող պատգամը սթափութեան հրաւէր է բոլորիս։

Հակառակ մօտակայ թէ հեռակայ անցեալի երկխօսութեան փորձերու ահաւոր վախճանին, հայ ժողովուրդը այսօր եւս ունի, իր պետութեամբ եւ քաղաքական ուժերով, քաղաքական թրքութեան հետ երկխօսութեան նստելու եւ հայ-թրքական կնճիռը լուծելու ամենայն պատրաստակամութիւն։
Կարեւորը նոյնինքն թրքական պետութեան եւ թուրք ազատախոհ ու արդարադատ շրջանակներուն կողմէ նոյնպէս բարփոխուելու ընդունակութիւնն է, որուն ապացոյցները դեռ տեսանելի չեն։

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
asbarez.com

05/12/2013

Տպել Տպել