Մարդկային Իրաւանց Համաշխարհային Համախմբումը Կը Քննարկէ Հայոց Ցեղասպանութեան Հատուցման Հարցը

1219humanrights1ՊՐԱԶԻԼԻԱ.- «Արմէնիա» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը մասնակցած է Պրազիլի մայրաքաղաք Պրազիլիայի մէջ տեղի ունեցած Մարդկային իրաւանց համաշխարհային համախմբումին (ՄԻՀՀ):

Պուէնոս Այրեսի Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակի տնօրէն Քարոլինա Գարակէօզեան եւ փաստաբան Կիէրմօ Ֆերայոլի Քարամանեան ներկայացուցած են «Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ 20րդ դարու ցեղասպանական հոլովոյթներու բաղդատական ուսումնասիրութիւն մը» նիւթը, որուն մէջ անոնք Հայոց Ցեղասպանութիւնը քննարկած են ընկերային եւ պատմական դիտանկիւնէ: Փոխհատուցման հար-ցը նիւթի կեդրոնական թեմաներէն մէկն էր:

Քարամանեան, ակնարկելով Սեւրի դաշնագիրին եւ Ուիլսընեան Հայաստանին՝ յայտնած է, թէ «Թուրքիա պէտք է Հայաստանի հողատարածքները վերադարձնէ, ըստ 22 Նոյեմբեր 1920ին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ուուտրօ Ուիլսընի հրապարակած պայմաններուն»:
«Ցեղասպանութեան 1.5 միլիոն զոհերը հայ ժողովուրդին հասցուած մնայուն նիւթական վնաս մըն էին: Այդ վնասը տակաւին արդար փոխհատուցումով մը չէ դարմանուած: Այդպիսի փոխհատուցում մը պէտք է նկատի ունենայ թէ՛ կորսուած կեանքերը եւ թէ պետութեան ու թրքական վերնախաւի անդամներուն կողմէ կալուածներու սեփականացումը», ըսաւ Գարակէօզեան:

Փակման արարողութեան ընթացքին, Պրազիլի մարդկային իրաւանց հարցով փոխնախարար Փաթրիսիա Պարսելոս յայտարարեց, որ Արժանթին պիտի հիւրընկալէ 2015ին նախատեսուած ՄԻՀՀն:0000HUMAN-RIGHTS-300x125

ՄԻՀՀ կը ձգտի մարդկային իրաւանց շուրջ հասարակական քննարկումի միջավայր մը ստեղծել՝ կեդրոնանալով տարբեր կարծիքներու յարգանքին, ընկերային մասնակցութեան, անհաւասարութեանց նուազեցման եւ մարդկային իրաւանց բոլոր ոտնահարումներու դիմակայման վրայ:

Ըստ ՄԻՀՀի կողմէ հրապարակուած մամլոյ հաղորդագրութեան՝ համախմբումին ընթացքին տեղի ունեցած են աւելի քան 500 աշխատանոցներ (workgroup), մասնակցուցեամբ (Պրազիլի) հանրապետութեան նախագահ Տիլմա Ռուսեֆի, նախկին նախագահ Լուլայի, Քոլոմպիայի փոխնախագահին, գործադիր քարտուղար Փաթրիսիա Պարսելոսի եւ այլ անձնաւորութիւններու: Սոյն հա-մախմբումին աւելի քան 9 հազար մասնակիցներ ներկայ եղած են:

asbarez.com

19/12/2013

Տպել Տպել