Ակնարկ. Անգարայի Ցուցմունքը Եւ Պաքուի Ձախող Կատարումը

ազդակՀինգշաբթի օր, Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը կառավարութեան նիստին ժամանակ յայտարարած էր, որ եթէ Հայաստանը «կառուցողական դիրքորոշում» ցուցաբերէ ղարաբաղեան խնդիրի լուծման գործին մէջ, ապա «կարճ ժամանակահատուածի ընթացքին կարելի կ՛ըլլայ համաձայնութեան գալ»:

Ալիեւի համաձայն, որեւէ տեղաշարժ չէ արձանագրուած արցախեան բանակցութիւններուն ուղղութեամբ: Թէեւ տարեվերջին որոշակի աշխուժացում նկատուած է: Ընդհանուր այս պարունակին մէջ յայտարարութիւնը շարունակուած է:

«Որոշակի յոյսեր, որոշակի լաւատեսական պահեր կան, բայց 2014 թուականին մենք կ՛ուսումնասիրենք զանոնք: Ամէն պարագայի, 2014 թուականին Հայաստանի իրական մտադրութիւնը ամբողջովին կը պարզուի», ըսած է Ազրպէյճանի նախագահը:

Յայտարարութիւնը ունի այլ բաժիններ եւս: Կը վերադառնանք այդ բաժիններուն: Մինչ այդ փորձենք դիտարկել այս հատուածը: Ուրեմն Պաքուն կառուցողականութիւն կ՛ակնկալէ Երեւանէն: Մինչ այդ սակայն, կառուցողականութիւն ակնկալողը բացի հրադադար խախտելէ եւ հետախուզական գործողութիւններ կազմակերպելէ, աննախադէպ վտանգաւոր քայլերով նախայարձակողականութեան այլ հարթութիւններ կը թեւակոխէ: Ազրպէյճանական կողմէն կրակահերթ կը տեղայ ոչ միայն ազրպէյճանաարցախեան շփման գիծին վրայ, այլ ուղղակի դէպի Հայաստանի Հանրապետութեան տարածք:

Նման յարձակողապաշտութեան դրսեւորումներ ցուցադրելէ ետք, կը թուի, թէ «կառուցողականութեան» եւ «խաղաղասիրութեան» ակնկալութիւններ յայտարարելու ցուցմունքը Պաքու հասած է Անգարայէն: Այս հատուածին երկրորդ բաժինը այդ մասին մտածել կու տայ: Ալիեւ փաստօրէն կը կապկէ Տաւութօղլուի «խաղաղասիրութիւն»-ը: Յար եւ նման է այս մէկը մանաւանդ, երբ նկատի կ՛ունենանք տարեվերջին երեւցած, ըստ Ալիեւի անշուշտ, ուղղակի որոշակի աշխուժացումը: Տարեվերջին Տաւութօղլուն այցելած էր Երեւան, սեւծովեան երկիրներու տնտեսական համագործակցութեան համաժողովի շրջագիծին մէջ: Այցելութեան նախորդող ժամանակաշրջանին եւ այցելութեան օրերուն եւ անկէ անմիջապէս ետք, դիպաշարին հետեւողը ականատես եւ ունկնդիր դարձաւ իբրեւ թէ կառուցողականութիւն ցուցադրող Անգարայի թիւ մէկ դիւանագէտի ըսելաձեւերուն: Անոնց հետեւեցաւ անշուշտ Թուրքիոյ քարոզչաքաղաքական խումբի նուագը, որ ներդաշնակ էր թուրք արտաքին գործոց նախարարի ճպոտի շարժումներուն:

Այս բոլորին նկատմամբ լուռ էր Պաքուն` թէ՛ քաղաքական եւ թէ՛ տեղեկատուական առումներով: Լուռ անհանգստութիւն մը կար Թուրքիոյ բեմադրած համանուագին դիմաց, որ կը բացատրուէր Պաքուի շրջանցումով հայ-թուրք յարաբերութիւններու բնականոնացման (ան)հաւանական մեկնարկի մը նախատեսումով: Թէեւ, Անգարայի ներկայացուցիչը ամէն պատեհ- անպատեհ առիթի կը յիշեցնէր արցախեան հարցի լուծման անհրաժեշտութիւնը: Նոյնիսկ պաշտօնապէս կը յայտարարուէր յարաբերութիւններու վերամեկնարկման աշխատանքներուն վերջին փուլին մէջ ըլլալը…

Ալիեւի կողմէ կառուցողականութիւն ակնկալելու այս յայտարարութիւնը համահունչ է Տաւութօղլուի բեմականացումներուն նաեւ 2014-ի նշումով: Թուականը անպայման հայ-ազրպէյճանական բանակցութիւններուն միայն չի վերաբերիր: Երեւան-Անգարա յարաբերութիւններու վերամեկնարկը պայմանաւորուած է հայկական ուժերու Արցախէն հեռացումով: Պատուէրային ապատեղեկատուութիւնը կը խօսէր հայկական համաձայնութեան մասին արցախեան երկու շրջաններէ հայկական ուժերը հեռացնելու առումով: Ալիեւի ակնկալածը 2014-ին նման տեղաշարժի մասին է: Ինչ որ նաեւ Տաւութօղլուին լաւատես ըլլալու միտումներ փոխանցած էր:

Կառուցողականութեան, բանակցութիւններու աշխուժացման եւ խաղաղասիրական շեշտադրումներով հանդէս գալու Անգարայի ցուցմունքը յայտնապէս ձախող կատարած է Պաքուի առաջնորդը: Յայտարարութիւնը կ՛աւարտի հետեւեալ բառերով. «Մեր ռազմական հզօրութիւնը վճռական դեր կը խաղայ միջազգային նորմերուն համապատասխան Լեռնային Ղարաբաղի հարցին արդարացի լուծման գործին մէջ: Մեր բանակը աշխարհի ամէնէն ուժեղ բանակներէն է»:

Անկախ անկէ, որ միջազգային նորմերուն ճշդած սահմանները վաղուց անցած է ազրպէյճանական սպառազինումը, պահ մը պէտք է կեդրոնանալ Ազրպէյճանի նախագահին կատարած իր իսկ էութեան վերադարձին: Ռազմական հզօրութեան վճռական դեր վերապահելով Ալիեւ միեւնոյն յանկերգն է, որ կը կրկնէ: Հիմա պէտք է մտածել, թէ քաղաքական նման պահուածքի դիմաց ի՞նչ կառուցողականութիւն կը սպասուի հայկական կողմէն:

Խնդիրը սակայն, այս պարագային Անգարայի ցուցմունքը Պաքուի կողմէ ձախող կերպով կատարելն է:

«Ա.»

aztagdaily.com

Տպել Տպել