Հաղորդագրութիւն

gous-720x447Հայ քաղաքական կուսակցութիւններու` ՍԴՀԿ-ի, ՀՅԴ-ի եւ ՌԱԿ-ի ներկայացուցիչներու ներկայութեամբ միջկուսակցական ժողովը տեղի ունեցաւ երէկ կէսօրէ ետք ժամը 5:00ին, «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ:

Խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան լիբանանահայ համայնքին վերաբերող քաղաքական եւ գաղութային հարցերուն վրայ, որմէ ետք յատուկ օրակարգով քննարկումի առարկայ դարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին ոգեկոչական եւ քաղաքական բնոյթի աշխատանքները նախապատրաստելու անհրաժեշտութիւնը:

ՍԴՀԿ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆ
ՌԱԿ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ

aztagdaily.com

Տպել Տպել