Տարեդարձներ – ՀՅԴ 123ամեակ. Անանձնականը Եւ Անձնադրոշմը

Nazareth-BerberianԿազմակերպական մեր կեանքին, թէ գաղափարական մեր արտայայտութիւններուն մէջ ընդհանրապէս կը շեշտենք անանձնական վարքի ու մօտեցումներու հրամայականը, որպէսզի Դաշնակցութեան հնոցէն անցնող հայ մարդը յաղթահարէ եսակեդրոն կենցաղի, մտածողութեան եւ գործելակերպի այն կաշկանդումները, որոնք անհատին հետ կը ծնին, մարդկային բնութեան պարտադրանքն են եւ կը դժուարացնեն հաւաքական ես առաջացնելու ճիգերը:

Գաղափարական մեր աւանդներուն ամէնէն ցայտուն ժառանգութիւնը կը հանդիսանայ դաշնակցականին անանձնականութիւնը, որ ամբողջ սերունդներու զոհաբերած արեամբ եւ բոլորանուէր վարքագիծով նուիրագործուած է եւ կը շարունակէ մնալ անսպառ աղբիւրը հաւաքական մեր ուժին եւ ժողովրդականութեան:

Բայց գաղափարական բոլոր զէնքերուն օրինակով անանձնականութիւնը եւս երկսայրի սուր է, ծայր աստիճան ուշադիր գործածութիւն կ՛ենթադրէ եւ, այլապէս, բացասական անդրադարձներ կ՛ունենայ, երբ իր բովանդակութենէն կը պարպուի եւ կը վերածուի անհատականութիւնները անտեսելու կամ թերագնահատելու արժեչափի:

Ճառագայթող անհատականութիւններն են, որ անանձնականութեան կու տան գաղափարական իր արժէքը եւ առաջքը կ՛առնեն հաւաքական շարժում մը անգոյն եւ անդիմագիծ հետեւորդներով ծանրաբեռնելու այն վտանգին, որ սովորաբար կը սպառնայ կուսակցութիւններու կեանքին:
Դաշնակցութեան հարուստ կենսափորձը վկայ, որ եզակի անհատականութեանց եւ անոնց իւրայատուկ կամ անձնադրոշմ ներդրումներուն հնոց մը կրցած է դառնալ գաղափարական մեր շարժումը:

Կարելի է թուել երկար շարքը հիմնադիր մեր երրորդութենէն մինչեւ անուանի մեր ֆէտայիները եւ անկախութեան մեր սերունդէն մինչեւ Սփիւռքի գոյատեւման կռուանները ամրապնդած բազմավաստակ գործիչները երկարող դաշնակցականներուն, որոնք իրենց անհատականութեամբ այնքան տարբեր եւ ուրոյն դրոշմ ձգած են կազմակերպական մեր կեանքին ու գործին վրայ, բայց որոնց անձնական նուիրումը փաստօրէն ներդաշնակած է այդ առանձնայատկութիւնները:

Ներդաշնակում մը, որ իւրաքանչիւր անհատականութեան կ՛ընձեռնէ դաշնակցականի ինքնուրոյն տիպար մը դառնալու հնարաւորութիւնը՝ իբրեւ հաւաքական եսին ճառագայթող մարմնաւորում:
Անանձնականին եւ անձնադրոշմին միջեւ Դաշնակցութեան գտած այս ներդաշնակութիւնը եւ հաւասարակշռութիւնը ուղենշային արժէք ունին, եւ, իբրեւ այդպիսին, կոչուած են հունաւորելու կազմակերպական մեր առօրեան:

Ահա թէ ինչո՛ւ նոյնքան կարեւոր է դաշնակցական ընկերներու անհատականութեանց առջեւ ինքնահաստատման ուղին բաց պահելու կազմակերպական հոգածութիւնը, լայնախոհութիւնը: Ահա թէ ինչո՛ւ կարգապահական մեր պատիժները գերազանցապէս դաստիարակչական բնոյթ ունին եւ բոլոր միջոցները սպառելէ ետք միայն, աստիճանական զարգացումով կը յանգին հեռացումի:
Հոգածու եւ լայնախոհ վերաբերումի արժանի են ինքնահաստատման յանգրուանին գտնուող դաշնակցական ընկերներու անհատականութիւնները, որովհետեւ կազմակերպական մեր առօրեան արդէն տեղ կու տայ միայն անոնց, որոնք անանձնական նուիրումի ընդունակ են եւ գաղափարական մեր հնոցին մէջ կը նետուին գիտակից այդ յանձնառութեամբ: Միւսները, պատահականութեամբ թէ պատեհապաշտութեամբ Դաշնակցութեան ածուին մէջ ինկած եսակեդրոն սերմերը, ուշ կամ կանուխ կը զարնուին նուիրումի փորձաքարին եւ ժամանակի հովը կը քշէ ու կը տանի զանոնք:

Տոկացողներուն մէջ ամբողջական մեր գուրգուրանքը վայելելու ամէն իրաւունք ունին անոնք, որոնց անհատականութիւնը կրնայ յղկելի երեսներ ունենալ, դժուարութեամբ համակերպիլ կարգապահական մեր ըմբռնումներուն, բայց որոնց չի պակսիր անանձնականութեան ապրումը: Գաղափարական մեր շարժումին վերանորոգման եւ երիտասարդացաման ուղին ալ այդ է:

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

10/01/2014
asbarez.com

Տպել Տպել