Շաւարշ Միսաքեան (1884 – 1957) Հայկական Հրապարակագրութեան Անմահ Վարպետը

ՇԱՎԱՐՇ ՄԻՍԱՔՅԱՆ26 Յունուարին, հայ ժողովուրդը կորսնցուց իր արժանաւոր զաւակը՝ հայկական հրապարակագրութեան անմահ տիտաններէն եւ դաշնակցական մտքի ու առաջնորդող խօսքի անկրկնելի դրօշակիրներէն Շաւարշ Միսաքեանը։

Հայ մամուլի ոսկեմատեանին մէջ բարձրադիր գագաթ մը նուաճեց աւազանի անունով Եղիազար, բայց Շաւարշ անունով եւ միատառ «Շ.» ստորագրութեամբ հայաշխարհով մէկ հռչակուած Միսաքեաններու այս անզուգական ծնունդը։

Գրական¬գեղարուեստական կատարելագոյն մշակումի հասած իր արեւմտահայերէնով, կուռ ոճի եւ խոհականութեան իր տաղանդով եւ, մանաւա՛նդ, դաշնակցականի անխախտ հաւատքով ու սկզբունքայնութեամբ՝ Շաւարշ Միսաքեան հրապարակագրական իր առաջին քայլերէն իսկ գրաւեց ընթեցողը, դարձաւ անոր ուղին լուսաւորող անմար փարոսը։

Հանդիսացաւ հայ կեանքի արթուն պահակը, որ հանրային կարծիք ձեւաւորեց ու առաջնորդեց աւելի քան յիսուն տարի՝ ե՛ւ երկրի մէջ, երբ թրքական պետութեան հայասպանական մեծ Ոճիրը դեռ ի գործ դրուած չէր, ե՛ւ արտերկրի տարածքին, երբ աշխարհացրիւ տարագրութեան դատապարտուեցաւ հայ ժողովուրդը։

Յատկապէս իր մեծարժէք ձեռակերտն ու միաժամանակ փառքի դափնեպսակը մարմնաւորող փարիզեան «Յառաջ» թերթով՝ Շաւարշ Միսաքեան հայ իրականութեան մէջ ստեղծեց դաշնակցական իր ամէնօրեայ դպրոցը, որ ընթերցող լայն հասարակութեան ազգային¬քաղաքական նկարագիր տուաւ եւ շունչ ու հաւատք ներարկեց Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի ապագային հանդէպ։

Շաւարշ Միսաքեան լոյս աշխարհ եկաւ 1884ի Օգոստոսին, Ս. Աստուածածնայ Կիրակին, Սեբաստիա նահանգի Զիմառա գիւղը։ 6 տարեկանին ընտանիքը փոխադրուեցաւ Պոլիս, ուր Շաւարշ յաճախեց, յաջորդաբար, Գում Գափուի Մայր Վարժարանը, Կալաթայի Կեդրոնականը եւ Կէտիկ Փաշայի Կարկուրեան դպրոցը։ 16 տարեկանին մուտք գործեց հրապարակագրութեան ասպարէզ՝ «Սուրհանդակ» թերթի խմբագրութեամբ։

Շաւարշ Միսաքեանի հրապարակագրական ինքնահաստատումը սկսաւ 1908ին, երբ Զապէլ Եսայեանի, Գեղամ Բարսեղեանի եւ Վահրամ Թաթուլի հետ ձեռնարկեց Պոլսոյ «Ազդակ» շաբաթաթերթի հրատարակութեան։ 1911-1912ին ստանձնեց Կարնոյ հռչակաւոր «Յառաջ» թերթին խմբագրութիւնը։ 1913ին Պոլիս վերադարձաւ՝ մաս կազմելու համար Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Ազատամարտ»ի խմբագրութեան՝ ստանձնելով նաեւ պատասխանատուութիւնը «Ազատամարտ» օրաթերթի շաբաթական յաւելուածին՝ ինքնին շաբաթաթերթի վերածուած հրատարակութեան։

Իր ազգային-քաղաքական հայեացքներուն ու կեցուածքներուն համար Շաւարշ Միսաքեան տեւական հետապնդումի ենթարկուեցաւ թրքական իշխանութեանց կողմէ եւ փախստական՝ թաքստոցային պայմաններու մէջ կը շարունակէր խմբագրական իր աշխատանքը 1915ին, երբ ցեղասպանը ի գործ դրաւ հայ մտաւորականութեան զանգուածային ձերբակալութեան եւ աքսորի ճամբուն վրայ սպանութեան ահաւոր ոճիրը։ Մինչեւ 1916ի Մարտը Շաւարշ կրցաւ խուսափիլ թրքական ոստիկանութեան հետապնդումներէն, բայց ի վերջոյ ձերբակալուեցաւ, երբ կը փորձէր Պոլիսէն հեռանալ ու Պուլկարիա ապաստանիլ։ Դատուեցաւ եւ մահուան դատապարտուեցաւ, բայց վճիռը ցկեանս բանտարկութեան վերածուեցաւ եւ Շաւարշ բանտ մնաց մինչեւ 27 Նոյեմբեր 1918, երբ Զինադադարէն ետք ազատ արձակուեցաւ։

Այնուհետեւ սկսաւ Շ. Միսաքեանի խմբագրական առաքելութեան կարեւոր շրջաններէն մէկը, երբ զինուորագրուեցաւ գլխատուած պոլսահայ մտաւորականութիւնը վերակենդանացնելու անխոնջ պայքարին՝ ստանձնելով «Ազատամարտ»ի շարունակութիւնը եղող «Ճակատամարտ»ի խմբագրական պատասխանատուութիւնը։ Շաւարշ յաջողեցաւ նոր ուժեր յայտնաբերել եւ թերթին կապել՝ ընդհանրապէս մտաւորական կենսունակութիւնը եւ ազգային-քաղաքական աշխուժութիւնը վերադարձնելով պոլսահայ իրականութեան։ Իր այդ հանգամանքով ալ մասնակցեցաւ 1919ին Երեւանի մէջ գումարուած Հ.Յ.Դ. 9րդ Ընդհանուր Ժողովին։

1922ին, Քեմալականներու իշխանութեան աստիճանական ամրապնդման հետեւանք նոր հալածանքներէ խոյս տալով, Շաւարշ Միսաքեան վերջնականապէս հեռացաւ Պոլիսէն, անցաւ նախ Պուլկարիա, իսկ այնուհետեւ՝ 1924ին, վերջնականապէս հաստատուեցաւ Փարիզ, ուր տարի մը ետք հիմնեց «Յառաջ» օրաթերթը։

Աւելի քան երեսուն տարի, Շաւարշ Միսաքեան առաջնորդող ներկայութիւն եղաւ ոչ միայն Եւրոպայի, այլեւ ողջ հայ իրականութեան մէջ, «Յառաջ»ի կողքին նաեւ «Դրօշակ»ի խմբագրութեան մաս կազմելով եւ կուսակցական բարձրագոյն պատասխանատուութեանց կոչուելով՝ իբրեւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի, ապա եւ Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ։

Յատկապէս հայ հրապարակագրութեան մէջ անզուգական եղաւ Շաւարշ Միսաքեանի ներդրումը։ Ռուբէն Զարդարեանի կողքին՝ Շաւարշ Միսաքեան մեծագոյն դեր կատարեց արեւմտահայ արձակը հրապարակագրական լեզուի վերածելու յիշարժան գործին մէջ։ Իր խմբագրականներն ու տոմսերը ամէնօրեայ տաք հացի պէս գաղափարական սնունդը դարձան իրերայաջորդ սերունդներու՝ Ֆրանսաչի մէջ թէ սփիւռս հայաշխարհի։

Հայ ժողովուրդի ազգային արժանաւորութեան, Հայաստանի անկախութեան եւ հայ ազգային-ազատագրական շարժման գաղափարական ու բարոյական աւանդներուն երդուեալ պաշտպանը հանդիսացաւ։ Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի հանգանակը՝ Եռագոյնով, Զինանշանով եւ «Մեր Հայրենիք»ով, պաշտամունքի առարկան դարձան Շաւարշ Միսաքեանի հրապարակագրական հարուստ վաստակին։ Ազգային անառարկելի այդ արժէքներուն ուրացման բոլոր փորձերուն եւ փորձութիւններուն դէմ բուռն եղան յատկապէս Շ.ի գրեթէ ամէնօրեայ խարազանող տոմսերը։

Իրաւամբ հայկական հրապարակագրութեան դաշնակցական վարպետը հանդիսացաւ Շաւարշ Միսաքեան, որ յաջորդներուն սորվեցուց անկաշառ, համարձակախօս եւ մարտունակ դրօշակիրը մնալ ազգի եւ հայրենիքի անկորնչելի արժէքներուն։ Գաղափարներու ոգին վառ պահեց եւ ամէնօրեայ ներշնչումի չցամքող աղբիւրի վերածեց սկզբունքի տէր կանգնելու իր յանձնառութիւնը, աներեր ինքնահաւատարմութիւնը եւ, մանաւանդ, Հայաստանն ու հայութիւնը միշտ դէպի Ճշմարտութեան Լոյսը առաջնորդելու խստապահանջութիւնը։

Իր մահուան տարելիցին առիթով, Շաւարշ Միսաքեանի մտերմութեան մէջ վերանորոգուելու եւ գօտեպնդուելու համար, ահա՛ քանի մը քաղուածք Շ.ի պատգամաշունչ տոմսերէն եւ խմբագրականներէն, որոնք այսօր եւս կրնան լուսաւորել Հայաստանի եւ հայութեան ուղին՝ դէմ յանդիման ազգային վերականգնումի մեր երթը խոչընդոտող ամէնօրեայ պատեհապաշտութեանց եւ ձեռնթափութեանց, յատկապէս նորաբոյս «իմաստութեանց» կեղծիքին ու ինքնախաբէութեան.

– «ԼՌՈՒԹԻՒՆԸ ՈՍԿԻ ՉԷ»

Տարեկան տեսութեան մը առիթով ուզեցինք իմանալ, թէ ի՛նչ գործեր կատարած են մեր գաղութին ազգային մարմինները եւ ի՛նչ առաջադրութիւններ ունին յառաջիկային համար։
Ահա կը լրանայ նոր տարուան առաջին ամիսը, բայց ոչ մէկ ձայն։
Ոչ իսկ սովորական տեղեկութիւն մը, այս կամ այն շրջանէն։
«Լռութիւնը ոսկի է»,- կ’ըսէին, երբ դպրոց կ’երթայինք։
Փորձառութիւնը հաստատեց, թէ միշտ ոսկի չէ։ Երբեմն արծաթ է, իսկ յաճախ ալ թիթեղ։
Այս երեքէն որո՞ւն կը համապատասխանէ համատարած լռութիւնը։

– «ՅԱՆՈՒՆ ԼԵԶՈՒԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ»

Արտասանութեան կտոր մը կը ճանկռտէ միտքս, ամէն անգամ, որ կ’որոճամ այս նիւթին վրայ.
– «Հազար տարիներ եւ մինչեւ այսօր Թաթարն է թառել մեր կրծքի վրայ»։
Ամէն մէկուն համար տեսանելի, շօշափելի են եղած քաղաքական գերութեան հետեւանքները,- յարատեւ զարհուրանք։ Յորդահոսան արիւն եւ համատարած աւեր։ Բռնագաղթ եւ արտագաղթ։ Իսլամացում եւ կազմալուծում։ Քայքայում համրանքի եւ միութեան։ Մղձաւանջ դարէ դար։ «Հազար տարիներ եւ մինչեւ այսօր»։
Իսկ հոգեկան աւե՞րը։ Եւ այն լեզուական խառնածին խնամութի՞ւնը, որ կը տեւէ մինչեւ այսօր, խաթարելով մայրենի բարբառին դիմագիծը եւ ներդաշնակութիւնը։
Դժբախտաբար միայն խօսուած լեզուն, այսպէս կոչուած «ժողովրդական»ը չէ աղճատ ու խառնակ։
Գրաւորն ալ հարս-փեսայ դարձած է թուրք-թաթար լեզուական ընտանիքին հետ, կնքահայրութեամբ մեծատաղանդ գրագէտներու եւ բանաստեղծներու։
Քաղաքական եւ ընկերային անկախութեան տարրական պայմաններէն մէկն ալ մայրենի լեզուի ազատագրումը չէ՞։ Արդէն լեռ ու ձոր կտրած ենք այդ ճամբուն վրայ։ Բայց, մե՞ղք է աւելին պահանջել, նոյնիսկ յանուն գեղարուեստի։
Մնաց որ, մեր մայրենի լեզուն այնքան աղքատ չէ, ուրիշին դուռը ափ առնելու համար։ Մանաւանդ հայրենիքի սահմաններուն մէջ…
Մեր ճակտի՞ն գրուած է մեծապատիւ մուրացկանութիւնը, գրականութեան մէջ ալ։

– «ՏԷՐ ԵՂԷՔ ՁԵՐ ԿՈՉՈՒՄԻՆ»

Չկայ հայերէն թերթ մը, որ չփառաբանէ երիտասարդութիւնը իբրեւ վաղուան յոյսը, լոյսը եւ ուրիշ ամէն բան։
Երիտասարդութիւնը ինքն ալ իւրացուցած է կարգ մը բառեր ու նշանախօսքեր, եւ կ’արտասանղ հանդիսաւոր առիթներու մէջ։
Եւ ամէնքն ալ կը մխիթարուին, փայլուն հեռանկարներ նախատեսելով։ Մանաւանդ եթէ նորահասներէն մէկն ու մէկը բացման ճառ մըն ալ խօսի հայերէն։
Շատ քիչեր կ’անդրադառնան, թէ այս շարժումն ալ թուլացման, լճացման ախտանշաններ ցոյց կու տայ գաղութին մէջ։

Բացարձակ պայման է հայերէն սորվիլ, ժողովները եւ թղթակցութիւնները վարել մայրենի լեզուով։ Ապա ուրեմն ուշադրութեամբ հետեւիլ պատմութեան, աշխարհագրութեան եւ գրականութեան դասերուն, ինչպէս եւ զանազան դասախօսութեանց։
Ի՞նչ կ’արժէ երիտասարդութիւն մը կամ ոեւէ միութիւն, որ կը խուսափի այս տարրական պարտականութենէն։
Նոր երիտասարդութիւնը ոչ թէ վաղուան յոյս կամ լոյս, այլ դաշտի բոյս անգամ չի կրնար դառնալ, առանց սերտօրէն կապուելու իր ժողովուրդին մշակոյթին հետ։

Տարագիր բազմութիւնները պէտք չունին ոչ սալոնական, ոչ ալ աշխարհաքաղաքացի երիտասարդութեան մը։
Օրուան պահանջն է սերունդ մը, որ միջավայրէն ստացած ուսման վրայ բարդէ, անոր հետ ներդաշնակէ իր հայրենի պատմութիւնն ու մշակոյթը, որպէսզի կարենայ պահել եւ զարգացնել ժառանգութիւնը։

Առանց այս հիմնական պայմանին, երիտասարդութիւնը կը դառնայ անգոյն բազմութիւն մը, իսկ հայրենի մշակոյթն ալ՝ անշարժ կալուած կամ հին ազգաց պատմութիւն։

Երիտասարդութեան կոչումն է ջահեր վառել, եւ ոչ թէ կերոն բռնել։

– «ԵՐԿՈՒՆՔ ԵՒ ՎԱՍՏԱԿ»

Բաղդատաբար բեղուն տարի մը եղաւ 1956ը, գրական հրատարակութեանց տեսակէտով։ Մանաւա՛նդ Միջին Արեւելքի մէջ, որ երբեմնի Պոլսոյ տեղը կը բռնէ։

Թող իմանան բոլորն ալ, Կարմիր գիծէն ասդին եւ անդին, թէ Հայկական Մշակոյթին կամաւորնե՛ր հրաշքներ կը գործեն օտարութեան մէջ ալ, հակառակ յուսահատական դժուարութեանց։
Թող իրարու պատմեն, թէ անոնք իրենց երակները կը քամեն, իրենց ճամբուն վրայ ձգելով երկունք մը ու վաստակ մը արժանի արդար հպարտութեան։
Այդ ստեղծագործ աշխատանքը տարիներէ ի վեր կը շարունակուի աշխարհի բոլոր ցամաքներուն վրայ, արեւելքէն արեւմուտք։

– «ԿԱՐԳԸ ՁԵ՜ՐՆ Է, ՏՂԱՔ»

Ամէն սերունդ պիտի ունենայ կամաւորներ, ծառայելու համար իր ժողովուրդին եւ անոր միջոցաւ՝ ընդհանուր մարդկութեան։
Առանց այս հիմնական դաւանանքին որեւէ մտաւորականութիւն պիտի դառնար ամբոխին մէկ մասը։ Թերեւս ամէնէն անպիտանը։
Եւ ամէն սերունդ միշտ քայլ մը յառաջ պիտի նետուի, նոր արժէքներու հետապնդումով։
Իր նայուածքը պիտի ըլլայ վճիտ։ Միտքը՝ սուր։ Սիրտը՝ տաք։

Երէկ տժգոյն եւ նկուն, այսօր բոցավառ եւ հասակագեղ, դո՛ւն՝ երիտասարդութիւն Հայոց, աչքերդ ուղղէ դէպի հայրենի Տուն։
Ո՛չ թէ անոր չորս պատերուն մէջ կծկուելու, այլ նոր հորիզոն փնտռելու եւ պարպուած դիրքերը գրաւելու համար։
«Եաթաղան»ը արեան գետեր հոսեցուց, բայց Հայկազանց ոգին մնաց անեղծ՝ սաւառնելով հորիզոնէ հորիզոն։
Թոյլ մի՛ տաք, տղա՜ք, որ օտարութեան գոլորշիները ծծեն այդ ոգին՝ ձեր ետին ձգելով միայն դարաւոր պատմութեան մը կմախքը։

azator.gr

Տպել Տպել