Հ.Յ.Դաշնակցութեան օրվան տօնակատաութիւն Կլէնտեյլում


Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի խօսքը Հ.Յ.Դաշնակցութեան Օրուան տօնակատարութեան (Կլէնտէյլ), ներկայացուած ընկ. Վիգէն ՅՈՎՍԷՓԵԱՆԻ կողմէ

1921 Ապրիլ: Ինկած է Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւնը, ճնշուած է Փետրուարեան ապըստամբութիւնը: Այդ հանրապետութեան կրթութեան տարագիր նախարարը՝ մեծ հայ ու Դաշնակցութեան պայծառագոյն դէմքերէն Նիկոլ Աղբալեան կը գրէր. «Հանգիստ խղճով եւ պայծառ հայեացքով նայում եմ կուսակցութեանս անցեալին: Կորած ու մոլորած մի ժողովուրդ դարձնել ռազմունակ մի ազգ եւ քաղաքական կեանքով ապրեցնել ծխականին, տալ նրան հայադէմ հայրենիք ու պետութիւն, դնել նրա ապագայ մշակոյթի հիմնաքարերը – սրանք գործեր են, որ կատարեց Դաշնակցութիւնը յամառօրէն եւ անթիւ զոհերի գնով: Նա կատարեց իր պատմական պարտականութիւնը. եղաւ ազնիւ, անձնուէր եւ հաւատարիմ վաստակաւոր. չվարանեց ոչ մէկ զոհողութեան առջեւ եւ հիմա հանգիստ նայում է իր գործին, որ զարգանում է Արարատի շուքի տակ: Իր ոգին ապրում է Հայաստանում: Երբ ժամը հնչէ, այդ ոգին իբր ուժանակ պիտի ծաւալի դէպի արեւմուտք եւ հարաւ, հասնելու համար այն սահմաններին, որ գծած է Դաշնակցութիւնն իբր բնավայր հայ ժողովրդի: Ուրիշ դրօշով, բայց մեր ոգին է, որ պիտի ամբողջացնէ մեր ձեռնարկած մեծ գործը»:
* * *
Ինչպէս աշխարհի ամէն կողմ, ուր հայեր կ’ապրին, այդպէս նաեւ այստեղ, այս երեկոյ, մենք կը նշենք (կը տօնե՛նք) տարեդարձը Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 115ամեայ ծառայական գործին: Այս երեկոյ ես պիտի չուզէի, որ խօսէինք Դաշնակցութեան ու անոր 115ամեակին մասին, այլ՝ Դաշնակցութեան 115ամեայ ծառայութեան մասին: Պիտի չուզէի, որ խօսէինք Դաշնակցութեան հիմնադիրներուն, գործիչներուն ու մարտիկներուն մասին, այլ անոնց մատուցած ծառայութեան մասին՝ հայ ազգին ու Հայաստանին:

Լսեցէ՛ք դաշնակցականին երդումը, զորս հանդիսաւորապէս կ’արտասանէ իւրաքանչիւր անձ, որ մուտք կը գործէ Դաշնակցութեան շարքերը.
«Կ’երդնում պատւոյս եւ հայրենիքիս վրայ՝ միշտ հաւատարիմ մնալ Հ.Յ.Դաշնակցութեան Ծրագրին, Կանոնագրին ու որոշումներուն, եւ բոլոր ուժերովս՝ իսկ եթէ հարկ ըլլայ նաեւ կեանքիս գնով ծառայել Հայաստանի եւ հայութեան ազատագրութեան դատին»:
Ծառայութիւ՛ն:

Որովհետեւ ժողովուրդին ծառայելն ու ժողովուրդի ծառայութեան գործն են, որ իմաստ կու տան Դաշնակցութեան գոյութեան. անսակարկ ծառայական աշխատանքն է, որ ոգի եւ սլացք կը ներշնչէ դաշնակցական մարդոց, եւ վերջապէս՝ ծառայութեան ու գործի արգասիքներն են, որ զանգուածները վերջ ի վերջոյ հետեւորդ ու համակիր կը դարձնեն Դաշնակցութեան:

Արդարեւ, եթէ ակնարկ մը նետելու ըլլանք 19րդ դարու վերջերը հայ ազատագրական շարժման մթնոլորտին մէջ գոյութիւն ունեցող խմորումներուն ու ապա Դաշնակցութեան հիմնադրութեան պայմաններուն, պիտի տեսնենք, որ հիմնադիր սերունդը ազատ կամ անկախ Հայաստանի (ալ ուր մնաց Միացեալ Հայաստանի) նպատակակէտ չէր, որ կը դնէր իր առջեւ, այլ ժողովուրդին յատկապէ՛ս թրքահայոց դատին ծառայելու խնդիր: Գուցէ եւ մեր հիմնադիրները իրենց մտքերուն եւ սրտերուն մէջ կը փայփայէին ազատ, անկախ Հայաստանի տեսլականը, բայց սա միայն աւելի ուշ է, որ քաղաքական նպատակի պիտի վերածուէր: Սկիզբը՝ նպատակը հասնիլն ու ծառայելն էր ժողովուրդի կարիքներուն, եւ եթէ կ’ուզէք՝ ազատ ու անկախ երկիրը պատասխա՛նն էր այդ կարիքներուն:

Հետեւաբար, այս իսկ հասկացողութեամբ, Ազատ, Անկախ ու Միացեալ հայրենիքը միջոց մըն է եթէ կ’ուզէք, կամ աւելի ճիշդը՝ հանգըրուանային նպատակ մը, որ կը ձգտի ամբողջական նպատակին՝ որ ստեղծումն է այնպիսի հայրենիքի մը, այնպիսի պայմաններու, ուր հայ ազգը կը կարողանայ խաղաղութեան ու հարազատ պայմաններու մէջ ապրիլ հանգիստ, բարօր ու բարգաւաճ կեանք ու ստեղծագործել իբրեւ մէկ անդամը ազգերու ընտանիքին:

Այս կ’ըլլայ յաճախ մեր պատասխանը անոնց, որոնք հարց կու տան մեզի, թէ արդեօք ինչ որ չափով չէ՞ պղտորած Դաշնակցութեան նպատակը (յատկապէս Սփիւռքի մէջ), հիմա որ ազատ ու անկախ Հայաստան կայ: Նոյնիսկ եթէ Հայաստանը ամբողջովին ազատ ու անկախ ըլլար – որ տակաւին չէ՝ նկատի առնելով բազմաթիւ այն դժուարութիւնները եւ սպառնալիքները, որոնք կը ծառանան երկրի ներքին ու արտաքին կեանքին մէջ (իսկ այս մասին քիչ ետք), նոյնիսկ այդ պարագային՝ այնքան ատեն, որ հայկական դատը իր ամբողջական լրումին չէ հասած, երբ Ուաշինկթընի մէջ հայութիւնը իրաւունքներ ունի հետապնդելիք, երբ Լոս Անճըլըս քաղաքին մէջ հայ փոքրամասնութիւնը ակնկալութիւններ ունի իրագործելիք, երբ Ջաւախքի մէջ հայ մեծամասնութիւնը ինքնավարութիւն ունի ձեռք բերելիք եւ մարդկային տարրական իրաւունքներ պաշտպանելիք, երբ Արցախի մէջ պետական կառոյցները կայացման ընթացք ունին ամբողջացնելիք, երբ Լիբանանի հայ համայնքը քաղաքական իրաւունքներ ունի պաշտպանելիք ու ազգային վարժարաններ պահպանելու խնդիր, երբ Ռուսիոյ մէջ ապրող հայերը համայնք ունին կազմակերպելիք, ու տակաւին, երբ իրաքահայութիւնը ապահովութեան ու անմիջական ընկերա-տնտեսական ծառայութեանց կարիքը ունի, երբ Հայկական Ցեղասպանութեան մեծ ոճիրի պատիժը չէ սահմանուած ու հայ ժողովուրդը իր հատուցումը չէ ստացած, ու մանաւա՛նդ՝ այնքան ատեն, որ հայութիւնը բռնագրաւուած հողեր ունի, իրաւունքներ ունի տուն բերելիք, Դաշնակցութիւնը անելիք ունի, դաշնակցութիւնը ծառայական գործ ունի կատարելիք:
Այստեղ նշուած մարտահրաւէրները թող չափազանցութիւն չթուին կամ Դաշնակցութեան հաշւոյն անհամեստութիւն չարձանագրուին:
Եթէ անցեալը պիտի ըլլայ չափանիշը, կը բաւէ 110-115 տարիներու յետադարձ ակնարկ նետել բոլո՛ր այն հանգրուաններուն, իրադարձութիւններուն եւ եղելութիւններուն վրայ, որոնք հայութիւնը յուզած են, կամ տագնապներու դուռ բացած են հայութեան մէկ մասնիկին համար եւ պիտի տեսնէք, որ հոն ներկայ է Դաշնակցութիւնը տագնապի լուծման գործին մէջ իր բաժինը վերցնելու, իր ծառայութիւնը մատուցելու համար:

Կարելի է երկար թուարկել ազատագրական պատերազմէն անկախութիւն, մինչեւ սփիւռքեան գաղթօճախներու եւ համայնքներու կազմաւորումը երկարող իրագործումները:

Եթէ ներկան պիտի ըլլայ չափանիշը, ապա պէտք է վերլուծումը կատարենք Դաշնակցութեան գործին՝ թէ՛ ուղղահայեաց՝ աշխարհագրական տուեալներու առումով եւ թէ՛ հորիզոնական՝ այսինքն օրակարգային կտրուածքներով:

Տուեալներ.-

Դաշնակցութիւնը կազմակերպական ներկայութիւն է աւելի քան 30 երկիրներու մէջ, մօտաւորապէս հոն, ուր հայ համայնք կայ:
Խօսքս դաշնակցական կառոյցի մասին է եւ ոչ ուղեկից միութեանց՝ այլապէս այս թիւը շատ աւելին կ’ըլլայ:
Դաշնակցութիւնը ներկայ է աշխարհի աւելի քան 150 քաղաքներու եւ գիւղաքաղաքներու մէջ:
Դաշնակցութեան անդամներ ներկայ են 7 երկիրներու խորհրդարաններու մէջ:

Հայաստանի մէջ մաս կը կազմենք կառավարութեան, ունինք 3 նախարարութիւններ, երեքն ալ ժողովուրդի ծառայութեան նպաստող. գիւղատնտեսութիւն, առողջապահութիւն, ընկերային ապահովութիւն:

Ամբողջ աշխարհի տարածքին ունինք 14 հրատարակութիւններ, օրգաններ, թերթեր: Հոս չեմ ներառեր պատանեկան, երիտասարդական եւ ուսանողական պարբերականները: Շատերը այս թերթերուն ունին համացանցային (internet) կայքէջ:

Ունինք հեռուստատեսային ծրագիրներ 3 երկիրներու մէջ. իսկ 3 այլ երկիրներու մէջ ունինք ռատիոալիքներ: Պարզ ռատիոժամերը չեմ նշեր:
Կը պահենք Հայ Դատի աւելի քան 20 գրասենեակներ, որոնցմէ 8ը մայրաքաղաքներու մէջ:
Այս բոլորով հանդերձ, մեր անդամներուն միայն 2% է, որ վճարովի պաշտօնէութիւն է, 98%ը կամաւոր շարքայիններ են, որ աշխատանքը կը տանին:

Պիւտճէական իմաստով, մինչ ընդունուած է, որ հասարակական եւ բարեսիրական կազմակերպութիւններ իրենց եկամուտին 30, 40 մինչեւ իսկ 60 տոկոսը տրամադրեն իրենց վարչամեքենային՝ այսինքն ռոճիկներու, եւ այլն, Դաշնակցութեան պարագային այդ գումարը 10%էն նուազ է. մնացածը ամբողջութեամբ կը տրամադրուի ծրագիրներու իրականացման:

Կա՞յ, եղա՞ծ է արդեօք հայ կամ նոյնիսկ այլ ժողովուրդներու պատմութեան մէջ այսքա՛ն տարածուն ընդգրկում ունեցող կազմակերպութիւն. իսկ եթէ ըսուի, որ թուական տուեալները ապրող չեն, խօսուն չեն, եւ համատարած ու կազմակերպուած կառոյց մը միշտ չէ, որ լայնածաւալ գործ կը տանի, կը բաւէ, որ ակնարկ մը նետէք դաշնակցական որեւէ Շրջանային կամ Ընդհանուր ժողովի օրակարգին (հոս գաղտնի բան չկայ), եւ պիտի տեսնէք, որ չկայ հայ ազգային իրականութեան վերաբերող մարզ կամ երես, որ չի տագնապեցներ ու չի զբաղեցներ դաշնակցական մարմինները: Ո՞վ կրնայ այսօր հարցականի տակ առնել Դաշնակցութեան գործին ծաւալը: Գուցէ կարելի է մեր կատարած գործը քննարկել կամ քննադատել, բայց մեզ անգործութեան համար մեղադրել՝ երբեք:

Ես կ’ուզեմ առանձնացնել 3 օրակարգեր եւ անդրադառնալ այդ ուղղութեամբ մեր քաղաքականութեան:

ԱՌԱՋԻՆԸ եւ այսօրուան դրուածքով մեր բոլորի անմիջական ուշադրութեան առարկան՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը:

Ծանօթ է ձեզի, ինչպէս նշեցի, որ Դաշնակցութիւնը այսօր մաս կը կազմէ հոն գործող համախոհական կառավարութեան: Մենք մասնակից ենք ո՛չ թէ անոր համար, որ համաձայն եղած ենք ու ենք կառավարութեան բոլոր որոշումներուն, ու աւելի կարեւո՛րը՝ որոշումները գործադրելու եղանակին. կամ ո՛չ անոր համար, որ հմայուած ենք այս կառավարութիւնը հովանաւորող նախագահով, այլ միայն անոր համար, որ մեր հաշուարկներով, վերջին 3-4 տարիներու անցումային ժամանակաշրջանը նկատած ենք գերզգայուն եւ հոս առաջնահերթութիւնը տուած ենք երկրի ներքին կայունութեան: Համոզուած, որ բնական հարստութիւն չունեցող մեր երկիրը, որուն տնտեսութիւնը առաւելաբար մանր արտադրութեամբ ու ծառայութիւններով պիտի աճի ու այս մէկը միայն կայուն երկրի մը մէջ կարելի է իրականացնել, նաեւ համոզուած ըլլալով, որ քաղաքականօրէն անկայուն երկիրը դուռ կը բանայ դուրսէն ղեկավարուող ներքին արկածախնդրութիւններու, մենք մեր ընթացքը ժուժկալութեամբ ենք տնօրինած ու համախոհութեան գաղափարը ջատագոված:

Անշուշտ կը հասկնանք նաեւ, որ որոշ մարզերու մէջ համբերութիւնը միայն ժամանակաւոր է ու պէ՛տք է որ ըլլայ:

Այսպէս, հետամուտ ենք եւ պահանջատէր, որ երկրին մէջ գերիշխէ օրէնքը եւ օրէնքի ճամբով ճզմուի կոռուպցիան: Այս իմաստով փոքր յաջողութիւնները ողջունելի են, բայց բաւարար չեն: Շատ փոքր քայլեր են, շատ ուշացած:

Համոզուած ենք որ կոռուպցիայի սահմանափակումով զարկ կը ստանայ ազատ մրցակցութիւնը՝ վերջ տալով մենատիրական երեւոյթներուն: Այս մէկը կը նպաստէ տնտեսական աճին ու ամէնէն կարեւորը՝ կը նպաստէ ժողովուրդի հոգեբանութեան, որ ինքնին կրնայ հսկայական մղիչ ուժ ըլլալ արդէն իսկ զարգացող մեր երկիրը աւելի արագ եւ աւելի հաստատ աճեցնելու գործին մէջ: Այս վերջինը, իր կարգին, կը կասեցնէ, կամ առնուազն կը դանդաղեցնէ արտագաղթը եւ խթան կը հանդիսանայ նաեւ սփիւռքահայութեան, որ Հայաստանի մէջ տեսնէ տնտեսական կարելիութիւններ ու ապագայ:

Այս իմաստով, այսինքն սփիւռքահայութեան մէջ Հայաստանի ուղղութեամբ հետաքրքրութիւնը զգացականէն գործնականի վերածելու նպատակով, մենք շարունակաբար հետամուտ եղած ենք երկքաղաքացիութեան օրէնքի ընդունման:

Բարեբախտաբար սահմանադրական փոփոխութիւններու նախագիծը, որ ժողովրդային հանրաքըուէի ճամբով ընդունուեցաւ անցեալ ամիս, վերջնականապէս վերցուց երկքաղաքացիութեան գծով գոյութիւն ունեցող արգելքը, եւ մենք նոր տարուան առաջին շրջանին իսկ, երկքաղաքացիութեան օրէնքի նոր մշակումով կը ներկայանանք ժողովուրդին ու համապատասխան քայլեր կ’առնենք Ազգային ժողովին մէջ օրէնքը անցընելու համար:

Այսօր մենք մտահոգ ենք Հայաստանի քաղաքական կեանքով, ո՛չ անոր համար, որ իշխանութիւն-ընդդիմութիւն բախում կը նախատեսենք, այլ ընդհակառակը, որովհետեւ Հայաստանի մէջ հզօր ու ատակ ընդդիմութիւն չենք տեսներ: Իսկ ժողովրդավարութիւնը իր լաւագոյն դրսեւորումը կ’ապրի ու կը բարգաւաճի, երբ թէ՛ իշխանութիւնը, թէ՛ ընդդիմութիւնը իրենց պարտաւորութեանց տէրն են: Ցաւօք, Հայաստանի մէջ ընդդիմութիւնը վաղուց կորսնցուցած է ժողովուրդին վստահութիւնը, եւ այս դրական չի կրնար նկատուիլ նոյնիսկ իշխանութեան վրայ գտնուող կուսակցութեան մը համար, որովհետեւ իշխանութենէն ու կառավարական իրականութիւններէն աւելի վեր, աւելի բարձր կան ազգայի՛ն շահեր, ու մեր ազգային շահերը կարիքը ունին առողջ ընդդիմութեան:

Երկրորդ բնագաւառը, որ ծնունդ է մէկ այլ տագնապի եւ որ կը զբաղեցնէ Դաշնակցութիւնը, այդ ալ Թուրքիոյ կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման ու հատուցման խնդիրն է:

Այս մէկը մեր հաւաքական արժանապատուութեան եւ անժամանցելի իրաւունքներուն խնդիրն է:

Իրօք, վերջին մէկ տարուան ընթացքին, մեծ գործ կատարուեցաւ այս ուղղութեամբ: Եւրոպական համայնքին կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով Թուրքիոյ վրայ դրուած ճնշումներէն մինչեւ շարք մը յաւելեալ պետութեանց ու անոնց խորհրդարաններուն կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան փաստը դատապարտելը լուրջ նուաճումներ են:

Այսօր, աւելի քան երբեք, մենք պահանջատէր ենք Թուրքիոյ պետութենէն, որ առնէ միջազգային հանրութեան կողմէ ակնկալուած քայլերը ու վերջ դնէ իր կործանարար քաղաքականութեան, ճանչնալով իր մեղքը Հայկական Ցեղասպանութեան գործադրութեան մէջ, եւ անմիջապէս բանակցութեան նստի հայութեան ներկայացուցիչներուն հետ՝ հատուցման ձեւն ու եղանակը ճշդելու համար, ոչ թէ սակարկելու համար Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութեան շուրջ, այլ՝ իր կատարելիք հատուցման…

Մենք համոզուած ենք, որ Թուրքիոյ շահերը, քաղաքական, տնտեսական եւ հոգեբանական, կը պահանջեն, որ ան անյապաղ դիմէ նախ իր հաւաքական յիշողութիւնը սրբագրելու ու ապա իր գործած մեծ ոճիրին ու անարդարութեան հետեւանքները դարմանելու քայլին: Կ’ակնկալենք նաեւ, որ Թուրքիոյ պետութիւնը, համաձայն միջազգային նորմերուն, առիթը ընծայէ, որ օրին բռնութեան տակ իրենց հայութիւնը քօղարկած հայերը դուրս գան իրենց հարիւրամեայ ճնշուածութենէն ու կարենան դրսեւորել իրենց հայութիւնն ու քրիստոնէութիւնը ու վերագտնեն իրենց բնական հոգեվիճակը:

Մենք համոզուած ենք, որ անպայման պիտի գայ այն օրը եւ այս մէկը ո՛չ շատ հեռաւոր ապագային, երբ Թուրքիոյ հասարակութեան մէջ գտնուող առողջ ձայները եւ արդարամիտ ուժերը պիտի յաջողին իրագործել մարդկութեան եւ մարդկայնութեան ակնկալածը թուրքերէն: Այս իմաստով յոյսով ենք, որ թուրք ժողովուրդէն ծնած ու Թուրքիոյ իսկ շահերէն մեկնող արդարամիտ ու առողջ գործիչներ ու մտաւորականներ ազատօրէն կարենան ստեղծագործել ու նպաստել արդարութեան: Որովհետեւ, վերջապէս, միմիայն ժողովըրդավար ու իր անցեալին հետ իր հաշիւները մաքրած ու հաշտ Թուրքիան է, որ պիտի ուզենք տեսնել իբրեւ Հայաստանի Հանրապետութեան հարեւան:

Երրորդ տագնապը, որ լայն ծառայութեան դաշտ կը բանայ եւ գուցէ ձեզ զարմացնէ զայն «տագնապ» որակելս, այդ ալ ամերիկահայ իրականութիւնն է ՝ իր ներկայի խնդիրներով ու ապագայի մարտահրաւէրներով:

Այսօր, ԱՄՆը աշխարհաքաղաքական ուժի եզակի կեդրոն է դարձած, զինուորական, քաղաքական ու տնտեսական առումով: Այս իսկ իմաստով, յաւելեալ բեռ եւ պարտաւորութիւն կը դրուի ամերիկահայութեան վրայ, որպէսզի ան իր կազմակերպուածութեամբ ու իր բոլոր միջոցներով կարենայ հունաւորել ու քաջալերել, որ ԱՄՆի պետական օղակները լաւագոյն ձեւով տրամադրուին ՀՀի, Հայկական Դատին եւ հայկական իրաւունքներուն ուղղութեամբ: Այսօր արդէն փաստ է, որ հայութիւնը, իր քաղաքական կազմակերպուածութեան շնորհիւ, յաջողած է Հայաստանի Հանրապետութիւնը դարձընել ԱՄՆի պետութեան ուշադրութեան առարկան, անհամեմատ՝ Հայաստանի չափին եւ տնտեսական կարեւորութեան:
Այսուհանդերձ, տակաւին շատ աւելի ընելիք կայ, եւ մեր քաղաքական ու լոպպիիստական կազմակերպուածութիւնը շատ ճամբայ ունի կտրելիք: Դո՛ւք շատ բան ունիք իրականացնելիք: Բայց այս մէկը յաջողցնելու համար, ամերիկահայութեան թուական եւ որակական կարողականութիւնը լաւագոյնս գործի դնելու համար, նախ ի՛նքը, ամերիկահայ համա՛յնքը պէտք է ներքնապէս կազմակերպուի: Եւ հոս, մարտահրաւէրները շատ ու շատ են:

Ինչպէ՞ս հասկնալ օրինակ, որ ԱՄՆի մէջ մէկ միլիոն հաշուող հայութիւնը միայն 5000-6000 աշակերտ ունի հայկական ամէնօրեայ վարժարաններ յաճախող:

Ինչպէ՞ս հասկնալ օրինակ, որ այս համայնքը վճարովի միայն մէկ օրաթերթ ունի զինք սպասարկող, մինչ հազար ու մէկ հեռուստատեսային ծրագիրներ, որոնցմէ շատեր անորակ՝ միայն զգայացունց բամբասանք եւ տարաձայնութիւն կը սերմանեն ժողովուրդին մէջ:

Վերջապէս, ինչպէ՞ս հասկնալ, որ հայ քաղաքական շրջանակներ անհաղորդ են ժողովուրդի իղձերուն, մտահոգութիւններուն ու փափաքներուն ու դժուարութիւն ունին միասնականութիւն ցուցաբերելու, նոյնիսկ տարին մէկ անգամ:

Նոր թափ է պէտք ու նոր մօտեցումներ, ի մի բերելու համար մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն կարողականութիւնն ու կարելիութիւնները ա՛յս ափերուն, որպէսզի այս համայնքը իր արդէն իսկ պատկառելի ներդրումը եւ զոհաբերութիւնը կարենայ բազմապատկել՝ ի խնդիր Հայաստանի կարիքներուն ու մեր համայնքի իսկ պէտքերուն ու ապագային:

Ուստի, կը տեսնենք, թէ որքան խճողուած է մեր ազգային քաղաքական օրակարգը, ու խճողուած է ինքնաբերաբար Դաշնակցութեան օրակարգը:
Եւ այնքան ժամանակ, որ կան տագնապներ՝ կան բնականաբար կարիքներ. եւ եթէ կան կարիքներ, կան ուրեմն Դաշնակցութեան ու դաշնակցականներուն առջեւ բացուող գործի ու ծառայութեան լայն դաշտեր:

Այսօր, Դաշնակցութեան ծառայական դաշտը աւելի ծաւալուն, աւելի բարդ ու բազմամակարդակ է՝ քան երբեք: Ուստի, Հայաստանի ազատ կամ անկախ Հանրապետութեան ստեղծումով ոչ թէ կը պակսի կամ կը կիսուի Դաշնակցութեան գործը, այլ կը տարածուի ու կը բարդանայ:
Դաշնակցականներս յաճախ կը գանգատինք, որ Դաշնակցութիւնը կը քննադատուի ու պատասխանատու կը նկատուի ազգի բոլոր ցաւերուն եւ բոլոր տեսակի դժուարութեանց համար. ըրածին եւ չըրածին համար: Այս այսպէս եղած է ու է՛, ու այսպէս պէ՛տք է որ ըլլայ, որովհետեւ ժողովուրդի գիտակցութեան մէջ եզակի եւ իւրայատուկ տեղ վերապահուած է Դաշնակցութեան համար, պատասխանատուութեան տարբեր մակարդակ մը: Պատասխանատուութիւն մը, որ արդիւնք եւ հետեւանք է ժողովուրդի բարձր ակնկալութեան: Իսկ ժողովուրդը՝ իրաւունք ունի ակնկալելու:

Ժողովուրդը իրաւունք ունի Դաշնակցութենէն ակնկալելու եւ պահանջելու իր բոլոր ցաւերուն, իղձերուն եւ երազներուն համար ազդեցիկ գործունէութիւն: Որքան ալ բարձր ըլլան այդ ակնկալութիւնները եւ որքան ալ բացարձակ ըլլան, անոնք կը խօսին Դաշնակցութեան հանդէպ ժողովուրդի տածած խոր վստահութեան մասին: Արկածի կամ պատահականութեան արդիւնք չեն ժողովուրդին բարձր ակնկալութիւնները, այլ պատմութեամբ ամրագրուած եւ ապագային նայող յոյսի եւ վստահութեան արտացոլացում:

Կ’ակնկալես մէկէն, երբ անկէ յոյս ունիս: Յոյս կ’ունենաս մէկէն, երբ անոր կը վստահիս: Եւ հայ ժողովուրդը կը վստահի Դաշնակցութեան: Այդ վստահութիւնը փորձի ու փորձառութեան վրայ հիմնուած է:

Սակայն այս ժողովրդային վստահութիւնը ծանր պատասխանատուութիւն կը դնէ դաշնակցական մարդոց վրայ, իւրաքանչիւր դաշնակցական մարմնի վրայ: Ու ես այս առիթէն օգտուելով մարտահըրաւէրը պիտի յղեմ իմ գաղափարակից ընկերներուս, յորդորելով անոնց, որ տէ՛ր կանգնին իրենց կատարած երդումին՝ ամէն գնով եւ անսակարկ հայութեան ծառայելու իրենց ուխտին:
Ինչպէս Դաշնակցութեան անդրանիկ Ծրագիրը կ’ըսէ՝ «Յեղափոխական գործում չի կարող լինել իրաւունքի եւ պահանջի խնդիր, այլ միայն բաւարարութեան եւ բարոյական պարտաւորութեան խնդիր»:

Ուստի, այսօր, իւրաքանչիւր դաշնակցական մարմին ու դաշնակցական մարդ, խմբագիր, գործարար, ուսուցիչ, զինուոր թէ ուսանող, պէտք է վերաթարմացնէ իր ընթացքը ու վերանորոգէ իր երթը՝ միշտ ու միշտ գլխաւոր չափանիշ ընտրելով ժողովուրդի ծառայութիւնը, հաշիւ տալով, թէ ե՞րբ, ինչպէ՞ս եւ ինչքանո՞վ ծառայութիւն կը մատուցէ իր ժողովուրդին ու անոր Դատին:

Նոր օրերը նոր եւ արդիական միջոցներ կ’ակնկալեն, ժամանակակից գործելաոճ կ’ակնկալեն, որպէսզի մեր արդէն իսկ սահմանափակ կարելիութիւններն ու միջոցները առաւելագոյն արդիւնքի կարենանք հասցնել:

Նոյն ոգիով մենք կ’ակնկալենք ու կը պահանջենք երիտասարդութենէն, որ նոր ու աւելի բարձր մակարդակներու մեր ոստումը ղեկավարէ, որովհետեւ իր մօտ է ապագայի շունչը եւ մեզ մեր կաղապարուած սահմանափակումներէն դուրս բերելու ուժն ու կարողութիւնը:
Վերջապէս, կ’ակնկալենք ու կը յուսանք, որ հայ քաղաքական ղեկավարութիւնը կամքն ու վճռակամութիւնը ունենայ մեկտեղուելու՝ ազգային շահերու ի խնդիր: Մենք կը պատկերացնենք, որ ի մի գան ժողովուրդի տարբեր խաւերը, խորհրդանշուած նոյնինքն դաշնակցութեան զինանշանով.

-Գան գործարար, աշխատաւոր եւ արդիւնաբերող մարդիկ՝ զինանշանի բահով խորհրդանշուած, ազգի կարողականութեան ու միջոցներուն մէջ ներդնելու համար իրենց քրտինքին արգասիքը, նպաստը, օժանդակութիւնը եւ տնտեսումի կարողութիւնները:
-Գան մտքի եւ գրչի մարդիկ, խորհրդանշուած զինանշանի գրչափետուրով, ու ազգի ծառայութեան մատուցեն իրենց մտաւորական ու գիտական ստեղծագործութիւնն ու արտադրութիւնը՝ վառ ու ժամանակակից գաղափարներով:

-Եւ գան հայ ժողովուրդի մարտունակութիւնը խորհրդանշող սուրի եւ խիզախութեան ներկայացուցիչները, առաջնորդուող երիտասարդութեամբ եւ ուսանողական շրջանակներով, նոր աւիշ եւ նոր շունչ տալու մեր շարժումին ու կեանքին:

Ու այս բոլորը միացած՝ մէ՛կ բռունցքով, մէ՛կ նպատակի համար, ծառայութեան համար մէ՛կ մարմին՝ որ առաջնորդէ մեզ դէպի յաղթանակ, մինչե՛ւ յաղթանակ:
Յաղթանակ՝ ուր այլեւս անարդարութիւն չի տեսներ Հայաստանի քաղաքացին, արցունք չեն տեսներ հայ զինուորի մօր աչքերը:
Յաղթանակ՝ երբ հայը կ’ապրի արժանապատիւ այն բաւարարութեամբ, որ իր ու իր նախնիներուն դէմ գործուած ոճիրները անպատիժ ու անհատոյց չեն մնացած:
Յաղթանակ՝ երբ բռնագրաւուած չի մնար հայապատկան թիզ մը հողաշերտ ու օտար լուծի տակ ճնշուած չի մնար ոեւէ հայու զաւակ:
Յաղթանակ՝ երբ խաղաղ, ազատ ու արդար կեանք կ’ապրի հայը՝ հայ ա՛զգը, իր ամբողջական ու լուսաւոր հայրենիքի երկնակամարին ներքեւ:
Շնորհակալութիւն:

Տպել Տպել