Հանգանակութիւն՝ ի նպաստ Հայ Դատի գործունեէութեան


Այս օրերուն, հրապարակի վրայ է Հայ Դատի գործունէութեան ի նպաստ հանգանակութիւն մը, կազմակերպուած Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի Տնտեսական յանձնախումբին կողմէ: Ձեռնարկը համահայկական է, որովհետեւ կը ձգտի մասնակից դարձնել հայ ազգի բոլոր զաւակները ամենուրեք. Հայաստանի մէջ եւ Հայրենիքէն դուրս Սփիւռքներուն մէջ: Աչքառու է, որովհետեւ կը նպատակադրէ օժանդակել Հայ Դատի գրասենեակներուն, որոնք տարիներ շարունակ կրցած են քաղաքական-քարոզչական լուրջ գործունէութիւն ծաւալել եւ արժանի դառնալ համազգային գուրգուրանքի: Այս ուղղութեամբ կապուեցանք ընկեր Զաւէն Սարգիսեանին, Թորոնթօ, որ անդամ է ՀՅԴ Բիւրոյի Տնտեսական յանձնախումբին:

-Ընկ. Զաւէն, կը տեղեկանանք, որ Դաշնակցութեան Բիւրոյի Տնտեսական յանձնախումբը համահայկական տարողութեամբ հանգանակութիւն մը կազմակերպած է: Եթէ լաւ կը յիշենք, մի քանի տարի առաջ նման նախաձեռնութիւն մը եւս կազմակերպած էիք: Կարելի՞ է յաւելեալ բացատրութիւն տալ:
-Ճի՛շդ էք: Համահայկական տարողութեամբ հանգանակութիւն մը կազմակերպած էինք երկու տարի առաջ: Այդ առաջին փորձը շատ բան սորվեցուց: Այս անգամ նիւթական մեր ակնկալութիւնները իւրաքանչիւրէն՝ շատ աւելի համեստ է: Ջանացինք մատչելի ըլլալ այլազան տնտեսական պայմաններու մէջ ապրողներուն՝ յուսալով որ մասնակցողներու թիւը ընդարձակուելով կը գոհացնէ նիւթական մեր ակնկալութիւնները:

Նախորդին նման, հանգանակութիւնը քիչ մը աւելի հետաքրքրական եւ քիչ մը աւելի խանդավառիչ դարձնելու նպատակով, հանգանակութեան մասնակցողներուն ուզեցինք նուէր մը շահելու կարելիութիւնը ստեղծել: Այս ձեւով թէեւ վիճակահանութեան բնոյթի մէջ կը սկսինք մտնել, բայց մեր նպատակը, յստակ՝ Հայ Դատի գործունէութեան համար հանգանակութիւն կազմակերպել է:

-Ինչո՞ւ Հայ Դատին եւ ոչ այլ բարեսիրական նպատակի:

-Պարզապէս անոր համար, որ բարեսիրական գործունէութիւնը բարեսիրական կազմակերպութիւններ կան, որոնք անհրաժեշտը լաւագոյն ձեւով կը կատարեն: Քաղաքական-քարոզչական գործունէութիւնը մեր ծիրն է: Հայ Դատի քաղաքական-քարոզչական գործունէութեան մեծ բաժինը Հայ Դատի գրասենեակները կÿիրականացնեն: Իսկ այս գրասենեակներու նիւթական պիւտճէները կը հաւասարակշռուին նուիրատուութիւններով:

-Ուրեմն նուիրատուութիւնները չափանիշ կարելի՞ է համարել:

-Այդպէս ալ պէ՛տք է ըլլայ: Երբ հայ ժողովուրդը կը տեսնէ, որ Հայ Դատի գրասենեակները լաւ եւ օգտակար գործ կը տանին, կը յուսամ՝ այդ կ’արտայայտեն իրենց նուիրատուութեամբ: Հայ ազգի զաւակները բացայայտ հպարտութեամբ կը պահեն այս գրասենեակները: Հայ Դատի գրասենեակները երկար ժամանակէ ի վեր գոյութիւն ունին:

-Հայ Դատի աշխատանքներուն նուիրուած հանգանակութիւն մըն ալ կազմակերպուած էր Եւրոպայի մէջ:

– Այո՛: Պէտք է ըսել, որ շատ յաջող ձեռնարկ մըն է: Այդ ձեռնարկին համար մեր բոլոր նախատեսութիւնները իրականացան: Մեր մօտեցումը հետեւեալն է: Որպէսզի կարելի ըլլայ մեր ժողովուրդին բոլոր տարրերուն մասնակցութիւնը ապահովել՝ կազմակերպած ենք հանգանակութեան ձեռնարկներ, որոնք ուղղուած են նիւթապէս բարւոք մեր ազգակիցներուն: Իսկ այն հանգանակութիւնները, որոնք նիւթական փոքր նուիրատուութիւններով պիտի իրականանան, թիրախ ունին հայ ազգի բոլոր զաւակները ամենուրեք: Հայ Դատի աշխատանքներուն տրամադրուած գումարները այնքան մեծ են, որ կարելի չէ իրականացնել առանց հայ ազգի բոլոր զաւակներուն նիւթական մասնակցութեան:

Հաւանաբար զգալի է, որ Դաշնակցութիւնը Հայ Դատի իր գործունէութիւնը յատկապէս Հայաստանի անկախացումէն ետք ընդարձակած է: Այսօր, ունինք չորս գլխաւոր կեդրոնական գրասենեակներ, որոնք քաղաքական նկատառումներով հաստատուած են Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպայի, Միջին Արեւելքի եւ Ռուսաստանի մայրաքաղաքներու մէջ: Այս գրասենեակներու կողքին, իւրաքանչիւր կազմակերպուած շրջան եւ գաղութ ունին իրենց գրասենեակները, որոնք ներդաշնակուած կերպով կը գործեն. հայ ազգի քաղաքական իրաւունքներուն տէր ըլլալու, հետեւելու միջազգային քաղաքականութեան եւ Միջին Արեւելքի քաղաքական աննախատեսելի փոփոխութիւններուն, ապա համադրելով այս բոլորը, տրամադրելու հայրենի քաղաքականութեան:

Կը տեսնէք, թէ արհեստավարժ գրասենեակներու եւ ուժերու առկայութիւնը անհրաժեշտութիւն է:

-Այս հանգանակութիւնը համահայկական բնոյթ պիտի ունենայ ըսիք, ո՞ր գաղութները նկատի ունիք:

-Հայրենիքը եւ Սփիւռքի բոլոր գաղութները: Հայաստանը, Արցախը, Ջաւախքը, Աւստրալիոյ, Ռուսաստանի, Արեւելեան եւ Արեւմտեան Եւրոպաներուն, Արաբական երկիրներու, Հարաւային Ամերիկայի, Միացեալ Նահանգներու եւ անատայի գաղութները: Կը յուսամ բոլորը ներառեցի:

-Հանգանակութիւնը կրկնելու նպատակ ունի՞ք. եթէ այո, կարելի՞ է եզրակացնել, որ այս հանգանակութիւններէն գոյացած գումարները կրնա՞ն Հայ Դատի համար նախատեսուած պիւտճէները հաւասարակշռել:

-Մենք, հանգանակութեան այս ձեւը մնայուն երեւոյթի վերածելու որոշում ունինք: Նուիրատուութեան տոմսերը հրատարակած ենք Նոյեմբերին, պիտի հանգանակենք մինչեւ Ապրիլ, իսկ Մայիս 28-ին, վիճակահանութիւնը պիտի քաշենք: Նոյն օրն իսկ շահած թիւերը կը հրատարակենք եւ նուէրները կը սկսինք յանձնել: Եթէ մեր նախատեսութիւնները իրականանան, մենք Հայ Դատի համար նախատեսուած պիւտճէին երկու երրորդը գոյացուցած կ’ըլլանք: Գործը կը դիւրանայ:

-Պիւտճէին մնացեա՞լը՝ մէկ երրորդը:

-Մնացեալը նա՛եւ հանգանակութեամբ: Ինչպէս որ նախապէս բացատրեցի: Այս անգամ նիւթապէս բարւոք մեր ազգակիցներուն դիմելով:

-Իրատե՞ս էք:

-Թէ՛ իրատես ենք եւ թէ՛ լաւատես: Կը խոստովանիմ սակայն, որ ծանր աշխատանք է: Անհրաժե՛շտ սակայն: Հաաւատացած եմ, որ Հայ Դատի քաղաքական ճիշդ ու բարւոք լուծումը կ’առաջնորդէ մեզ ազգովին բարգաւաճ կեանքի, քաղաքականապէս խաղաղ, տնտեսապէս աշխոյժ, ընկերային կայուն ու ժողովրդավար գոյակցութեան: Եթէ իւրաքանչիւր հայ այդ տարին տասը (10) տոլար Հայ Դատի աշխատանքներուն համար տրամադրէ, մե՛նք, այս աշխատանքը անտարակոյս յաջողութեան կ’առաջնորդենք:

-Այս բոլորը ճիշդ են Հայաստանի համար: Սփիւռքի համար այս բարիքները վայելելու հնարաւորութիւնները ինչպէ՞ս կը տեսնէք:

-Եթէ ընդունինք, որ հայ ազգը մէկ ամբողջութիւն է, այդ պարագային կրնանք տեսնել, որ բարգաւաճ Հայաստանի մը գոյութիւնը, միայն դրական ազդեցութիւն կրնայ ունենալ սփիւռքեան բոլոր հայ գաղութներուն վրայ: Ուշադրութիւն պէտք է ընել. այս հաւասարութենէն Հայաստանը դուրս բերելով՝ Սփիւռքը կը կորսնցնէ ապրելու իր raison detre-ը, իսկ այս հաւասարութենէն Սփիւռքը դուրս բերելով, Հայաստանը կը կորսնցնէ հայ ազգի կէսէն աւելին:

Հետեւաբար, մի՛շտ միասին:

-Ընդունուած է, որ նման հանգանակութիւններու (բախտաւոր պարագային) միայն 70%-ը իր նպատակին կը ծառայէ, մնացեալ 30%-ը ընդհանրապէս կազմակերպական ծրագիրներուն կը յատկացուի: Ձեր պարագային ինչպէ՞ս է:

-Մեր կազմակերպական ծախսերը նուիրատուութեան տոմսերու տպագրութեան եւ առաքման ծախսերն են միայն: Մնացեալը ամբողջութեամբ կը յատկացուի Հայ Դատի Կեդրոնական եւ տեղական գրասենեակներուն: Մեր կազմակերպական կեանքի ղեկավարութիւնը ընդհանրապէս ծախս չունի: Սիրայօժար են:

ՀՈՐԻԶՈՆ

Տպել Տպել