Արցախի եւ Ազրպէյճանի շփման գիծին վրայ եւ վերջերս նաեւ դէպի Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանամերձ շրջաններուն նկատմամբ ազրպէյճանական յարձակողապաշտութեան դիմաց պատասխանատուութեան առումով համահաւասարեցման միջազգային խաղը նոր երեւոյթ չէ:
Քաղաքականօրէն նաեւ ակնկալելը, որ արդար գնահատականներ տրուին եւ միջնորդական խաղաղարար առաքելութիւն ստանձնած տարբեր կառոյցները ճիշդ եզրակացութիւններ յայտարարեն, կը թուի, որ իրատեսական չէ: Ի վերջոյ այս կառոյցները քաղաքական էութիւն ունին , ոչ իրաւական եւ բնականաբար դատաստանական վճիռներ պիտի չարձակեն մատնացոյց ընելով հրադադար խախտող կողմը:
Բայց այս կառոյցները կ՛իրականացնեն մշտադիտարկումներ, աշխատանքային եւ բանակցային այցեր: Կառոյցները օժտուած են անշուշտ ֆինանսական լայն կարելիութիւններով, փորձագէտներով, վերլուծաբաններով, զինուորական մասնագէտներով եւ առհասարակ բանակցային իւրաքանչիւր հանգրուանին համար թղթածրար պատրաստող արհեստավարժ մարդուժով:
ԵԱՀԿ-ի առաքելութիւնը ուրեմն միայն բանակցային գործընթացի ապահովումը չէ կամ միջնախագահական ու միջնախարարական ձեւաչափերով հանդիպումներու կայացումը: Գործընթացը իր ամբողջական հասկացողութեան մէջ նաեւ զինուորական է եւ յատկապէս` հրադադարի պահպանման բազմակողմանի պարտաւորութիւն:
Հրադադարի պայմանաւորուածութիւնը ի հարկէ տարբեր է խաղաղութեան համաձայնագիրէն: Հրադադարը ինքնին կը յուշէ պատերազմական իրավիճակի առկախում կամ լաւագոյն պարագային դէպի համաձայնագիրի կնքումի փուլ: Եւ եթէ մէկ կողմէ զինուորական սահմանափակ գործողութիւններու երեւոյթը կրնայ օրինաչափութեամբ մեկնաբանուիլ` տրուած ըլլալով, որ խաղաղութեան համաձայնագիր չէ կնքուած, միւս կողմէ սակայն նման քայլերը կը մեկնաբանուին իբրեւ որոշակի պայմանաւորուածութեան խախտում:
Այս խախտումներու յաճախակիացումը կրնայ կապուած ըլլալ շատ մը պարագաներու ներքին սպառման շարժառիթներու: Այլ դէպքերու պարագային` քաղաքական ուղերձներ փոխանցելու: Ներքին սպառումի կարգով պարզ է, որ կորսնցուցած կողմը Պաքուն է, եւ հետեւաբար իրեն կը վերագրուի յարձակողապաշտութեամբ բնութագրուող նման որեւէ քայլ: Արտաքին ճակատի վրայ դարձեալ Պաքուն է, որ չի թաքցներ իր անհանգստութիւնը, յաճախ կը բարձրաձայնէ ուժի կիրարկման անհրաժեշտութեան մասին եւ մանաւանդ կը կրկնէ իր ակնկալութիւնը ԵԱՀԿ-էն յատկապէս ՄԱԿ տեղափոխելու միջնորդական պարտականութիւնը:
Քաղաքական այս հիմնաւորումներուն կարիքը չունին ԵԱՀԿ-ի փորձագէտներն ու մշտադիտարկողները` համոզուելու համար, թէ ո՛վ է նախաձեռնողը հետախուզական (տիվերսիոն) գործողութիւններու, ո՛վ է հրադադար խախտողը, ո՛վ է դիպուկահարներ գործի լծողը, ո՛վ է կացինահարողը, ո՛վ է մարդասպան հերոսացնողը եւ տակաւին նմանատիպ գործողութիւններու հեղինակը:
Եւ եթէ այսքան պարզ է նման քայլերու ետին կանգնող կողմը, ինչո՞ւ հայկական կողմը ազրպէյճանականին հետ կը հրաւիրուի զգաստութեան, պայմանաւորուածութիւնը յարգելու եւ խաղաղութեան պահպանման նախանձախնդիր մնալու: Այնքան որքան Պաքուն:
Անկողմնակալ միջնորդի հռչակը պահպանելու համար կողմնակալ համահաւասարեցում կատարելը ինքնին կողմնակալութիւն կը նկատուի: Իրերը իրենց անուններով չկոչելու միջնորդական այս պահուածքն էր, որ Պաքուին արտօնեց յարձակման միջավայրը Արցախի եւ Ազրպէյճանի շփման գիծէն տեղափոխելու նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանամերձ շրջաններ: Այս եւս բաւարարար չէր, որ խախտէր հաւասարեցման խաղի կանոնները:
Ազրպէյճանական այս սադրանքները պատերազմական գործողութիւններու վերսկսում չեն. Քնացած պահուն գործածուած կացինը, թաքուն դիպուկահարը կամ գիշերուան մէջ փորձուած տիվերսիոնը ճակատային պատերազմէ խուսափումի փորձեր են: Ներքին սպառման եւ արտաքին ուղերձներու յղման սատարող միջոցներ պարզապէս:
Միջնորդը պէտք է գիտակցի, որ սադրանքին հեղինակը մատնացոյց չընելն ու նման երեւոյթներու հեղինակը առանձնապէս չդատապարտելը կը սպառնայ նոյնինքն այն առաքելութեան, որ ստանձնած է ինք: Կոչերն ու պահանջները պէտք է ուղղել Պաքուին: Միայն:
aztagdaily.com







