«Ժընեւ-2»-ի 2-րդ փուլին նախապատրաստութեան առընթեր կը թէժանայ տարածաշրջանին եւ յատկապէս Սուրիոյ մէջ արմատաւորուած ծայրայեղ կրօնական խմբաւորումներու մաքրազտման օրակարգը: Արեւմուտքը եւ այս պարագային Միացեալ Նահանգները կը թուին խորապէս մտահոգուած ըլլալ այս խմբաւորումներուն վերահսկողութենէ դուրս ըլլալու իրողութեամբ:
Կրօնական հանգամանքի շահարկումը, նման պատերազմական իրավիճակներու ընթացքին, եթէ կարճաժամկէտ դրուածքով մարտավարական որոշակի առաւելներ կ՛ապահովէ տուեալ կողմին, ապա երկար գիծի վրայ անպայման պումըրանկի ազդեցութիւն կը գործէ: Փաստերը այս առումով բազմաթիւ են, Աֆղանիստանէն սկսեալ մինչեւ աշխարհաքաղաքական կեդրոններու մէջ արձանագրուած շրջադարձային պատահարները:
Իրաքի իշխանութիւնները, անշուշտ միջազգային ներշնչումներով եւ համապատասխան օժանդակութիւններով սահմանային շրջանները մաքրազտելու գործողութիւններու ձեռնարկած են: Երեւոյթները կրնան դիտարկուիլ անշուշտ միջազգային հակաահաբեկչական պայքարի ընդհանուր ծրագիրներու շրջանակներուն մէջ:
Հասարակաց մտահոգութիւններու չէզոքացման մղումներ կարելի է նկատել նաեւ սուրիական կողմերուն մօտ: Հասարակաց` ոչ միայն իրաքեան իշխանութիւններու ձեռնարկած գործողութիւններուն նկատմամբ, այլ նոյնիսկ ներսուրիական: Այսօր թէ՛ կառավարական եւ թէ՛ հակակառավարական (իր դասական իմաստով) կողմերը ծայրայեղ կրօնական զինեալ խումբերէն ձերբազատելու խնդիր կը դիմագրաւեն: Եւ գուցէ ա՛յս մէկը ինքնին Ժընեւի մասնակից սուրիական կողմերուն քաղաքական ենթագիտակցութեան մէջ հասարակաց մղումն է, որ Ժընեւը փրկելու ուղիները բաց կը պահէ երկու հիմնական կողմերուն առջեւ:
Հասարակաց այս մղումը կը թուի, որ միայն ներսուրիական հասկացողութիւն չէ: Ժընեւի գլխաւոր հովանաւորները եւս այս միացեալ մօտեցումին անհրաժեշտութիւնը կ՛ընդգծեն անուղղակիօրէն: Այս պարունակին մէջ կը դիտարկուի նաեւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի յայտարարութիւնը Սուրիոյ նախագահի դիրքերուն ամրապնդման կամ ընդհանրապէս վարչակարգի անմիջական տապալումի պահանջի շեշտադրումներուն փոփոխութեան մասին: Անցումի կառավարութեան առաջադրանքի ուրուագծումը փաստօրէն ուժերու գոյավիճակի (սթաթիւս քոյի) պահպանման համազօր միջանկեալ լուծում է, որուն երկկողմանի մղումը մեծ վտանգին դիմաց պատնէշ ստեղծելու կը միտի:
Ծայրայեղական իսլամական զինեալներու Սուրիա թափանցման հիմնական ուղիներէն կը նկատուի Թուրքիան, որ համաշխարհայնացած այս վտանգին զարգացման տարանցիկ ճամբու հանգամանք ստացած է թէ՛ զինելու եւ թէ՛ ֆինանսաւորելու առումով: Համաշխարհային այս վտանգին ձեւաւորման մէջ իր ներդրումը ունի նաեւ Պաքուն, որուն քաղաքացիները հարիւրաւորներով կը գտնուին տարատեսակ ծայրայեղական խմբաւորումներու շարքին եւ որոնք տարբեր առիթներու կը յայտարարեն, թէ իրենց նպատակն է կռուիլ ռուսերու, հայերու եւ իրանցիներու դէմ: Ազրպէյճանցի զինեալներու սպանութեան երեւոյթներու բազմացումը վերջին շրջանին ամենայն հաւանականութեամբ շարժիչ դեր ունեցաւ պաշտօնական Պաքուի պաշտօնատարներուն այն յայտարարութեան, որ Պաքուն պատրաստ է միանալու Իրաքի կողմէ ձեռնարկուած ծայրայեղ կրօնականութեան դրօշին տակ համախմբուած զինեալներու չէզոքացման ծրագիրներուն: Արեւմուտքի կողմէ տեսանելի դարձող հակածայրայեղականութեան դրսեւորումներուն դիմաց Պաքուի այս փորձը փրկօղակի կառչելու տպաւորութիւն կը ձգէ: Հակառակ անոր, որ սուր կերպով սպառնալիք է ծայրայեղական կրօնականութիւնը Պաքուի իշխանութիւններուն:
Յիշելը կ՛արժէ, որ Անգարան Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախապատրաստութեան իր աշխատանքներուն ընթացքին ամենաբարձր մակարդակներով յայտարարած էր, որ Թուրքիոյ արտաքին դիւանագիտութիւնը պէտք է աշխուժ աշխատի վերականգնելու համար Թուրքիոյ վարկն ու հեղինակութիւնը միջազգային հանրային կարծիքին առջեւ: Անմարդկային արարքներով յատկանշուող ծայրայեղականութեան արմատաւորման համար տարանցիկ երկրի վերածուած ըլլալու հանգամանքը բաւական պիտի դժուարացնէ Անգարայի առաջադրած վարկի վերականգնման աշխատանքները:
«Ա.»
aztagdaily.com







