«Ուժանիւթի Եւ Ջուրի Հարցերու Նախարարութիւնը Ստանձնեցինք` Վերջ Տալու Համար Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը Արգելակող Խոչընդոտին» Շեշտեց Յ. Խաչերեան

ԽեչերյանԼիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Խաչերեան քուէյթեան «Սիասա» օրաթերթի շաբաթ, 15 փետրուարի թիւով հրատարակուած հարցազրոյցին մէջ յայտնեց, որ Կեդրոնական կոմիտէն ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը ստանձնեց` հիմնուելով այն սկզբունքին վրայ, որ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը մաս կը կազմէ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումին:

«Կեդրոնական կոմիտէն այս նախարարութիւնը ստանձնելու իր որոշումը տուաւ` խորհրդակցելով իր դաշնակիցներուն հետ եւ հիմնական նպատակ ունենալով վերջ տալ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը արգելակող խոչընդոտի մը», շեշտեց Յ. Խաչերեան:

aztagdaily.com

Տպել Տպել