Նամակ Աշթոնի գրասենեակէն՝ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակին

logo-FEAJDՊրիւքսել, 18 փետրուար, 2014.- ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակը պատասխան – նամակ մը ստացաւ Եւրոպական միութեան արտաքին յարաբերութեանց յանձնակատար եւ յանձնաժողովի փոխ նախագահ Քաթերին Աշթոնի կողմէ՝ Արեւելեան գործընկերութեան երկկողմանի յարաբերութեանց գերատեսչութեան ղեկավար պրն. Տիրք Շիւպելէն, ի պատասխան Աշթոնին 7 փետրուար 2014-ի ուղարկած մեր նամակին, ուր կը նշէինք Պրիւքսելի մէջ Եւրոմիութեան դեսպաններու ներկայութեան փետրուար 3-ին տեղի ունեցած քաղաքական եւ անվտանգութեան յանձնախումբի արծարծած նիւթը, ուր եւ Աշթոնի ներկայացուցիչները տեղեկացուցին, թէ ան Քիեւ այցելութեան ընթացքին, ճգնաժամէն դուրս գալու իբր միջոց՝ Ուքրանիոյ կառավարութեան առաջարկած է տնտեսական օժանդակութիւն։ Սոյն լուրը լոյս տեսած էր EU Observer թերթին մէջ “Ashton off to Kiev with new financial offer”; http://euobserver.com/foreign/122996 «Աշթոն Քիեւ՝ տնտեսական նոր առաջարկով»), նշելով, որ Ատրպէյճանն ալ նուիրատու երկիրներու ցանկին մէջ է, Ճափոնի, Նորվեկիոյ, Ամերիկայի միացեալ նահանգներու եւ Եւրոմիութեան կողքին։

Պրն. Շիւպել կը մերժէ այն փաստը, թէ Ատրպէյճան, կամ ոեւէ մէկ այլ երկիր նշուած է այդ հանդիպման ընթացքին, Սակայն, ան կ’ընդգծէ, որ Եւրոպական միութիւնը շինիչ, բայց քննադատական յարաբերութեան մէջ է, ինչ կը վերաբերի մարդկային իրաւանց եւ ժողովրդավարութեան հարցերուն։ Ան նաեւ կը նշէ, որ Եւրոմիութիւնը պիտի շարունակէ քալել այս ճամբով, եւ շարունակէ կեդրոնանալ Ատրպէյճանի մարդկային իրաւանց իրավիճակին վրայ։

Պէտք է նշել, որ Եւրոմիութեան բարոյական յանձնախումբը (Ethical committee) խումբ մը եւրոերեսփոխաններ հացաքննութեան հրաւիրած է, որոնք «խաւիարի դիւանագիտութեան» կասկածի տակ են նուէրներ ստանալով, որոնք իբր դիտորդ մաս կազմած են անցեալ հոկտեմբերին Ատրպէյճանի նախագահական վերջին ընտրութիւններուն (http://www.euractiv.com/eu-elections-2014/european-parliament- examine-meps-news-533386)։ Մի քանի օր առաջ, Ատրպէյճան հասարակական, ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու եւ իրենց առաքելութեան մասին օրէնսդրութիւնը կրկին անգամ խստացուց, ցոյց տալով կառավարութեան թշնամական վերաբերմունքը իր հասարակութեան հանդէպ։ Ատրպէյճան իրաւունքը չունի Ուքրանիոյ կամ ոեւէ մէկ այլ երկրի ժողովրդավարութիւն արտահանել՝ երբ ինք բռնատիրութիւն է։

Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբը իր ուժգին զօրակցութիւնը կը յայտնէ ժողովրդավարական արժէքներուն, օրէնքի գերակայութեան, մարդկային իրաւանց եւ քաղաքական բարեփոխումներուն որոնք տեղի կ’ունենան Եւրոպական միութեան արեւելեան հարեւանութեան տարածաշրջանէն ներս, որոնք ամբողջովին հակադրուած են Ատրպէյճանի իշխող առանձնաշնորհեալ փոքրամասնութեան արժէքներուն։

«Ոեւէ մէկ ձեւով Ատրպէյճանը, որ «Freedom House»ի համաձայն՝ անհանդորժաղականութեամբ, այլամերժութեամբ, քաղաքացիական եւ քաղաքական ազատութեանց կաշկանդումով բռնատիրական պետութիւն մըն է, ինչպէս նաեւ ռազմատենչ եւ շրջանային ավտանգութեան սպառնալիք մը, կրնայ Ուքրանիա ժողովրդավարութիւն արտահանել», ըսաւ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան, եւ եզրափակեց ըսելով, թէ Հայ Դատի յանձնախումբի այս հարցին մօտէն պիտի հետեւի։

Տպել Տպել