ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչ Փլամպլի Այցելեց ՀՅԴ երեսփոխան Բագրատունիի

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Շաղզոյեան» կեդրոնի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլին, որուն հետ մէկ ժամ տեւած հանդիպումի մը ընթացքին քննեց Լիբանանը եւ շրջանը յուզող զանազան հարցեր:

Երեսփոխան Բագրատունի ՄԱԿ-ի պաշտօնատարին ներկայացուց ՀՅ Դաշնակցութեան լիբանանեան քաղաքականութեան հիմնական ուղղութիւնները, որոնք կը բխին երկրին ամբողջականութեան, գերիշխանութեան, անկախութեան եւ ազատութեան սկզբունքներէն, ինչպէս նաեւ համայնքներու գոյակցութեան եւ փոխադարձ յարգանքի պատասխանատուութենէն:

Տեսակցութեան ընթացքին լայնօրէն արծարծուեցան Ազգային երկխօսութեան նիստի աւարտին հրապարակուած Պաապտայի յայտարարութեան մէջ նշուած կէտերը, ուր թէ՛ Փլամպլի եւ թէ՛ Բագրատունի շեշտեցին երկխօսութեան կարեւորութիւնը եւ զայն աշխուժացնելու անհրաժեշտութիւնը:

Հանդիպումը առիթ մը եղաւ նաեւ քննելու շրջանային իրավիճակը եւ այդ գծով ՄԱԿ-ի դերակատարութիւնը:

Տպել Տպել