«ՀՅԴ Լիբանան» պիտակով նիւթեր

ՀՅԴ Լիբանանի ԿԿ-ի հանդիպումները Ամին Ժեմայէլի եւ զօր. Աունի հետ

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեան եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, երէկ այցելեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան աշխատանքները համակարգող Փիեռ Ռաֆֆուլ: Հանդիպումին…

«Լիբանանի պաշտպանութեան ռազմավարութիւնը բոլորին համար կարեւոր է»

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Նահար» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ Լիբանանի քաղաքական բեմը յուզող հարցերուն, ինչպէս նաեւ Ազգային երկխօսութեան խորհուրդի նիստերուն, յատկապէս այսօր տեղի ունենալիք նիստին, որուն ընթացքին պիտի քննարկուի Լիբանանի ազգային պաշտպանութեան ռազմավարութիւնը: Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ այս առիթով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շարք մը խորհրդակցութիւններ կատարած է…

ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչ Փլամպլի Այցելեց ՀՅԴ երեսփոխան Բագրատունիի

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Շաղզոյեան» կեդրոնի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլին, որուն հետ մէկ ժամ տեւած հանդիպումի մը ընթացքին քննեց Լիբանանը եւ շրջանը յուզող զանազան հարցեր: Երեսփոխան Բագրատունի ՄԱԿ-ի պաշտօնատարին ներկայացուց ՀՅ Դաշնակցութեան լիբանանեան քաղաքականութեան հիմնական ուղղութիւնները, որոնք կը բխին երկրին ամբողջականութեան, գերիշխանութեան,…