Իւրօրինակ Բողոքի Ցոյց Մոնթէվիտէոյի Մէջ. Պատմութեան Էջը Չենք Դարձներ

montevideo1Ուրուկուէյի մայրաքաղաքի ամենաբանուկ փողոցը որ հետիոտն անցորդներու համար յատկացուած է և կը կոչուի Սարանտի, կը գտնուի քաղաքի կեդրոնը և զբօսաշրջիկներու նախընտրելի վայրն է, այդ փողոցի վրայ կը գտնուին ձեռային աշխատանքի բազմաթիւ կրպակներ, առևտրական հաստատութիւններ, ինչպէս նաև փողոցային առուծախի զանազան կէտեր, ինչ որ խայտաբղետ կը դարձնէ և գեղեցիկ եռանգներով տեսարան մը կը պարզէ, յատկապէս քաղաք այցելող հետաքրքիր զբօսաշրջիկին համար։

Ահա Մօնթէվիտէոյի այդ բաժնի մէջ, նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ Արմենիա Երիտասարդական Միութեան Վարչութեան, առաջին անգամ ըլլալով հրապարակային բողոքի ցոյց մը կատարուեցաւ։ Իւրօրինակ կ’ըսենք, քանի որ իսկապէս մեր տղաքն ու աղջիկները նորութիւն մը բերին որ ուշադրութիւնը գրաւեց բոլոր անցորդներուն։ Փողոցի կեդրոնը, սալայատակի վրայ, անոնք ամրացուցին բաց գրքեր, ուր կ’երևան Սումկայթ քաղաքի մէջ խոշտանքուած և վայրի կերպով սպաննուած հայերու լուսանկարներ և ամէնէ յատկանշականը այն էր որ այդ երկու երեսի վրայ բացուած գրքերու մէջտեղէն թելերով կապուած էին սև փուչիկներ, խորհրդանշելով մեր սուգը։

Տեսարանը այնքան տպաւորիչ էր որ անկարելի էր անցնիլ և չնկատել փողոցի լայնքին, երկու շարքով ձգւող այդ գրքերն ու փուչիկները։

Ցոյցը հասաւ իր նպատակին, որովհետև թէ տեղացի ժողովուրդը և թէ զբօսաշրջիկը, տղոց կողմէ պատրաստուած թերթիկները կարդալով, զանազան հարցումներ կու տային անոնց, որոնք յաւելեալ բացատրութիւներով կը գոհացնէին հետաքրքրւողները, Ատրպէյճանի Սումգայիթ քաղաքի մէջ հայերու դէմ կազմակերպուած նոր Ցեղասպանութեան մանրամասներով։ Տեղական մամուլն ալ թէ հեռատեսիլ եւ թէ գրաւոր, հարցազրոյցներ ունեցաւ մեր երիտասարդ տղոց հետ, որ միևնոյն օրը արձագանգեց և մեկնաբանեց բողոքի այդ առաջին ցոյցը, որուն նշանաբանն էր, “Պատմութեան էջը չենք դարձներ, մինչև որ արդարութիւն հաստատուի”։

Կարօ Հէքիմեան
Մօնթէվիտէօ-Ուրուկուէյ

Տպել Տպել