Թորոնթոյի մէջ կայացած ՀՅԴ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի զօրակցական նուիրահաւաքին գոյացաւ 76,600 տոլար

RafՄարտ 14-ին, Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի հանգանակային ձեռնարկներու շարքին երրորդը, որուն ներկայ գտնուեցան աւելի քան 150 Հայ Դատի զօրակիցներ։

Երեկոն վարեց Տոքթ. Խաժակ Գուլաճեան, որ նախ հակիրճ տեղեկութիւն տուաւ «Հայ Դատ» հասկացողութեան մասին ինչպէս նաեւ պատմական ակնարկ մը՝ Հայ Դատի յանձնախումբերու կազմութեան, նշելով որ Հայ Դատի քաղաքական-քարոզչական գործունէութեան մեծ բաժինը Հայ Դատի գրասենեակները կ’իրականացնեն եւ այդ գրասենեակներու նիւթական պիւտճէները կը հաւասարակշռուին նուիրատուութիւններով:HDK

Գուլաճեան աւելցուց որ նուիրատուութիւնները չափանիշ են գանատահայութեան յարգանքին եւ վստահութեան՝ Հայ Դատի աշխատանքներուն նկատմամբ. հայ ժողովուրդը իր գնահատանքը կ’արտայայտէ իր նուիրատուութեամբ:Aram_Hamparian

Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ Վազրիկ Շարապխանեան որ սահիկներով ներկայացուց Թորոնթոյի Հայ Դատի յանձնախումբի աշխատանքները: Ապա խօսք առաւ ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Տօնապետեան, որ սահիկներու օգտագործումով, համապարփակ ձեւով ներկայացուց Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի անցեալի եւ ներկայի գործունէութիւնը ու յառաջիկայ տարիներու աշխատանքներու ընդհանուր ծիրը: Տօնապետեան շեշտեց, որ յանձնախումբի գործունէութեան գլխաւոր կիզակէտերն են հայ ժողովուրդի պահանջատիրական դատը, Արցախի եւ Ջաւախքի հիմնահարցերը եւ գանատական քաղաքական դաշտին վրայ դաշնակցային եւ նահանգային մակարդակներու վրայ տարուող Հայ Դատի գծով քարոզչական նպատակաուղղուած աշխատանքները։

Ուաշինկթընի Հայ Դատի գրասենեակի աշխատանքները ամփոփող տեսերիզի մը ցուցադրութենէն ետք, գրասենեակի վարիչ տնօրէն՝ Արամ Համբարեան զեկուցեց Ամերիկայի Հայ Դատի գրասենեակներու աշխատանքներուն մասին:
Վերջին զեկուցաբերն էր ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայ Դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան որ իր կարգին զեկուցեց համաշխարհային գետնի վրայ տարուող աշխատանքներուն մասին, յայտնելով, թէ ներկայ հանգրուանին, 35 շրջաններու մէջ գործող Հայ Դատի յանձնախումբերու դիմագրաւած գլխաւոր մարտահրաւէրը՝ թրքական եւ ատրպէյճանական հակահայ քարոզչական արշաւն է։

Ձեռնարկի աւարտին, Տոքթ. Գուլաճեան յայտարարեց, թէ նուիրահաւաքի հանդիսութեան ընթացքին նուիրատուներէն գոյացած գումարը հասած է 76 հազար տոլարի։ Գուլաճեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք ցուցաբերեցին եւ կը ցուցաբերեն անվերապահ ներդրում՝ նիւթապէս եւ բարոյապէս, սատար կանգնելով Հայ Դատի գործունէութեան, նշելով «Կը մնանք վճռակամ` շարունակելու մեր ուղին, մեր կողքին ունենալով ձեր նման բարեկամներու փաղանգը»:

horizonweekly.ca

Տպել Տպել