Ակնարկ. Ուքրանիայէն Սուրիա` Աշխարհաքաղաքական Քերականութեան Իրականացումը

Crimea_Yabroud1-720x367Աշխարհագրական տարբեր միջավայրերու մէջ ռուսական յենակէտերու գրաւման-պահպանման նպատակով մղուող պատերազմներու հրատապութեան կարգով առաջնային դիրքերու ժամանակաւոր փոփոխութիւններ տեղի կ՛ունենան: Ուքրանիան եւ Խրիմը յայտնի պատճառներով Արեւմուտք-Հիւսիս բախումնային իրավիճակը տեղադրած են աշխարհաքաղաքական կեդրոններու ուշադրութեան կիզակէտին:

Մէկ կողմէ միջազգային օրէնքի ինքնորոշման սկզբունքի համահնչեղութեան նկատառումով ժողովրդավար հանրաքուէի եղանակը ի գործ կը դրուի, միւս կողմէ զինուժ կը կուտակուի խնդրոյ առարկայ տարածքներու սահմաններուն եւ պատժամիջոցներու սպառնալիքի անվերջ յայտարարութիւններ կը կատարուին: Ուքրանառուսական տարածքներու վրայ գերիշխանութիւն հաստատելու այս պարանաձգութիւնը առայժմ կը պահուի քաղաքական բանակցութիւններու վերահսկողութեան տակ: Այդ հովանիէն դուրս գալու որեւէ փորձ անկանխատեսելի հետեւանքներու կրնայ առաջնորդել տարածաշրջանը ամբողջ:

Ռուսիոյ միջինարեւելեան յենակէտի իրավիճակը այլ հանգամանքներ կը ստանայ: Սուրիոյ մէջ տեղակայուած ծայրայեղ կրօնականութեան կարգախօսին տակ գործող զինեալ խմբաւորումներու դէմ կառավարական ուժերու արշաւը ռազմավարական կէտեր ապահովելու ընթացքին մէջ է: Այս տեղաշարժը կը կատարուի այն պահուն, երբ Արեւմուտք-Հիւսիս լարուածութիւնը կը կեդրոնանայ Արեւելեան Եւրոպայի սահմաններուն վրայ: Սուրիան այս պարագային երեւութապէս կը ստանայ երկրորդական նշանակութիւն:

Պարզ է, որ Արեւմուտքը ոչ միայն ուքրանական պատճառներով օժանդակութեան նախկին աստիճանաչափը չի պահեր Սուրիոյ հակակառավարական ճակատին: Ծայրայեղականութիւնը սպառնալիք է ոչ միայն Դամասկոսին եւ սուրիական դասական ընդդիմութեան, այլեւ ընդհանրապէս Սուրիոյ եւ Արեւմուտքին, մանաւանդ երբ անոնց շարքերուն նկատառելիօրէն յայտնուած են իսլամական աշխարհաքաղաքացիութեան բազմաթիւ տարբերակները: Թէ՛ տարածաշրջանին եւ թէ՛ Սուրիոյ մէջ հակածայրայեղական գործողութիւններու անտեսանելի կանաչ լոյսեր կան, լուռ համաձայնութիւններ թերեւս:

Ուրեմն միայն ուքրանական առաջնահերթութիւնը չէ, որ Սուրիոյ մէջ դիպաշարի ուղղութիւններու հուները կը փոխէ, այլեւ նոյնինքն սուրիական հանգամանքները: Այս գործընթացներէն անմասն չի մնար նաեւ միջազգային մեկուսացումէ դուրս գալու փորձեր կատարող Թեհրանը: Աննկատ չէ Հըզպալլայի մասնակցութիւնը սուրիական ռազմավարական կէտերու վերագրաւման մարտերուն մէջ:

Սուրիական գետնի վրայ ուժերու վերադասաւորման իրականութիւններու դիմաց պատասխան պայթումներ տեղի կ՛ունենան լիբանանեան հողին վրայ: Անձնասպանական գործողութիւններէն մինչեւ հրթիռարձակումներ եւ զինուորական միջադէպեր: Խորքին մէջ սակայն կ՛աշխատի քաղաքական քերականութիւնը: Դէպքերը չեն վերածուիր իսլամական երկու գլխաւոր դաւանանքներու միջեւ մեծածաւալ բախումի, լուրջ դժուարութիւններէ ետք նոր նշանակուած կառավարութիւնը կը յաջողի խմբագրել աշխատանքային ծրագիրը եւ հակառակ գերլարում պատճառող պայթունավտանգ գործողութիւններու, իրենց դերը կ՛ունենան զսպիչ գործօնները, որոնց կը հետեւի նաեւ քաղաքական հռետորաբանութեան որոշ զսպուածութիւն մը: Այդպէս միայն կը բացատրուի կառավարութեան կազմութեան նախօրեակով սկսած արեւմտեան եւ իրանամէտ ուժերուն եւ անոնց դաշնակիցներուն միջեւ տեղի ունեցող զգուշաւոր փոխասացութիւնը:

Ուքրանիայէն մինչեւ Լիբանան, անցնելով Սուրիայէն աշխարհաքաղաքական ուժերու միջեւ զինուորաքաղաքական առեւտուրներու պատճառած ելեւէջներով կը տուայտի տարածաշրջանը ամբողջ, ուր կ՛ապրին հայ համայնքներ: Երեւանն ու հայ համայնքային ներկայացուցչութիւնները վերլուծական ժամացոյցերու սլաքներու համակարգման անհրաժեշտութեան առջեւ են` աշխարհաքաղաքական քերականութեան հիման վրայ իրականացուող գործընթացներուն հետեւելու համար: Գէթ այս հանգրուանին:

«Ա.»

aztagdaily.com

Տպել Տպել