Հայ Դատի յանձնախումբ ՝ Աւստրիոյ մէջ

ANC Austria launching 3Ռումանիայէն ու Լեհաստանէն ետք, տեղի ունեցաւ Հայ Դատի յանձնախումբի ստեղծումը Աւստրիայի մէջ: Այս առթիւ, մարտ 18-ին, մայրաքաղաք Վիէննայի մէջ կազմակերպուած միջոցառման, որպէս հրաւիրեալներ ներկայ էին Աւստրիոյ եւ Հունգարիոյ մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արման Կիրակոսեանը, Աւստրիոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Անտրեաս քահանայ Իսախանեանը, Աւստրիոյ հայ համայնքային կառոյցներու ներկայացուցիչներ:գաս

Ելոյթ ունենալով, Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեանը, նախ անդրադարձավ ներկայիս հայ ժողովրդի դիմագրաւած հիմնախնդիրներուն, Թուրքիոյ կողմէ Հայկական Ցեղասպանության ճանաչման եւ հատուցման հարցին, Թուրքիա Հայաստան յարաբերութիւններուն, Արցախի հարցի ներկա- հոլովոյթին եւ մեր ընելիքներուն, ջաւախահայութեան օժանդակելու խնդրին, Հայաստան-ԵՄ մերձեցման գործընթացի շարունակման՝ Մաքսային միութեան Հայաստանի անդամակցութեան որոշման պայմաններէն ներս, Սուրիոյ հայութեան դիմագրաւած հիմնահարցերուն:

Գասպար Կարապետեանը շեշտեց, որ Եւրոպայի տարածքին Հայ Դատի աշխատանքներու ծաւալման առումով իր կարեւորութիւնն ունի Աւստրիան: Ան պաշտօնապէս յայտարարեց, որ կազմուած է պիտի գործէ Հայ Դատի յանձնախումբը: Ներկայացնելով, որ յանձնախումբն ունի երիտասարդ եւ որոշակի պատրաստուածութիւն ունեցող կազմ, Կարապետեան ներկաներուն կոչ ըրաւ օժանդակել Հայ Դատի աշխատանքներուն, քանի որ անոնք ուղղուած են հայութեան ազգային հիմնախնդիրներու հետապնդման:

Ան նաեւ շնորհակալութիւ յայտնեց դեսպան Կիրակոսեանին՝ ներկայ գտնուելու համար եւ շեշտեց, որ հոն, ուր կը գործեն Հայաստանի պաշտօնական դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնները, Հայ դատի գրասենեակները վերոնշեալ խնդիրներու հարցով կը համագործակցին անոնց հետ:

Խօսք առնելով դեսպանը, իր գոհունակութիւնը փոխանցեց յանձնախումբի ստեղծման առթիւ եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց սերտօրէն համագործակցելու յանձնախումբին հետ: Արման Կիրակոսեան առաջարկեց անմիջապէս հանդիպիլ՝ քննելու համար գալիք ապրիլ քսանչորսի հետ կապուած միասնական գործունէութեան օրակարգը, ինչպէս նաեւ գալիք համատեղ աշխատանքները ծրագրելու նպատակով:

Ապա Աւստրիոյ Հայ Դատի նորաստեղծ յանձնախումբի ատենապետ Կարօ Շատոյեանը ներկայացուց յանձնախմբի կազմը, եւ իր հերթին նշեց, թէ առաջին օրէն անհրաժեշտ է համագործակցիլ դեսպանութեան, ինչպէս նաեւ տեղի բոլոր հայկական կառոյցներուն հետ՝ ծրագրելու եւ համատեղելու նպատակով աշխատանքները, որոնք ուղղուած պիտի ըլլան հիմնականին մէջ՝ Աւստրիոյ հանրութեան, ակադեմական շրջանակներուն եւ քաղաքական գործիչներուն՝ որոնք կը գործնն, թէ՛ երկրէն ներս եւ թէ՛ միջազգային հաստատութիւններու։

Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ զրոյց եւ կարծիքներո փոխանակում, գաղութի կառոյցներու ներկայացուցիչներուն հետ:

Աւստրիոյ Հայ Դատի յանձնախումբխ Վիէննա

Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակ, Պրիւքսել

19.03.20014

Տպել Տպել