Ակնարկ. Համոզումի Եւ Շանթաժի Միջեւ

ղարաբաղԽրիմի ինքնորոշման հանրաքուէի եւ Մոսկուայի հետ համապատասխան պայմանագրի ստորագրութեան առընթեր կը թէժանան Արցախի ուղղութեամբ հայկական քաղաքական եւ լրատուական դաշտերու մէջ արձանագրուող քննարկումնեպրը։ Եւ ոչ միայն հայկական։ Ռուս ազգայնական գործիչ Ժիրինովսքիի նշանաւոր յայտարարութիւնը, թէ տրուած ըլլալով որ արցախեւազրպէյճանական հակամարտութիւնը չէ յանգած որեւէ համաձայնութեան, կողմերուն համար ընդունելի եւ ընկալելի կ՛ըլլայ Արցախին կցումը Ռուսաստանին, չի վերագրուիր միայն Ժիրինովսքիին։ Կան մէկէ շատ աւելի մեկնաբանութիւններ, որոնք Ժիրինովսքին նկատելով պաշտօնական Մոկսուայի խօսափողը, այս հրապարակումը կը համարեն Ռուսիոյ պետութեան ծրագիրը։Ժիրինովսքին, թէեւ լրացուցիչ յայտարարութիւն կատարած էր չընդունելով ազրպէյճանցի ազգի գոյութիւնը, այսուհանդերձ բացայայտած էր ռուսական քաղաքական շրջանակներու մօտ տիրող որոշ մտայնութիւն մը ։

Ժիրինովսքիի այս յայտարարութիւնը հետեւողներուն մօտ շատ արագ մտաբերել տուաւ հասարակական գործիչ Զօրի Բալայեանի Փութինի գրած բաց նամակի բովանդակութեան առանցքային բաինը, ուր յղում կատարուելով Կիւլիստանի դաշնագրին հայ գործիչը կոչ կ՛ընէր Ռուսիոյ տէր կանգնելու Արցախին։

Բալայեանի նամակի հրապարկման օրերուն տակաւին Մայտանը չէր բռնկած, ոչ ալ Խրիմը ինքնորոշուած։ Բալայեանի առաջարկը գրեթէ միանշանակ մերժումներով եւ մեկնաբանութիւններով գերյագեցուցած էր հայկական քննադաշտը։ Արցախի հայապատականության վիճարկումը կամ անկախութիւն-միացում յղացքէն դուրս որեւէ պատկերացում բնականաբար կ՜արժանանայ հայկական ամենամերժողական հակազդեցութեան։

Զօրի Բալայեանի երկարաշունչ նամակին եւ Ժիրինովսքիի դիպուկ ու ամփոփ յայտարարութիւններուն համահունչ մտածումներ կը հրապարկէր նաեւ 1992-1995 թթ. ՀՀ ՊՆ գլխավոր շտաբի պետ, 1993 թ. պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար, Արցախեան պատերազմի հերոս, գեներալ-լեյտենանտ Նորատ Տեր-Գրիգորյանցը: Տէր Գրիգորեանցը նաեւ վերջին շրջանին աշխուժ մասնակցութիւն կ՛ունենար Արեւմտահայոց համագումարի համակարգող խումբի աշխատանքներուն.վերջերս էր միայն, որ հրաժարեցաւ այդ աշխատանքներէն։

Խրիմի ինքնորոշման փաստին դիմաց նկատելի է եւ հասկնալի անշուշտ Երեւանի եւ Ստեփանակերտի դիրքորոշումներու տարբերութիւնը։ Առաջինին զուսպ եւ ընդհանուր բնոյթըեւ երկրորդին աւելի շեշտակի եւ երեւցող խանդավառութիւնը։ Այդպէս ալ պիտի ըլլար։

Խնդիրըը այս պարագային այն է, որ նախատեսելի կրնայ թուիլ հայկական դաշտին մէջ Արցախի լուծման ա՜յս տարբերակի մօտեցումներու երեւումը։ Զինուորական նախկին պաշտօնատարներ եղած ըլլան անոնք, թէ գործող քաղաքական դէմքեր. կը թուի թէ Բալայեանն ու Տէր Գրիգորեանցը իրենց հետեւողները պիտի ունենան այս առումով։

Այստեղ պէտք չէ բացարձակացնել ռուսական ծրագիրը։ Պայման չէ, որ նման ծրագիր գոյութիւն ունենայ։ Բայց որ քաղաքական շանթաժ իբրեւ այս հնարաւորութիւնը պիտի օգտագործուի, այդ մէկը քաղաքականօրէն տրամաբանական կը թուի ըլլալ։

Այս առումով ալ հայկական հասցէներէ հնչող նման կոչեր, պահանջներ կամ մտածումներ կարելի է տարբաղադրել։ Անոնցմէ ոմանք ընկալել իբրեւ պատուէր, ուրիշներ իբրեւ համոզում (դժուար թէ) կամ ինչու չէ իբրեւ քաղաքական մարտավարութիւն։ Ի վերջոյ Արեւմուտքը կրնայ քննել ինքնորոշուած Արցախի անկախ կարգավիճակի առաւելութիւնը Ռուսիոյ տարածքային ամբողջականութեան մաս կազմելէն։ Շանթաժային մարտավարութիւնը սակայն պիտի չհատէ կարմիրով գծուած այն սահմանը, որմէ անդին խնդրոյ առարկայ կարելի է դարձնել առաջադրուած կարգավիճակը։ Արցախը ինքնորոշուած տարածք է։ Իսկ այդ ինքնորոշումը ոչ միայն Ազրպէյճանի կազմէն դուրս գալն է, այլ նաեւ որեւէ այլ տարածքի մէջ չմտնելն է, ինչ որ կը բանաձեւուի «անկախ հանրապետութիւն» կարգավիճակով։

«Ա.»

aztagdaily.com

Տպել Տպել