Միանալով Մէկ Բեւեռին

Apo-PhotՄաքսային միութեան միանալու որոշումը առնելէ ետք, որքա՛ն ալ Հայաստան փորձէ շարունակել հաւասարակշռուած քաղաքականութիւն վարել, որքա՛ն ալ փորձէ արեւմուտքը սիրաշահիլ, պիտի չկարենայ, լաւագոյն պարագային՝ մեծ դժուարութեան առջեւ պիտի գտնէ ինքզինք՝ սեփական, միայն սեփական շահերու վրայ հիմնուած վարքագիծով շարժելով:ս-պ3

Խրիմի իրադարձութեանց հանդէպ պաշտօնական դիրքորոշման ընթացքին, Հայաստանի իշխանութիւնները ցաւագնօրէն այս իրականութիւնը դիմագրաւեցին. քաղաքական բազմակողմանի քննարկումներու, գնահատումներու, վերլուծումներու անհրաժեշտութիւնը զգացուեցաւ. հաւանաբար՝ ժամանակ ալ չկար, մանաւանդ երբ Ռուսիոյ ղեկավարութիւնը, յանձինս նախագահ Փութինի, նպատակայարմար կը գտնէր, որ անմիջապէս տարբեր երկրամասերէ զօրակցութեան ձայներ լսուէին, ի հեճուկս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն, Եւրոպային եւ ՆԱԹՕին:

Խրիմի ինքնորոշման հանրաքուէին, Ռուսիոյ Դաշնութեան միանալու անոր դիմումին զուգահեռը եւ անոր նմանութիւնը Արցախի հարցին այնքա՛ն շեշտակի է, որ առանց նոյնիսկ երկար-բարակ մտածելու՝ բնական պէտք է ըլլար Խրիմի ինքնորոշման իրաւունքի զօրակցութիւնը հայկական հանրապետութիւններուն կողմէ:

Ներկայ դրութեամբ, առաւել բնական պիտի ըլլայ Մաքսային Միութեան միացած կամ միանալու գործընթացին մէջ գտնուող Հայաստանին, որ ան կանգնի Ռուսիոյ կողքին՝ դառնալով անոր ղեկավարած բեւեռի մաս, դաշնակից՝ իր ճակատագիրը կապելով անոր ուժին, անոր կամքին, անոր հաշիւներուն, քմայքին:

Արցախեան հարցին վճռական լուծում մը գտնելու մեր ազգին ձգտումը հաշուի առնելով՝ Հայաստանի ղեկավարները կրնան նոյնիսկ համոզուած ըլլալ, որ այսուհետեւ Ռուսիա աւելի արմատական դիրքորոշումով պիտի պաշտպանէ Ղարաբաղի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը:
Բայց արդեօք այդպէս պիտի ըլլա՞յ: Արդեօք Հայաստան օգուտ մը պիտի քաղէ՞ բեւեռացուած աշխարհի խաղին մէջ մտնելով:

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

asbarez.com
20.03.2014

Տպել Տպել