Սիրտով Ու Հոգիով

Copy-of-0215apo1-240x300Քեսապի վրայ յարձակման լուրը «Ազդակ»էն առած, յանձնած էի էջադրումի, երբ Հալէպի «Գանձասար» թերթի խմբագիր Զարմիկ Չիլապոսեան-Պողիկեանը «Ֆէյսպուք»եան պատգամով փոխանցեց թարմացուած տարբերակը:

Մինչեւ արձագանգելս լուրին՝ Զարմիկը արդէն իսկ ցանցէն դուրս եկած էր: Յամենայնդէպս, արձանագրեցի իմ պատասխանս. «Սիրտով ու հոգիով ձեզի հետ ենք»:

Զարմիկը նորէն միացաւ: «Շնորհակալ ենք ընկե՛ր: Այս վերջին օրերը շատ վատ էին Հալէպի եւ Քեսապի համար», գրեց՝ «Մեր Քեսապ»ին նկարն ալ կողքին զետեղելով:

Նոր տարագրութիւն, նոր ցաւ: Թուրքիոյ սահմանին այնքան մօտիկ Քեսապը իր հայկական նկարագիրով չէր կրնար Թուրքիոյ ուշադրութենէն խուսափիլ. կարիք չկայ վկայաբերելու այլ աղբիւրներ. կրնանք վստահաբար արձանագրել, որ այս հայկական «աչքի փուշ»էն ազատելու համար, թրքական գաղտնի սպասարկութիւնները կատարած են իրենց աղտոտ գործը, եւ ահա՛ անոր բնակչութիւնը արմատախիլ ընելու փորձ մը կը կատարուի վարձկաններու ու ահաբեկիչներու ձեռքով:

Մենք սիրտով ու հոգիով քեսապցիներուն հետ ենք, թնդանօթի հարուածներու ենթարկուող հալէպցիներու կողքին ենք, իննամեայ վիրաւոր հալէպցի տղեկին կողքին ենք: Կրնա՞նք այսքան հեռուէն մեր եղբայրներուն, քոյրերուն, երեխաներուն զգացնել տալ, համոզիչ դարձնել, թէ մենք իրենց կողքի՛ն կանգնած ենք, թէ մենք մեր կարելին պիտի ընենք՝ մեղմացնելու իրենց ցաւը, դարմանելու իրենց վէրքը:

Քիչ մը հանդարտութիւն, փոքր իսկ պահ մը գլխաւոր լուրերու կարգէն դուրս մնալու բախտաւորութիւն՝ եւ կը մոռնանք սուրիահայութեան տագնապը, կը մոռնանք մեր պարտաւորութիւնները:

Բայց իրական սրտակցութիւնը աւելի՛ն կը պահանջէ, չէ՞:

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
asbarez.com

21/03/2014

Տպել Տպել