ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի Յայտարարութիւն

logoՔեսապի խաղաղ բնակչութեան վրայ անարգ յարձակումը, դարաւոր իր բնօրրանէն անոր տեղահանումը եւ տարագրեալ քեսապցիներուն վիճակուած անորոշ ճակատագիրը մեր ուշադրութեան կեդրոնը եղած է տագնապի առաջին իսկ պահէն:

Մենք խստօրէն կը դատապարտենք Թուրքիոյ աջակցութեամբ իրագործուած այս ահաբեկչական գործողութիւնները եւ մեր կարելին պիտի ընենք՝ ամերիկեան եւ միջազգային քաղաքական շրջանակները զօրաշարժի ենթարկելու, որպէսզի ճնշում գործադրեն Քեսապը գրաւած, լքուած բնակարաններն ու հաստատութիւնները թալան-կողոպուտի ենթարկած զինեալները դուրս բերելու այդ շրջանէն ու տարագրեալ քեսապցիները վերադարձնելու իրենց բնակարանները:

Թէ՛ տեղական եւ թէ դաշնակցային մակարդակի վրայ, Հայ Դատի յանձնախումբերը անցեալ Ուրբաթ օրուընէ ի վեր ձեռնարկած են հանդիպումներու շարքի մը՝ ազդեցիկ քաղաքական գործիչներու հետ, զանոնք իրազեկ պահելով Քեսապի շուրջ կատարուող իրադարձութեանց մասին եւ պահանջելով, որ անոնք միանան Ուաշինկթընէն միջամտութիւն պահանջելու արշաւին, որպէսզի Սպիտակ տունը իր լծակները գործածէ կասեցնելու թրքական ուղղակի կամ անուղղակի մասնակցութիւնը այս գործողութիւններուն: Այս աշխատանքները աւելի լայն տարողութեամբ պիտի շարունակուին յառաջիկայ օրերուն:

Հայ Դատի յանձնախումբերը ամերիկեան ցամաքամասին վրայ ներկայացուցչութիւն ունեցող մարդկային իրաւանց ու Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան ծիրէն ներս աշխատող կառոյցներու պատասխանատուները եւս կը տեղեկացնեն Քեսապի հայութեան ճակատագիրին մասին եւ անոնց աջակցութիւնը կը փորձեն ապահովել մարդկային այս ողբերգութիւնը դիմագրաւելու աշխատանքներուն:

Կեդրոնական կոմիտէս նաեւ անմիջական հաղորդակցութեան մէջ է Սուրիահայութեան օժանդակութեան համագաղութային մարմինին հետ ու իր պատրաստակամութիւնը յայտնած է մասնակցելու հանգանակային արշաւի մը, տեղահանուած քեսապցիներուն շտապ օժանդակութիւն հասցնելու նպատակով:

Մենք մեր աշխատանքները պիտի շարունակենք՝ վստահ ըլլալով, որ մեր կողքին պիտի ունենանք համայնքի ամբողջական զօրակցութիւնը:

ՀՅԴ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ

asbarez.com
24/03/2014

Տպել Տպել