ՀՅԴ Աւստրալիա. Աւստրալահայ Գաղութը Այս Տեղ է՝ Սուրիահայութեան Կողքին

Հաղորդագրութիւն

logoԽստօրէն կը դատապարտենք Սուրիոյ Հայաբնակ՝ Քեսապ շրջանի վրայ կատարուած անմարդկային եւ ահաբեկչական գործողութիւնները:

Ցեղասպանութեան 100 ամեակի սեմին Թուրքիոյ աջակցութեամբ կատարուած արարքները կու գան անքամ մը եւս հաստատելու արիւնարբու ազգին դարերէ ի վեր որդեգրած հակահայ քաղաքականութիւնը:

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը իր ուղեկից միութիւններով կու գայ կոչ ուղելու բոլոր պետութիւններուն, որոնք ազդեցութիւն ունին Սուրիոյ հակամարտութեան մէջ, գործածելու իրենց տրամադրելի բոլոր միջոցները՝ Քեսապի խաղաղ բնակչութեան դէմ այս յարձակումներուն վերջ դնելու եւ թոյլ տալու անոնց՝ ապահով եւ անվտանգ վերադառնալու իրենց տուները։

Գալիք օրերուն ՀՅԴ համագործակցաբար Հայ Դատի Գրասենեակի եւ գաղութիս մէջ գործող բոլոր կազմակերպութիւններու հետ պիտի անցնի գործնական քայլերու հարկ եղած նիւթաբարոյական օժանդակութիւնները հասցնելու մեր հայրենակիցներուն:

ՀՅԴ «Դրօ» Ա. Կոմիտէ
Սիտնի – Աւստրալիա

armenia.com.au

Տպել Տպել