Ակնարկ. Քեսապը՝ Թրքական Ահաբեկչութեան Եւ Ռուսական Ապատեղեկատուութեան Միջեւ

Kessab-agnarg-Քեսապի դէպքերուն առնչութեամբ կը թուի, որ տեղեկատուական պատերազմը Սուրիոյ մէջ իր գագաթնակէտին հասած է։ Խօսքը չի վերաբերիր միայն պատերազմի առաջին օրէն սկսեալ իշխանութիւն-ընդդիմութիւն դիրքեր գրաւել-վերագրաւել անվերջանալի հաստատուող-հերքուող (ապա)տեղեկութիւններու շղթային։

Մէկ կողմէ Անգարան քաղաքական անհեթեթութեան նմուշներ կը հրամցնէ ոչ միայն իր տարածքներէն դէպի Քեսապ թափանցման գործողութիւններուն նկատմամբ պիղատոսութիւն ցուցադրելով, այլ տարհանուած քեսապահայութիւնը «հիւրընկալ» Թուրքիա հրաւիրելով։ Պաշտօնական Անգարան կը յայտարարէր, որ Սուրիոյ ընդդիմադիրներուն կողմէ Քեսապի գրաւման մէջ Թուրքիոյ ուղղուած ամբաստանութիւնները անհիմն են։

Անգարայի այս դիրքորոշումը հերքելու համար նոյնինքն Թուրքիոյ մէջ եութիուպեան բացայայտումներ կ՛արձանագրուէին, թէ ինչպէ՞ս թրքական սահմանապահ զօրքերը հանգիստ անցք կը տրամադրէին զինեալ խմբաւորումներուն՝ անցնելու սուրիական սահմանը։ Աւելի՛ն. արտաքին գործոց նախարարին բանակի հրամանատարին եւ ծառայութեան պետին միջեւ հեռաձայնային գաղտնալսուած խօսակցութիւններու հրապարակումը պարզ կը դարձնէր, որ դէպի Սուրիա ներխուժման գործողութիւնները ծրագրաւորուած էին։ Եութիուպեան այս բացայայտումները գուցէ ներթրքական հարթութեան վրայ կարելի է դիտարկել վերջին շրջանին գործող վարչակարգի հեղինակազրկման միտող բացայայտումներու ընդհանուր ծիրին մէջ։ Ինքնակառավարման ընտրութիւնները եկան ընդգծելու, որ այդ բացայայտումները վճռորոշ ազդեցութեան չեն գործած ընտրազանգուածին դիրքորոշման վրայ։

Անգարայի իւրայատուկ այս «հիւրընկալութեան» յայտարարութիւնը նոր չէ. Սուրիոյ պատերազմի առաջին օրէն սկսեալ նման խաղաղասիրական բարի կամեցողութեան դրսեւորումներ ունեցան Անգարայի բարձրաստիճան դէմքերը յատկապէս սուրիահայութեան ուղղութեամբ։ Պատրուանքային տպաւորութիւն ստեղծող (իմիթացիոն) քարոզչաքաղաքական այս գործողութիւններուն համընթաց կը զարգանայ նաեւ թրքական տեղեկատուական համակարգը, որ քաղաքական անհեթեթութեան նշանաւոր օրինակներ կը տրամադրէ դիպաշարին հետեւողներուն։

Տեղեկատուական պատերազմը միակողմանի չէ սակայն։ Նոյն ուժգնութեամբ համարժէք գործողութիւններու ծաւալ կայ նաեւ ռուսական կողմէն։ Յատկապէս Քեսապի դէպքերուն առաջին օրէն սկսեալ ապատեղեկատուութեան ալիք բարձրացաւ, որուն տեղաշարժի աղբիւրները այս պարագային ռուսական ներշնչումներ ունէին։ Հայ տեղեկագիտութիւնը վերջերս համացանցի վրայ բացայայտեց նման իբրեւ թէ քեսապահայութեան դէմ գործադրուող ջարդերու, հաւաքական սպանութիւններու, գնդակահարումներու տեսերիզներու շարք մը։ Առաջադրանքը այս պարագային, ոչ անպայման հայկական գործօնը ներքաշելու կը վերաբերէր, որքան հանրային կարծիքը ցնցելու, թէ Արեւմուտքի օժանդակութեամբ եւ ՕԹԱՆ-ի անդամ Թուրքիոյ ուղղակի նախաձեռնութեամբ միջազգային ահաբեկչութիւնը ի՛նչ աւերներ կը գործէ Սուրիոյ մէջ։

Տեղեկատուական պատերազմի ալիքի մակընթացութեան այս մակարդակի նուաճումը կը բացատրուի այն իրականութեամբ, որ Քեսապը նախադուռն է ծովեզերեայ Սուրիոյ, որ գլխաւոր յենակէտն է գործող իշխանութեան եւ ռազմակայանը ռուսական ռազմանաւերուն։ Ուրեմն ռազմավարական կարեւորագոյն այս յենակէտի պահպանման կամ կորուստի նախապատերազմն է, որ առայժմ կը կիրարկուի տեղեկատուական հարթութեան վրայ։ Բայց տեղեկատուականը նախապատրաստութիւնն է այլ գործողութիւններու։ Չ՛ուշանար յստակացումը, թէ սուրիական զօրքերու շրջանին մէջ կուտակումը կը նախանշէ ծայրայեղականներու մաքրագործումի ընդհանուր արշաւը։ Բայց առաջադրուածը յայտնապէս աւելին է։ Պաշտօնական Մոսկուայի կողմէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի արտակարգ նիստ գումարելու առաջարկը աւելի պարզ կը դարձնէ Մոսկուայի վճռականութիւնը միջինարեւելեան իր կարեւորագոյն յենակէտը չզիջելու։

Աշխարհաքաղաքական այս մեծ օրակարգին տակ յայտնուած Քեսապի ուղղութեամբ արձանագրուող զարգացումներուն առընթեր հայկական գործօնը նուազագոյն վնասով դուրս գալու առաջնային խնդիրը կը դիմագրաւէ։

Անգարան մէկ կողմէ ծայրայեղականներու ձեռամբ կը սանձազերծէ յարձակում Քեսապի դէմ եւ ապա տարհանուած քեսապահայութիւնը Թուրքիա կը հրաւիրէ, մինչ Մոսկուան տեղեկատուական պատերազմի թէժացում կը կազմակերպէ աշխարհին ցոյց տալու համար, որ քրիստոնեայ հայեր Քեսապի մէջ ջարդի եւ բռնութեան կ՛ենթարկուին եւ որուն համար ՄԱԿ-ի արտակարգ նիստ հնարաւոր է ։

Քեսապը այսօր կը ներկայացնէ աշխարհաքաղաքական տարողութիւն։ Յայտնուած իբրեւ կարեւոր հանգոյց՝ տարածաշրջանային մակարդակի վրայ արձանագրուող գործընթացներու։ Առանց ներքաշուելու ռուսական ապատեղեկատուութեան դաշտ, հայկական կողմը բոլոր պատճառները ունի Անգարայի դերակատարութեան բացայայտման քարոզչաքաղաքական աշխատանքները ծաւալելու։

«Ա.»

Տպել Տպել