Կացութիւնը լուրջ է եւ լրջութիւն կը պահանջէ. կը մնայ լրջանալ


Աւելի քան երկու տասնամեակ կ՛ըլլայ արդէն, որ աշխարհը կորսնցուցած է Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք իրականացած հաւասարակշռութիւնը եւ կը փնտռէ նորը. ցարդ չէ յաջողած զայն գտնել, որուն պատճառով առօրեայ դրութեամբ կը վտանգուի երկրագունդի զգայուն կէտերու շրջանային խաղաղութիւնը, իսկ յաճախ` միջազգային խաղաղութիւնը:

Խորհրդային Միութեան ինքնահաշուեյարդարով թեւ առաւ տնտեսական գերազատականութիւնը, որ աշխարհի երեսին շնչող իւրաքանչիւր էակին խոստացաւ տնտեսական բարգաւաճում ու բարօրութիւն` հաւատալով բոլորովին ազատ շուկայի հրաշագործ յատկութիւններուն: Այսօր, երկու տասնամեակներու փորձառութենէ ետք, փորձի ձախողութիւնը ակնբախ է: Ոչ միայն ատենին «զարգացող» (իմա` յետամնաց) երկիրները աւելի աղքատ են, քան` ժամանակին, այլ` ատենին արդէն զարգացած պետութիւններ հասած են սնանկութեան սեմին: Ունեւորի եւ աղքատի միջեւ վիհը լայնցած ու խորացած է, ինչ որ դուռը լայն բացած է ծայրայեղական` ազգայնամոլ, կրօնամոլ ու ցեղապաշտ շարժումներուն առջեւ. վերջին ժամանակաշրջանին անոնք ամէնուրեք հսկայական յառաջխաղացք արձանագրած են: Դեռ մօտաւոր անցեալին մարդկութիւնը ճաշակած է ծայրայեղական գաղափարաբանութիւններու արձակած թոյնն ու անոր հետեւանքները: Իսկ ներկայիս` Հանիպալը դրան առջեւ է. արեան հոտը սկսած է տարածուիլ:

Հայութիւնը ի վիճակի՞ է դիմագրաւելու պատրաստութեան վերջին փուլին հասած ուժեղ ցնցումը: Արդարեւ, ո՞ւր կը գտնուի այսօր հայութիւնը միջազգային այս խառնիճաղանճին մէջ: Դեռ կը գործէ՞ արդեօք ինքնապահպանման հաւաքական բնազդը, որ զինք նոյնիսկ անգիտակցաբար կրնայ պաշտպանել հորիզոնին վրայ արդէն երեւցող փոթորիկէն եւ հուրէն: Ամէն ինչ ցոյց կու տայ, որ հակառակ վերջին երկու դարերու ընթացքին ձեռք բերուած քաղաքական փորձառութեան, կը յամենանք տակաւին նստիլ սկսնակներուն յատուկ նստարաններուն վրայ:

Կասկածէ վեր է անշուշտ, որ հայութիւնը իր վերջին երկու դարերու պատմութեան ընթացքին այնքան ուժեղ չէ եղած, որքան` այսօր: Շատ մանրամասնելու պէտք չկայ ատիկա տեսնելու համար. կայ անկախ պետութիւն` իր բանակով մէկտեղ. ցնցոտիներու եւ խլեակներու գաղթականութիւնը շատոնց անցած է պատմութեան. նիւթական, մտաւոր ու մշակութային կարողականութիւնը անհամեմատ բարձրացած է:

Միաժամանակ սակայն անհամեմատ բարձրացած է նաեւ հայութեան մեռելաթաղերու` Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կարողականութիւնը. շատ աւելի` քան հայութեան կարողականութիւնը: Ազրպէյճանը իր աստուածատուր տնտեսական ունակութեամբ սկսած է կարեւոր դեր խաղալ կովկասեան շրջանային քաղաքականութեան մէջ. գիտենք, որ ուժեղ տնտեսութեան տէր եղողը կրնայ ուշ կամ կանուխ օժտուիլ նաեւ հասարակական զարգացման այլ ստորոգելիներով:

Թուրքիա 20-րդ դարու սկզբնաւորութեան միջազգային քաղաքական ընտանիքին կողմէ արհամարհուած Արեւելքի «հիւանդ մարդ»-ը չէ, այլ` Միջին Արեւելքի ամէնէն կայացած պետութիւնը եւ նախապէս զինք արհամարհող քաղաքական ուժեղ Արեւմուտքի ուժեղ ու յարգուած դաշնակիցը:

Միւս կողմէն, ներկայի միջազգային չափազանց անբարենպաստ պայմաններուն մէջ հայութիւնը կը դիմագրաւէ լուրջ կացութիւններ: Իրմէ անկախ ու ծանօթ պատճառներով Միջին Արեւելքի հայկական բոլոր գաղութները կը մաշին, կը հալին, կը փոքրանան. անոնք սփիւռքահայութեան հայկականութեան պահպանման ողնասիւնը հանդիսացած են, երբ հայրենիքը այլ ոչխարներ կերակրելով զբաղած էր: Իսկ հայոց պետականութիւնը իր իշխանութեամբ եւ ժողովուրդով կ՛ապրի լուռ տագնապ մը, որ յատուկ է հիասթափուած, այդ հիասթափութեան պատճառներուն համակերպած, այդ համակերպման պատճառով ամլացած ու դանդաղ քայլերով դէպի ինքնալուծարում առաջնորդուող հասարակութիւններու. տօնակատարութիւն ու շքանշաններ` ֆանֆարներով ու կաթողիկոսներով, ինչպէս մօտաւորապէս պիտի ըսէր Կոստան Զարեան. փայլուն կեղեւով, ներսը` իր սնուցած որդերէն պարպուող սալոր. անշուշտ գոյ է տակաւին առողջ կորիզը, որ միակ յոյսն է շրջադարձի:

Այդ կորիզը նախ ինք գիտակից պէտք է դառնայ առկայ անմիջական վտանգներուն, որոնք կը սպառնան ո՛չ միայն պետութեան, այլեւ` ազգի ֆիզիքական գոյութեան: Վտանգի գիտակցութիւնը իրեն հետ կը բերէ լուծումներու ծրագիր, առաջնահերթութիւններու դասակարգում, անիմաստ կամ երկրորդական հարցերու հետապնդման գէթ առժամեայ վերջակէտ, անտեղի ու անվերջանալի վէճերու աւարտ: Այդ գիտակցութիւնը ինքնաբերաբար կը փոխանցուի հայկական ընդհանուր հասարակութեան` կազմելու համար համահայկական բռունցք, որուն անհրաժեշտութիւնը կրկին կը զգացուի մեր օրերուն:

Կացութիւնը լուրջ է եւ լրջութիւն կը պահանջէ. կը մնայ լրջանալ:


ՄԿՐՏԻՉ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ (ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ)
«ԱԶԴԱԿ»

Տպել Տպել