Կոչ

three-logos-1024x335Վերջին օրերուն Քեսապի եւ քեսապահայութեան հարցով բաւական մեծ թափ ստացած է ապատեղեկատուութիւնը, որուն իբրեւ արդիւնք` անհիմն եւ անճիշդ լրատուութիւններ շրջանառութեան մէջ դրուած են տարբեր լրատուամիջոցներու կողմէ:

Այս շարքին վերջինը կը հանդիսանայ իրականութեան չհամապատասխանող այն լուրը, թէ 1500 հայ զինեալներ Հայաստանի Հանրապետութենէն, Արցախէն եւ Լիբանանէն հասած են Թարթուսի նաւահանգիստ` այնտեղէն մեկնելու համար Քեսապ:

Լիբանանահայ քաղաքական երեք կուսակցութիւնները հիմնովին կը հերքեն այս ապատեղեկատուութիւնը, որ ամէն պարագայի վնասաբեր հետեւանքներ կ՛ունենայ: Կուսակցութիւնները կը վերահաստատեն տեղական եւ շրջանային հարցերուն մէջ հայութեան որդեգրած` հարցերը խաղաղ միջոցներով լուծելու վարքագիծը:

Լիբանանահայ քաղաքական երեք կուսակցութիւնները բոլոր լրատուամիջոցներուն կոչ կ՛ուղղեն միայն ստոյգ եւ իրականութեան համապատասխանող լուրեր հաղորդելու, մերժելով անհիմն եւ յերիւրածոյ նիւթերը:

Մենք վստահ ենք, որ մեր ժողովուրդը, գիտակից հայութեան քաղաքական վարքագիծին, հաւատք չ՛ընծայեր նման սուտ լուրերու եւ որեւէ ձեւով չի նպաստեր ապատեղեկատուութեան քաղաքականութեան տարածման:

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
ՍՈՑԻԱԼ ԴԵՄՈԿՐԱՏ ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

aztagdaily.com

Տպել Տպել