ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Ընդունեց Ղովմի Կուսակցութեան Մէկ Պատուիրակութիւնը

logoՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ընկերներ Յակոբ Խաչերեան, Աւետիս Կիտանեան եւ Մելիք Գարագաւորեան երէկ «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեցին Ղովմի կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը, զոր կը գլխաւորէր կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Ասաատ Հարտան եւ որուն մաս կը կազմէին կուսակցութեան քաղաքական գրասենեակի նախագահ, նախկին նախարար Ալի Քանսօ, նախկին երեսփոխան Ղասսան Աշքար եւ Հիւսիսային Լեռնալիբանանի քաղաքական ներկայացուցիչ Նեժիպ Խնայսեր:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները, երկրին քաղաքական, ապահովական, ինչպէս նաեւ ընկերային եւ տնտեսական զարգացումները` շեշտելով անոնց յարմար լուծումներ գտնելու կարեւորութիւնը:

Հանդիպումին ընթացքին ընդգծուեցաւ երկու կուսակցութիւններուն միջեւ խորհրդակցութեան եւ համակարգումին կարեւորութիւնը, յատկապէս այն հարցերուն մասին, որոնք երկու կողմերուն համար կարեւոր են:

aztagdaily.com
10/04/2014

Տպել Տպել