Եթէ Թուրքիոյ վարչապետը իր ցաւակցութիւնները կ’ուզէ յայտնել՝ նախ եւ առաջ պէտք է ընդունի, որ Հայկական Ցեղասպանութիւն իրագործուած է Թուրքիոյ կողմէ

Թուրքիոյ վարչապետ Րեճէփ Թայյիփ Էրտողանի պատգամը հայ ժողովուրդին Հայկական Ցեղասպանութեան 99-րդ տարելիցին նախօրէին ոչինչ է, քան՝ յատկապէս Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի շեմին, Թուրքիոյ ուրացման քաղաքականութեան նոր ձեւ մը, ըլլալով միջազգային ճնշման տակ՝ ճանչնալու եւ հաշտուելու իր անցեալին հետ: Թէեւ աննախընթաց, սակայն միշտ նպատակ ունենալով՝ խանգարել միջազգային ճանաչումն ու դատապարտումը՝ Թուրքիոյ կողմէ հայերուն դէմ գործած ջարդերուն, սկիզբ առած Ապրիլ 24, 1915-ին: Անգամ մը եւս նշելով «1915 թուականի իրադարձութիւնները գիտական մօտեցումով հետազօտելու համար պատմաբաններու միացեալ յանձնաժողով կազմելու կոչ»ը՝ Էրտողան կը մոռնայ, որ անկախ գիտնականներ եւ ակադեմականներ այդ «իրադարձութիւնները» արդէն Ցեղասպանութիւն որակած են:գասպար

Հայութեան բնաջնջումը դնելով Օսմանեան կայսրութեան կորուստներու ընդհանուր պարունակին մէջ, հաւասարեցնելով զոհին եւ ոճրագործին կորուստները, եւ ցաւակցութիւն մաղթելով կորուսեալներու թոռնիկներուն, Էրտողան խաղաղութիւն բերելու փոխարէն՝ անոնց յիշատակը կ’անարգէ: Հայութեան ջարդը իր պատմական հողերուն վրայ տեղի ունեցաւ, նոյնիսկ Օսմանեան կայսրութեան փլուզումէն ետք, պետական ծրագրումով եւ բծախնդիր գործադրումով: Եթէ Թուրքիոյ վարչապետը իր ցաւակցութիւնները կ’ուզէ յայտնել՝ նախ եւ առաջ ան պէտք է ընդունի, որ Հայկական Ցեղասպանութիւն իրագործուած է Թուրքիոյ կողմէ:logo

«Երկու ժողովուրդներուն միջեւ, հայերուն եւ թուրքերուն միջեւ, իսկական հաշտութիւն եւ խաղաղութիւն չի կրնար տեղի ունենալ, բացի եթէ Թուրքիա ընդունի իր ցեղասպան անցեալը, դատապարտէ, եւ հողային ու նիւթական հատուցումները կատարէ հայ ժողովուրդին հանդէպ: Մնացեալը պարզ խօսքեր են, եւ Հայկական Ցեղասպանութեան Թուրքիոյ կողմէ ուրացման քաղաքականութեան շարունակութիւն», ըսաւ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան եւ եզրափակեց ըսելով՝ «այնքան ատեն, որ երկիր մը իր անցեալը չի վերանայիր, իր ոճիրը չի ճանչնար, եւ չի կրեր իր պատասխանատուութիւնը, միշտ հաւանական է, որ այս կամ այն ձեւով պիտի կրկնէ այդ ոճիրը: Ուստի, Թուրքիոյ կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը, եւ հատուցումը՝ Հայաստանի եւ ընդհանրապէս հայութեան համար ապահովութեան հարց է»:

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի գրասենեակ

Տպել Տպել